Երէկ` երեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին Ազրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուեցան Հայաստանի երկու քաղաքացիներ: Անոնց փոխարէն ազրպէյճանական կողմին փոխանցուեցաւ Արցախի մէջ կալանաւորուած ազրպէյճանցի զինուոր Ճամիլ Պապայեւը, որ 25 օգոստոսին ապօրինաբար հատեց սահմանը եւ մտաւ Արցախի Մարտակերտի շրջանի տուներէն մէկը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն:
Գերիներու Հայաստան վերադարձը իրականացաւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ:
Վերադարձուած 2 քաղաքացիները 14 յուլիսին Սեւ լիճի տարածքէն անհետացած Հայաստանի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած Հայաստանի բանակի N զօրամասի զինուորներ Արթուր Նալբանդեանն ու Արամայիս Տոռոզեանն են: