Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանօթ Էք «Անոնիմաուս» Արուեստագէտներու Խմբակին

Օգոստոս 14, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Դուք հաւանաբար ծանօթ էք «Անոնիմաուս» հաքըրներու նշանաւոր խմբակին` իրենց յատուկ դիմակով: Սակայն «Անոնիմաուս» խմբակը ո՛չ մէկ կապ ունի համակարգիչներու այդ մասնագէտներուն հետ: «Անոնիմաուս» խմբակին անդամները կը զբաղին իւրայատուկ մարզով մը: Անոնց մասնագիտութիւնն է ստեղծել… մանր «մկնիկներու» խանութներ` Եւրոպայի քաղաքներուն մէջ:

***

Այս խանութներէն առաջինը «Իւ թոփփոլինս» ճաշարանն էր, որ յայտնուեցաւ Մալմօ շուէտական քաղաքի թաղերէն մէկուն մէջ, 2016-ի դեկտեմբերին: Անոր կից կը գտնուի նաեւ «Նուա տը վի» կազիններու խանութը: Քանի մը ամիս ետք փոքր խաղավայր մը յայտնուեցաւ ուրիշ թաղամասի մը անկիւնը:

«Անոնիմաուս» խմբակի անդամ արուեստագէտները չսահմանափակեցին իրենց աշխատանքները Շուէտի քաղաքներուն մէջ, այլ անցան եւրոպական ուրիշ քաղաքներ, ինչպէս` Պայոն` Ֆրանսա, կամ Ման կղզի` Անգլիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի միջեւ: Այս ձեւով հինգ տարիներ է ի վեր անոնք մկնիկներու համար յատուկ վայրեր կը շինեն. Շուէտի մէջ մենք կրնանք հանդիպիլ մօտաւորապէս 30 տեսակաւոր տարբեր կառոյցներու` մկնիկներու ճաշարանի, պանդոկի, երաժշտութեան խանութի, դեղարանի, սափրիչի, հնդկական ճաշարանի, ճազ երաժշտութեան ունկնդրութեան ակումբի:

***

Անոնք իրենց աշխատանքները կը սկսին իրենց այցելած քաղաքին թաղերը, շտեմարաններուն պատուհանները ուսումնասիրելու: Ապա անոնք տեսակաւոր չափեր կ՛առնեն իրենց ընտրած վայրէն եւ կը սկսին փնտռտուքներ կատարել քաղաքի, թաղամասի պատմութեան մասին` այդ շրջապատին համապատասխանող կառոյց մը ստեղծելու համար:

Այս հանգրուանին է, որ կը սկսին գծագրութիւնները եւ յատկագիծները դրուիլ, եւ կը սկսին իսկական «շինարարական» աշխատանքները: Իրենց այս խանութները կահաւորելու եւ զարդարելու համար արուեստագէտները կը գործածեն թուղթեր, խաւաքարտեր, սակայն նաեւ` առօրեայ գործածութեան առարկաներ, որոնք ուրիշ կերպարանք կը ստանան, ինչպէս, օրինակի համար, լուցկիի տուփը կը վերածուի սեղանի, սանտրը աստիճանի, կամ խեցին` լուսամփոփի:

2019-ի մայիսին Մալմոյի մէջ բացուեցաւ գաղտնի ոստիկաններու մանր գրասենեակ մը: Այս իւրայատուկ գրասենեակը ունէր նոյնիսկ իր անձնական կայքէջը, ուր այցելուները կը հրաւիրուէին լուծելու երեւակայական դէպքեր:

Ողիմպիական Խաղերու
«Ախոյեան» Մարդամեքենան

Ողիմպիականի պասքեթպոլի խաղերուն հետեւողները հաճելի անակնկալի մը ներկայ գտնուեցան 25 յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ տեղի ունեցող խաղի դադարին ընթացքին: Անոնք հանդիսատես եղան տարօրինակ ներկայացումի մը:

Ճափոնական ինքնաշարժերու «Թոյոթա» ընկերութիւնը ներկայացուց CUE թիւ 5 «մարզիկ» մարդամեքենան, որ ամէն անգամ գնդակը կողովին մէջ նետելու կարողութիւնը ունի: Մարդու կերպարանք ունեցող այս մեքենան օժտուած է «մկանոտ» թեւերով եւ փոքրիկ կիկլոպեան գլուխով մը, որուն «աչքին» մէջ քամերա մը կը գտնուի: Այս գործիքին միջոցով է, որ մարդամեքենան կը հաշուէ հեռաւորութիւնները, եւ կը ճշդէ գնդակը նետելու ուժին չափը: Այս ձեւով է, որ 2,10 մեթր հասակ ունեցող մարդամեքենան ի վիճակի կ՛ըլլայ երկու յաջող գնդակներ նետել դաշտին կէսէն:

***

2018 թուականի CUE իր անունը արձանագրած էր «Կինես»-ի մրցանիշերու գիրքին մէջ` յաջորդաբար 2020 յաջող գնդակներ նետելով կողովին մէջ:

 

Ողիմպիական Խաղեր

Քանի Մը Թիւեր

Արդի ժամանակներու 32-րդ Ողիմպիական խաղերը վերջ գտան կիրակի, 8 օգոստոսին: Անոնք արտասովոր պայմաններու մէջ տեղի ունեցան: Առաջին հերթին, յետաձգուեցան մէկ տարիով եւ ապա «Քորոնա» ժահրին պատճառով գրեթէ առանց հանդիսատեսներու տեղի ունեցան:

Ողիմպիական խաղերուն նշանաբանն է` «Աւելի արագ, աւելի բարձր, աւելի զօրաւոր եւ աւելի երկար «ժամանակ»: Այս ոգիով է որ այս տարի ալ բազմաթիւ մրցանիշներ արձանագրուեցան, ինչպէս` վազքի պարագային, երբ աշխարհի ամէնէն արագ կին վազողը` ժամայքացի Իլէյն Թոմսըն արժանացաւ ոսկի մետալին 100 մ եւ 200 մ վազքերուն մէջ: Ուրիշ մրցանիշներ ալ արձանագրուեցան աթլեթիզմի, լողի եւ հեծիկի մարզերուն մէջ:

Հետաքրքրական կատարումներ ներկայացուեցան Ողիմպիական խաղերու հինգ նոր մարզաձեւերու մարզերուն մէջ: Իսկ 13 տարեկան ճափոնցի Մոմիժի Նիշիա դարձաւ սքէյթպորտի ողիմպիական առաջին ախոյեանը:

Կազմակերպիչ երկիրը` Ճափոն, անձնական մրցանիշ մը արձանագրեց, քաղելով 58 մետալներ, որոնցմէ 27-ը` ոսկիէ:

Այսուհետեւ ուշադրութիւնները կը դառնան դէպի յաջորդ խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Փարիզի մէջ, 2024 թուականին:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 77` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ծաղիկներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

 

 

Նախորդը

Ո՞ւր կ՚ երթանք

Յաջորդը

Բժիշկ Ու Քաղաքական Գործիչ Ալեքսանդր Խատիսեան

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?