Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2021-2022 տարեշրջանին:
Ֆրանսայի ախոյեան Լիլ Մեսի դաշտին վրայ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, մինչ փոխախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Պրեսթի դաշտէն:
Մայրաքաղաքի կազմին կոլերը նշանակեցին նորեկ Աշրաֆ Հաքիմի (19-րդ) եւ արժանթինցի յառաջապահ Մաուրօ Իքարտի (21-րդ):
Պրեսթ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Միշել Տէր Զաքարեանի գլխաւորութեամբ իր առաջին մրցումին, Լիոնի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Նշենք, որ ֆրանսահայ մասնագէտը այս տարեշրջանէն առաջ գլխաւորեց Պրեսթը, մինչ նախապէս 2017-էն ի վեր կ՛աշխատէր Մոնփելիէի հետ: