Հայաստան ողջունեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութիւնը եւ պատրաստակամ է սատարելու անոր` կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչման` «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականին Հաաքայի ուխտին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան` պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը այն մասին` իբր թէ Հայաստան դէմ է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան:
Յունանեան նշեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ իրականացման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ հետեւանք ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման վերահաս վտանգէ պաշտպանելու համար:
«Թէ՛ պատերազմական գործողութիւններուն ընթացքին, թէ՛ հրադադարի հաստատումէն ետք բազմաթիւ են ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ հայկական եկեղեցիներու, մշակութային եւ կրօնական այլ յուշարձաններու միտումնաւոր ոչնչացման եւ վանտալիզմի փաստագրուած դէպքերը: Աւելին` Արցախի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու ֆիզիքական ոչնչացման զուգահեռ, ականատես կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հրահանգով իրականացուող պատմական փաստերու կեղծման, հայկական յուշարձաններու ինքնութեան եւ պատկանելիութեան խեղաթիւրման, ճարտարապետական տեսքի փոփոխման անընդունելի դէպքերու», յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարը:
Վ. Յունանեան նշեց, որ մշակութային յանցագործութիւնները ծածկելու նպատակով է, որ Ազրպէյճան մնայուն կերպով կը խոչընդոտէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներուն այցելութիւնը` միաժամանակ կազմակերպութիւնը մեղադրելով կողմնակալութեան մէջ: Ընդգծելով, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առաքելութեան իրականացման համար խոչընդոտներ ստեղծելու եւ հարցը քաղաքականացնելու սովորութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ տակաւին դեկտեմբեր 2020-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնի` մշակութային հարցերով տեղակալը յայտարարեց, որ Ազրպէյճան համաձայնութիւն չի տար առաքելութեան գործուղման:
«Արցախի վտանգուած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը միջազգային ուշադրութեան հրատապ կարիքը ունի` պատշաճ կերպով պահպանելու եւ վանտալիզմի դէպքերը կանխելու համար: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացումն ու պատմամշակութային ժառանգութեան համապարփակ ուսումնասիրութիւնը կը նպաստէ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած ջանքերուն եւ հաւանական բացասական զարգացումներու կանխարգելման», նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարը:
Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմը շահագրգռուած է առաքելութեան` կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ իրականացմամբ եւ կը շարունակէ նպատակաուղղուած ջանքեր գործադրել այս գծով:
Յայտնեք, որ Իլհամ Ալիեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն քննադատեց Ազրպէյճանի հանդէպ անուշադիր ու կողմնակալ վերաբերմունքին համար:
«Մենք, կարելի է ըսել, 30 տարի է` անոնց կը սպասենք, ժամանակին խնդրած ենք, որ գան ու արձանագրեն հայերուն հասցուցած վնասը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչները, սակայն, կը յայտարարեն, թէ կառոյցը քաղաքական հարցերու չի միջամտեր: Պատերազմէն ետք, մինչդեռ, մենք ազդանշաններ ստացանք, որ անոնք կ՛ուզեն գալ: Ի հարկէ, զարմացանք, բայց` համաձայնեցանք: Եւ, որքան ես գիտեմ, առաքելութիւնը արդէն ստեղծուած է, սակայն հիմա Հայաստան դէմ է, այդ իսկ պատճառով անոնց այցելութիւնը կրկին կը յետաձգուի», յայտնեց Ալիեւ:



