Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանի Իշխանութիւնները Որդեգրած Են Հայաստանը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ամբողջական Ազդեցութեան Տակ Մտցնելու Քաղաքական Ուղղութիւնը»

September 11, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ «անկախ հայկական պետականութիւն» հասկացութիւնը չկայ: Եթէ պիտի ըլլայ ինչ-որ հայկական պետականութիւն Թուրքիոյ դրացնութեամբ, ապա Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեամբ` ատիկա կ՛ենթադրէ իրմէ կախուածութիւն: Իսկ այն ուղղութիւնը, որ մեր իշխանութիւնները որդեգրած են, ճիշդ այդ է` Հայաստանը դարձնել Թուրքիայէն կախուած, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ամբողջական ազդեցութեան տակ, եւ ամբողջովին կորսնցնել ինքնիշխանութիւնը, անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեան որդեգրած արտաքին քաղաքական գիծին երէկ` 10 սեպտեմբերին «Փաստարկ» ակումբին մէջ հրաւիրած ասուլիսին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Իր ըսածին իբրեւ հիմնաւորում` ան ներկայացուց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայփ Էրտողանի անփոփոխ դիրքորոշումին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատասխան յայտարարութեան ակնառու տարբերութիւնը:

«Էրտողանը կը խօսի նախապայմաններու մասին, Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ` Թուրքիայէն դրական ազդակներ կան: Ասիկա չափազանց վտանգաւոր է մեր պետութեան եւ պետականութեան համար, եւ մենք բաւական ծանր փորձութիւններու եւ մարտահրաւէրներու առջեւ ենք», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան:

Ան շեշտեց, որ ինչպէս 9 նոյեմբերի, այնպէս ալ այս տարուան 11 յունուարի յայտարարութիւններուն մէջ շատ կէտեր կան, որոնք կեանքի չեն կոչուած:

«Ռուսական ներկայութիւնը Արցախի` Ազրպէյճանի գրաւած տարածքներուն մէջ ընդամէնը ամրագրուած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ: Բայց խնդիր կայ, որ առնուազն ստորագրուի երկկողմանի պայմանագիր` Ռուսիա-Ազրպէյճան, որպէսզի շատ աւելի մանրամասն ամրագրեն, որ այդ խաղաղապահ ուժերը ի՛նչ լիազօրութիւններ ունին: Ռուսիան կ՛ուզէ, որ նման պայմանագիր ստորագրուի, Ազրպէյճանը կը խուսափի, որ նման պայմանագիր ստորագրուի», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

«Այն, որ Ռուսիան կրցաւ աշխուժանալ եւ համոզել պատերազմը դադրեցնել այնպէս, ինչպէս դադրեցաւ, այսինքն` խաղաղապահ ուժեր բերելով, ատիկա կը նշանակէ, որ Ռուսիան համաձայն չէ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուի «Արցախը Ազրպէյճանի մաս է» ձեւով: Ռուսիան կը փորձէ առանց առճակատման այդ հարցը լուծել», նշեց Կիրօ Մանոյեան:

ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին:

«Թուրքիան այդ ամէնը շատ սուղ ծախեց Ազրպէյճանին: Ազրպէյճանը այդքան ալ գոհ չէ, որ Թուրքիան այս ծաւալով մտած է իր առօրեային մէջ` ո՛չ միայն ռազմական օգնութիւն, ներկայութիւն, այլեւ, փաստօրէն, թելադրող ըլլալու ցանկութիւն եւ փորձեր, որոնք դժգոհութիւն կը  պատճառեն Ալիեւին: Այս ամէնը մէկ կողմ, այստեղ կարեւորը այն է, թէ մենք ի՛նչ պիտի ընենք: Մեր պահուածքով` մենք, բացի ամէն ինչ` ինքնիշխանութիւն, տարածք յանձնելէ ալ ոչինչ կրնանք ընել: Վրաստանը մեր աչքին առջեւ օրինակ է. Թուրքիան ամբողջութեամբ կը վերահսկէ Վրաստանին», նշեց Կիրօ Մանոյեան:

 

 

Նախորդը

Այնճարը Համահայկական Արժէք Է, Եւ Անոր Հայեցի Դիմագիծի Պահպանումը` Առաջնահերթութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Նոր Կառավարութիւնը Ծնունդ Առաւ 13 Ամսուան Տառապալից Երկունքէ Ետք. Վարչապետ Միքաթի Կը Խոստանայ Ամէն Ջանք Ի Գործ Դնել` Լուծելու Համար Երկրին Տագնապները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.