Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 11, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Պաշտօնեան Իր Շքանշանը Զետեղեց Ալբերտ Յովհաննիսեանի Շիրմաքարին Վրայ

29 յուլիսին «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ պետական պաշտօնեայ մը իրեն տրուած «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» առաջին աստիճանի շքանշանը` տպագիր գրութեամբ, զետեղեց արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած նահատակ հերոս Ալբերտ Յովհաննիսեանի շիրմաքարին վրայ` աւելի ճիշդ նկատելով շքանշանը նուիրել բոլոր անմահացած տղոց: Այս մասին յայտնեց Ալբերտին հայրը` Արտակ Յովհաննիսեանը:

Պետական պաշտօնեան շիրիմաքարին վրայ զետեղած գրութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ճիշդ է` բոլորս էլ գիտակցում ենք, որ մենք թիկունքում ինչ էլ որ արած լինենք, միեւնոյն է, պատերազմի ծանրութիւնը առաջնագծում տղաների ուսերին էր ընկած: Որ այսօր իրենց կեանքի գնով ենք ապրում ու ապրելու բեռը գնալով աւելի է ծանրանում, երբ սահմանում կրկին զինուորներ են անմահանում: Բայց այս համատարած խաւարում, տուեալ անձնաւորութեան` խղճի առաջ ազնիւ գտնուելու ու միաժամանակ տղերքի արածը այս կերպ գնահատելու քայլը կրկին արժեւորեց մեր հերոսների սխրանքը, քանզի նրանք ապրում են, քանի դեռ յիշում ենք ու գնահատում: Շնորհակալ ենք ձեզ ոչ թէ հայրենիքի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներին խոնարհուելու համար, քանզի դա իւրաքանչիւրիս պարտքն է, այլ նրա համար, որ ձեր այս քայլով ընդգծեցիք, որ պետական ծառայողների շարքում կան նաեւ ձեզ պէս սրտով ու խղճով առաջնորդուող ողջամիտ մարդիկ, ու ամենակարեւորը` բոցավառեցիք մեր ազգային արժանապատուութիւնը վերագտնելու, քնած վիճակից մի օր արթնանալու յոյսը»:

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարները Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ

ՀՅԴ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի երիտասարդական միութիւններուն կազմակերպութեամբ տարբեր տեսակի պատանեկան նախաձեռնութիւններ կ՛իրականանան Ասկերանի, Ստեփանակերտի եւ Կապանի մէջ:

Արդարեւ, Արցախի նշեալ շրջաններուն մէջ աւելի քան 260 պատանիներու մասնակցութեամբ ընթացքի մէջ են ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները: ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը յայտնեց, որ նախատեսուածէն շատ աւելի մեծ թիւով պատանիներ կը մասնակցին ճամբարներուն:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ յայտարարուած «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրի մեկնարկէն քանի մը օր ետք`  օգոստոսէն Կապան քաղաքին մէջ ընթացք առաւ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» եւ Շուէտի երիտասարդական միութեան պատանեկան ճամբարը, որուն կը մասնակցին Կապանի 12-16 տարեկան պատանիները:

Ստեփանակերտի Եւ Երեւանի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Լիզպոնի 5-ի Յիշատակին

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ,  27 յուլիսին Սուրբ Աստուածամօր Յովհանու մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Լիզպոնի 5-ի եւ բոլոր նահատակներու յիշատակին:

Լիզպոնի հերոսներուն տեսլականը ձեւ ու մարմին ստացաւ արցախեան հայրենիքի ազատագրումով, ինքնորոշման, անկախացման, հանրապետութիւն ունենալու իրաւունքներու առարկայականացումով: Լիզպոնի սխրանքը ուղղուած էր բոլոր տեսակի իրաւազրկումներու դէմ:

Նոյն օրը Երեւանի մէջ Լիզպոնի հինգի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Յարգանքի տուրք-արարողութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կողմէ:

Յետ կրօնական արարողութեան, հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ քահանայ հայրը` վեր առնելով հայ ժողովուրդի բոլոր նուիրեալներուն, յատկապէս Լիզպոնի հերոսներուն` Վաչէին, Արային, Սագոյին, Սիմոնին եւ Սեդրակին յիշատակը:

Կատարուեցաւ Հ. Աւագեանի «Վազում Եմ, Սպասի՛ր…» Գիրքին Շնորհահանդէսը

29 յուլիսին Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանին մէջ, Արցախի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Հերմինէ Աւագեանի «Վազում եմ, սպասի՛ր®» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեանի ու Վահրամ Բալայեանի,  Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Մելանեա Բալայեանի, գրողներու եւ ընթերցասէրներու:

Գիրքին շնորհահանդէսին ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով հանդէս եկան` Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը, Վահրամ Բալայեանը,  բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Ամալեա Գրիգորեանը, երիտասարդ բանաստեղծ Սերգեյ Սաֆարեանը, արձակագիր Վան Նովիկովը, բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու, դոցենտ,  դասախօս Զարինէ Սարաջեանը, գրականագէտ Թամար Տօնապետեանը ուղիղ կապով` Քանատայէն եւ գիրքի պատկերազարդումներու հեղինակ, նկարիչ Լիանա Քոչարեանը:

Աւարտին, գիրքի հեղինակ Հերմինէ Աւագեան շնորհակալութեան խօսք յղեց Արցախի Գրողներու Միութեան եւ ներկաներուն` նշելով, որ գնահատանքի իւրաքանչիւր խօսք նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւն է գրողիդ համար` դուն քեզի նկատմամբ, քու գործիդ նկատմամբ առաւել բծախնդիր վերաբերելու, նորը, գեղեցիկը ստեղծելու:

«Մի առիթով ինձ հարցրին` արդեօք ես յաջողա՞կ մարդ եմ: Ես պատասխանեցի. «Աստուած մի օր որոշել է, որ ես պէտք է լոյս աշխարհ գամ, ու ես ծնուել եմ: Յետոյ նա որոշել է, որ ես պէտք է մեծանամ ու որդիներ լոյս աշխարհ բերեմ: Այդքանից յետոյ նա էլի ինձ լաւութիւն է արել` որոշելով, որ ես պէտք է գրքեր գրեմ: Հիմա ես ամենաքիչը երախտամոռ մարդ պէտք է լինեմ, եթէ ինձ յաջողակ մարդ չհամարեմ»,  իր խօսքին մէջ ըսաւ Հ. Աւագեանը:

Արցախի Հերհեր Գիւղը Նոր Համայնքապետարան ու Բուժկէտ Ունի

29 յուլիսին «Թուֆէնքեան» բարեսիրական հիմնադրամի իրականացուցած ծրագիրով Արցախի Մարտունիի շրջանի Հերհեր համայնքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը նորակառոյց համայնքապետարանի շէնքին, ուր պիտի գործէ նաեւ համայնքին բժշկական կեդրոնը:

Նորակառոյց շէնքը օրհնեց շրջանի հոգեւոր հովիւը:

Հերհեր համայնքի ղեկավար Արման Ալեքսանեանը իր եւ համայնքի բնակիչներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին:

«Նախկին բուժկէտի շէնքը գտնւում էր վթարային վիճակում, որտեղ հնարաւոր չէր այլեւս որեւէ աշխատանք իրականացնել: Համայնքապետարանի շէնքը շատ մեծ էր, բայց մենք ստիպուած էինք մեր գործունէութիւնը ծաւալել միայն երկու աշխատասենեակում, եւ մեզ անհրաժեշտ էր ունենալ նոր ու բարւոք պայմաններ: Ի հարկէ անգնահատելի է «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի կատարած աշխատանքը. պատերազմից յետոյ, երբ քարը քարի վրայ է դրւում, ժողովրդի մէջ մարտական ոգին էլ աւելի է բարձրանում», նշեց ան` հաստատելով, որ Հերհեր գիւղը պիտի շարունակէ ծաղկել ու շէնանալ:

Պատերազմէն ետք «Թուֆէնքեան»-ը Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ աւելի մեծ թափ տուաւ իր աշխատանքներուն: «Թուֆէնքեան»-ը նոր համայնքապետարանի ու բժշկական կեդրոնի ծրագիրը իրականացուց JHM բարեսիրական հիմնադրամին հետ համագործակցաբար:

«Տարիներ ի վեր «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը Արցախում կարեւոր աշխատանքներ է իրականացնում, մանաւանդ` պատերազմից յետոյ: Այս պատերազմից անմիջապէս յետոյ, համագործակցելով Արցախի պատկան մարմինների հետ, հիմնադրամը որոշել է Մարտունու շրջանի Հերհեր եւ մօտակայ համայնքներում ծաւալել իր աշխատանքները: Մենք ամէն ինչ պէտք է անենք, որ արցախցին շարունակի ապրել ու արարել իր սեփական հողի վրայ», նշեց «Թուֆէնքեան»-ի հանրային կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը:

Մարտունիի ղեկավար Էդիկ Աւանեսեանը հաստատեց. «Նման ծրագրերը շատ մեծ նշանակութիւն ունեն մեզ համար, յատկապէս` յետպատերազմեան այս ծանր իրավիճակում: Շրջանի տարբեր համայնքներում ունեցել են խնդիրներ` համայնքային կենտրոնում աշխատանքները կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ բնակչութեանը առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերելու հարցերում: «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի կողմից նման աշխատանքների կատարումը խթան է հանդիսանում, որպէսզի այդ կենտրոններում աշխատանքները աւելի որակեալ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպուեն», աւելցնելով, որ նմանատիպ ծրագիրներ բնակչութեան հոգիին մէջ յոյս ու հաւատք կը ներշնչեն եւ կրկին անգամ կը համոզեն, որ ապրին իրենց հայրենի հողին վրայ` ա՛լ աւելի բարեկեցիկ պայմաններու մէջ:

«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» Խումբը Շահեցաւ «Խաղաղութիւն Աշխարհին 2021» Մրցումին Գլխաւոր Մրցանակը

Հայկական երգչախմբային խմբավարներու միութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, որ առցանց տեղի ունեցած Վիեննայի հեղինակաւոր` «Խաղաղութիւն աշխարհին 2021» միջազգային երգչախմբային մրցումին հայ երգչախումբերը փայլուն արդիւնք ապահովեցին:

«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը մրցոյթին երկրորդ որոշիչ փուլին մէջ գլխաւոր մրցանակ շահած 14 երգչախմբերուն մէջ ճանաչուեցաւ լաւագոյնը, որուն շնորհիւ «Կրան փրի 1» մրցանակը շնորհուեցաւ Հայաստանին:

Նաեւ, «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբը, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»-ը, «Արար» երգչախումբը եւ «Գեղարդ»-ը առաջին փուլին իւրաքանչիւրը իր դասակարգին մէջ ոսկի մետալ շահեցաւ:

«Գերազանց խմբավար»-ի մրցանակներ ստացան Սոնա Յովհաննիսեանը եւ Անահիտ Պապայեանը, իսկ «Բացառիկ խմբավար»-ի մրցանակ` Տիգրան Հեքեքեանը, որ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»-ու խմբավարն է:

Արցախի Մէջ Պիտի Կառուցուին 817 Շէնքեր Եւ 290 Տուներ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեանը 5 օգոստոսին աշխատանքային քննարկում ունեցաւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանին հետ:

Հիմնադրամին գործադիր տնօրէնը նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց ընթացքը հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող շուրջ 30 միլիառ դրամ ծախսով վերակառուցման ծրագիրներու, որոնք կը ներառեն` համայնքային եւ համապետական ճամբաներու վերակառուցում, դպրոցներու հիմնովին նորոգութիւն, ջրամատակարարման ցանցի կառուցում եւ լայնածաւալ բնակարանաշինութիւն:

Նշուեցաւ, որ բնակարանային շինարարութեան առաջին փուլով կը նախատեսուի կառուցել 817 շէնք եւ 290 առանձնատուն: Անոնց մեծ մասը պիտի յանձնուի մինչեւ տարեվերջ` Ստեփանակերտի եւ Իւանեան համայնքին մէջ` սեփական տանիքով ապահովելով Շուշիէն եւ Հադրութէն տեղահանուած 457 ընտանիք:

Նախագահ Սարգսեան «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին հետ քննարկեց նաեւ սեպտեմբերէն ի վեր Սիւնիքի մարզին մէջ մեկնարկող ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: Սիւնիքի մարզի համայնքներու առաջնահերթ հարցերու ծրագիրները` համայնքային, կրթական եւ ընկերային, պիտի ծառայեն շարք մը հարցերու լուծման: Շուրջ մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ այս ծրագիրը պիտի սկսի սեպտեմբերին եւ պիտի իրականացուի փուլերով` հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միացեալ ուժերով եւ մասամբ նաեւ` հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի նիւթական աջակցութեամբ:

Նշելով, որ Արցախի եւ Սիւնիքի համայնքներուն ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային աջակցութիւնը առաջնահերթութիւն է, նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ բոլոր միջոցներն ու ջանքերը պէտք է գործադրել աջակցութեան կարիք ունեցող մեր համայնքներուն ու հայրենակիցներուն սատար կանգնելու համար:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմինի Գլխաւորած Լեզգի Կռուող Ուժերուն Արշաւանքը Եւ Քոլանիներուն Գերեվարութիւնը

Յաջորդը

«Ես Քու Դիմացդ Եմ, Միա՛յն Գլուխդ Վեր Ըրէ՛ Եւ Զիս Գրկաբաց Քու Առջեւդ Պիտի Տեսնես»

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?