Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Հետ Կապուած Տեղի Կ՛ունենան Ապօրինութիւններ»

September 10, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 9 սեպտեմբերին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները այցելած են «Քանաքեռ-Զէյթուն» բժշկական կեդրոն` Արմէն Չարչեանի հետ տեսակցելու:

Նախանցեալ օր փրոֆեսէօր Չարչեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած էր, ան կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ:

Հիւանդանոցին առջեւ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Շատ յստակ, հիմնաւոր փաստերով ե՛ւ փաստաբանները, ե՛ւ բժիշկները ըսած են, որ փրոֆեսէօրին առողջական վիճակը անհամատեղելի է ընտրուած խափանման միջոցի` կալանաւորման հետ: Ասիկա պարզապէս այսօրուան քաղաքական իշխանութեան կողմէ խոշտանգում է, քաղաքական պատուէրով հետապնդում է ո՛չ միայն պրն. Չարչեանին, այլ նաեւ մեր խմբակցութեան միւս պատգամաւորներուն ու նաեւ բազմաթիւ անհատներու, աջակիցներու նկատմամբ», ըսաւ ան:

Իշխան Սաղաթէլեան արձանագրեց, որ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն 10 առ հարիւրը այսօր ձերբակալուած է տարբեր կեղծ, շինծու մեղադրանքներով, այդ կարգին նաեւ Սահմանադրութեան կոպիտ եւ ակնյայտ ոտնահարումով:

«Յառաջիկային կը սպասուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, եւ այսօրուան իշխանութիւնը համատարած կերպով մեր հաւանական թեկնածուներուն նկատմամբ կ՛իրականացնէ բռնաճնշումներ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Կը շարունակուին հետապնդումները համայնքներու ղեկավարներուն նկատմամբ, կը շարունակուին ճնշումները, որպէսզի գործող, հեղինակութիւն ունեցող համայնքապետները հրաժարական տան, որպէսզի իրենց թեկնածուները նշանակեն ժամանակաւոր պաշտօնակատար, եւ այդ ուղղութեամբ փորձեն տեղական ընտրութիւններուն հասնիլ յաջողութեան: Որովհետեւ ակնյայտ է, որ հեղինակութիւն ունեցող շատ մարդիկ կը խուսափին Քաղաքացիական պայմանագիրի ցուցակով առաջադրուիլ, այդ մարդոց տարբեր մեղադրանքներով կը մեկուսացնեն, որպէսզի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն եւս կարենան յաջողութեան հասնիլ: Այս է այսօրուան իշխանութիւնը, եւ ինչ որ կը կատարուի մեր երկրին մէջ, մենք անոր հետ չենք կրնար համակերպիլ», նշեց ան:

Իշխան Սաղաթէլեանը հաստատեց, որ Գորիսի մէջ երկու կուսակցութիւն դաշինք կազմած են եւ «Առուշանեան» դաշինքով պիտի մասնակցին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, ՀՅԴ-ն պիտի պաշտպանէ Առուշ Առուշանեանի թեկնածութիւնը:

Ան ըսաւ, որ տարբեր համայնքներու մէջ ունին տարբեր մօտեցումներ` տեղեր կան, որ հանդէս պիտի գան դաշինքով, տեղեր կան` առանձին.  բազմաթիւ համայնքներու մէջ Դաշնակցութիւնը հանդէս պիտի գայ առանձին իր համամասնական ցուցակով:

Ան փաստեց, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ կապուած տեղի կ՛ունենան ակնյայտ ապօրինութիւններ, որոնց իրենք յառաջիկային պիտի անդրադառնան:

Իշխան Սաղաթէլեան նաեւ տեղեկացուց, որ իրենք շարք մը դեսպանատուներու, այդ կարգին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու նամակով` դաշինքին անունով տեղեկացուցած են, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ այս օրերուն:

 

Նախորդը

Արշակ Կարապետեան Ընդունեց Արցախի Մէջ Ռուսիոյ Խաղաղապահ Ուժերու Նոր Հրամանատարը

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքացիներու Իրաւունքներու Պաշտպաններն Ու Քաղաքացիները Ստորացնողները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.