Երէկ` չորեքշաբթի, 25 օգոստոսին, երկրորդ օրն ըլլալով Ազգային ժողովին մէջ կիրքերը չհանդարտեցան:
Նիստերու դահլիճին մէջ կացութիւնը լարուեցաւ, երբ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեան իր խօսքին մէջ ամպիոնէն դաւաճաններ անուանեց «բոլոր ժամանակներու պաշտպանութեան այն նախարարները, որոնց օրով հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ կամ դրամով բանակէն մարդիկ ազատ կացուցուած են»:
Օրուան երկրորդ վէճը «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեանի եւ իշխանական պատգամաւորներուն միջեւ էր: Հայհոյանքներ հնչեցին, քաշքշուք կատարուեցաւ, ու կրկին դադար յայտարարուեցաւ:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարեց, որ Ազգային ժողովին մէջ 25 օգոստոսին տեղի ունեցած դէպքերը քննութեան առարկայ պիտի դառնան:



