«ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի մարտիկ Էդմէն Շահբազեան իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 6 նոյեմբերին, այս մասին յայտնեց «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-268»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ամերիկահայ մարզիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Նասուրտին Իմավով (10-3):
23 տարեկան Շահբազեան իր նախորդ մենամարտը կատարեց նախորդ մայիսին, երբ կէտերու տարբերութեամբ պարտուեցաւ շուէտացի Ճեք Հերմանսոնէն:
Ասիկա Շահբազեանի երկրորդ յաջորդական պարտութիւնն էր «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ. »-ին գծով:
Խառն մենամարտերուն իր կատարած 13 մրցումներուն ընթացքին, Շահբազեան արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն: