Արժանթինցի միջազգային յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի երէկ ունեցաւ իր ակումբը` նկատի ունենալով, որ ան իր կազմը` Պարսելոնան լքելով միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենին:
34 տարեկան Մեսսի, որ երէկ հասաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ, ակումբին համակիրներուն կողմէ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Նախքան իր պայմանագրութիւնը կնքելը, Մեսսի երէկ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան մը:
Այսօր` չորեքշաբթի, 11 օգոստոսին, անոր մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որմէ ետք կողմերը իրարու հետ պիտի կնքեն երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Մեսսի, որ 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պարսելոնային, իր ակումբին հետ 778 մրցումի ընթացքին նշանակած է 672 կոլ եւ կատարած 305 էսիսթ: Ան իր կազմին հետ տիրացաւ 35 տիտղոսի:
Այսպիսով, Սեն Ժերմենի միանալով, Մեսսի դարձեալ իրեն խմբակից պիտի ունենայ Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցը` պրազիլցի Նէյմարը: