«Սփոր-Էքսփրես» յայտնեց, որ գերմանական Լայփցիկ ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է ռուսական Տինամօ Մոսկուայի 18 տարեկան միջնապահ Արսէն Զախարեանով:
Նշուեցաւ, որ Լայփցիկ շատ արագ կերպով կ՛ուզէ անոր փոխանցումը իրականացնել եւ պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 12 միլիոն եւրօ` իբրեւ հրաժարագին:
Կը կարծուի, որ անոր տեղափոխութիւնը կրնայ կատարուիլ նաեւ դէպի Անգլիա` նկատի ունենալով, որ լոնտոնեան Չելսին պատրաստ է վերոնշեալ գումարէն աւելի վճարելու ռուսական ակումբին:
Նախորդ տարեշրջանին ան Տինամոյի հետ կատարեց 13 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
Զախարեանի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 4 միլիոն եւրոյով:
Անոր պայմանագրութիւնը ռուսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: