Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 7 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Քննարկուեցան արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ երկու պետութիւններու համագործակցութեան, շրջանային գործընթացներուն ու ազրպէյճանական-արցախեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին փոխադարձ գործակցութեան շարունակական ընդլայնումն ու խորացումը, հայկական երկու հանրապետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու համագործակցութեան բարձր մակարդակի պահպանումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ պարբերաբար քննարկումներու կազմակերպումը: