Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտէի՞ր, թէ մեր սմարթֆոն հեռաձայնները կազմուած են նուազագոյնը 70 տարբեր նիւթերէ, ինչպէս` կերպընկալ, պղինձ, ապակի… սակայն նաեւ` քոպալթ, ոսկի, լիթիոմ, բնածուխ… եւ ուրիշ մետաղեայ տարրեր, որոնք կը կոչուին «հազուագիւտ հողեր»: Ի՞նչ բանէ կազմուած է այս տարրը:
***
Սմարթֆոնի մը մէջ կան 40 – 50 տարբեր մետաղի տեսակներ: Անոնց մէջէն 17 հատը ունին մասնաւոր յատկութիւններ. այս նիւթերը կը կոչուին «հազուագիւտ հողեր»: Նման մետաղներ գոյութիւն ունին մոլորակին չորս կողմերը, եւ հետեւաբար անոնք իսկապէս «հազուագիւտ» չեն. սակայն զանոնք հողէն կորզելը շատ մեծ ծախսի կը կարօտի: Մէկ կրամ հազուագիւտ հող ստանալու համար պէտք է մաքրել թոներով եւ թոներով ժայռեր: Այս ձեւով, 1 քիլօ լութեսիոմ ստանալու համար պէտք է մաքրել 200 թոն (200 հազար քիլօ) ժայռ:
***
Թոներով այս քարերուն տրորումին կողքին, այս աշխատանքներուն համար կը գործածուին շատ զօրաւոր քիմիական նիւթեր: Հոլովոյթը երկար է, կրկնողական, մինչեւ ստացուի գրեթէ հարիւր առ հարիւր մաքուր նիւթը: Այս բոլոր աշխատանքները օդը կ՛ապականեն, ջուրերը կը թունաւորեն, կը վարակեն հողերը եւ առողջապահական մեծ վնասներ կը հասցնեն հանքերուն մօտ ապրող անձերուն:
Չինաստանի մէջ է, որ յատկապէս տեղի կ՛ունենան հանքարդիւնաբերութեան աշխատանքներուն մեծ մասը: Այս երկիրը մինակը կը հայթայթէ աշխարհի արտադրութեան 70 առ հարիւրը:
***
Հաւանաբար լսած էք քոպալթին մասին: Այս «կապոյտ մետաղը» բաղադրիչ անհրաժեշտ նիւթ մը դարձած է: Առանց անոր` կարելի չէ ունենալ բջիջային հեռաձայններու պաթըրիները:
Քոպալթը աշխարհի վրայ շատ տարածուած նիւթ մը չէ. մոլորակին վրայ գոյութիւն ունեցող պահեստներուն երկու երրորդը կը գտնուի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ: Չինաստանն է, որ կը զբաղի աշխարհի ընդհանուր արտադրութեան զտումի աշխատանքներուն 80 առ հարիւրով:
Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան քոպալթի մէկ հինգերորդը կու գայ արհեստական ձեւով շինուած հանքերէ, ապահովութեան ո՛չ մէկ օրէնքներ յարգող փորուած վայրերէ: Նման վայրերու մէջ յաճախակի են արկածները: Ըստ Ամնեսթի ինթըրնաշընըլ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութեան, Քոնկոյի հարաւի այդ հանքերուն մէջ կ՛աշխատին 40 հազար մանուկներ` առողջապահական շատ վատ պայմաններու մէջ:
***
Ինչպէս կը տեսնենք, կերպընկալէ, մետաղներէ եւ հազուագիւտ հանքային նիւթերէ շինուած այս ընթացիկ առարկան` սմարթֆոնը, ունի արդէն ծանր պատմութիւն մը… մօտաւորապէս 2 – 3 տարի տեւող գործածութեան ժամանակի մը համար:
Հետեւաբար այս վատնումը սահմանափակելու համար նախընտրելի է այս գործիքին գործածութեան ժամանակաշրջանը երկարաձգել, նախընտրելով, գործիքը փոխելու պարագային, գնել գործածուած եւ նորոգուած հեռաձայն մը, միշտ նոր մը գնելու փոխարէն…
Գիտէի՞ր, Թէ
Ողիմպիական
Խաղերուն Մասին
Այս շաբաթավերջին ամբողջովին վերջ կը գտնեն Թոքիօ 2020-ի Ողիմպիական խաղերը: Իրենց երկար կեանքին ընթացքին այս խաղերը ունեցած են շատ հարուստ պատմութիւն: Ահա` քանի մը տեղեկութիւններ անոնց մասին:
– Գիտէի՞ր, թէ հին Ողիմպիական խաղերուն մէջ ո՛չ մէկ խմբային մարզաձեւեր գոյութիւն ունէին: Այդ առաջին ախոյեանութիւնները կը ներփակէին` ձիերու մրցում, վազքի մրցումներ, փենթաթլոն (հինգ տարբեր մարզաձեւերու հաւաքական մրցում), կռփամարտ եւ ըմբշամարտ:
– ՔԵ 393 թուականին Թէօտոսիուս Ա. կայսրը կ՛արգիլէ Ողիմպիական խաղերը: Ողիմպոս լերան վրայ խոտեր կը բուսնին եւ ագարակներ կը շինուին: Եւ ողիմպիական խաղավայրերուն աւերակները կը գտնուին դարեր ետք, 1776 թուականին:
– Հաշմանդամներու յատուկ փարաողիմպիական խաղերը առաջին անգամ տեղի ունեցան 1960-ին, Հռոմի մէջ, Իտալիա, Ողիմպիական խաղերէն անմիջապէս ետք: 23 տարբեր երկիրներէ 400 մարզիկներ մասնակցեցան այդ խաղերուն:
– Կիները առաջին անգամ ըլլալով կրցան Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած Փարիզի 1900-ի Ողիմպիական խաղերուն: Անոնք մասնակցեցան թենիսի, նաւարկութեան, քրոքեթի, ձիավարութեան եւ կոլֆի մրցումներուն:
– 14 – 18 տարեկան մարզիկներու յատուկ` պատանիներու Ողիմպիական խաղերը առաջին անգամ կազմակերպուեցան Սինկափուրի մէջ, 2010 թուականին:
– 1912 – 1948 Ողիմպիական խաղերուն մաս կը կազմէին գեղարուեստական մարզեր, նաեւ ճարտարապետութիւն, գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն եւ երաժշտութիւն:
– Ողիմպիական խաղերուն արգիլուած են մեքենաներով բոլոր մարզաձեւերը:
– Աշխարհի ոսկի մետալի արժանացած ամէնէն երէց մարզիկը եղած է շուէտացի Օսքար Սուան: Ան իր առաջին ոսկի մետալին արժանացած է 1912-ի Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, 64 տարեկան եւ 257 օրուան տարիքին, նշանառութեան մրցումին: Ան իր առաջին ոսկի մետալին արժանացած էր 1908-ի խաղերուն: Ան խաղերուն իր վերջին մասնակցութիւնը բերաւ 1920-ին` իր մարզական ասպարէզին վերջ դնելով 3 ոսկի, 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներու արժանանալով:
Հետաքրքրական
Ոսկի Արժող Փետուրներ
Գիտէի՞ր, թէ Եւրոպայի հիւսիսը, Իսլանտայի փոքրիկ կղզիներէն մէկուն վրայ, ամէն ամառ 400 ագարակապաններ յատուկ հունձք մը կը հաւաքեն: Աւազին վրայ, կամ բարձր խոտերուն մէջ անոնք կը հաւաքեն պզտիկ մոխրագոյն փետուրներ:
Անոնք յատուկ բեւեռային բադի մը փետուրներն են: Թռչունին էգը բոյնը կը պատէ այդ փետուրներով` իր հաւկիթները ցուրտէն պաշտպանելու համար: Այս շատ թեթեւ եւ շատ տաք պահող աղուամազի նման փետուրը դարերէ ի վեր կը գործածուի աշխարհի ամէնէն լաւ վերմակները շինելու համար:
Փետուրները պէտք է չորցուին եւ ձեռքով մաքրուին: Այս աշխատանքը երկար ժամանակի կը կարօտի, եւ այս պատճառով ալ այս հազուագիւտ փետուրներուն գինը շատ բարձր է. 800 կրամ փետուրը կ՛արժէ աւելի քան 5000 տոլար:
Ժամանց