Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած ողիմպիական խաղերուն, աղջկանց պասքեթպոլի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացան Միացեալ Նահանգներ, որոնք աւարտականի մրցումին 90-75 արդիւնքով յաղթեցին Ճափոնին:
Յաղթական կազմէն Պրիթնի Կրայնըր նշանակեց 30 կէտ:
Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներու աղջկանց խումբը յաջորդաբար 7-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ ողիմպիականի պասքեթպոլի մրցաշարքի տիտղոսին:



