Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Նամակը Հայ Դատի Յանձնախումբին` Յոյն Դեսպանի Շուշի Այցելութեան Առիթով

August 6, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը 12 յուլիսին նամակ մը ուղարկած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին, որուն մէջ կը յայտնէր յունահայութեան զարմանքն ու ընդվզումը Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի ազրպէյճանական ուժերէն բռնագրաւուած Շուշի այցելութեան համար, որ տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատարմագրուած օտար դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու: Օրին, յոյն դեսպանին մասնակցութիւնը Ալիեւի կողմէ բեմադրուած խեղկատակութեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի նամակը բողոքի բուռն ալիք բարձրացուցին յունական հասարակութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ` քննադատելով յոյն դիւանագէտին անընդունելի մասնակցութիւնը «հայերու դէմ ազրպէյճանական յաղթանակի տօնախմբութիւններուն»:

Պատասխանելով յունահայ գաղութին անունով ղրկուած ընդվզումի նամակին` Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս հետեւեալ նամակը ղրկեց Հայ դատի յանձնախումբին:

«Նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր 12 յուլիս 2021 թուակիր նամակին համար: Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, զոր ժրաջան կերպով կը ներկայացնէք, Հայաստանի յոյն համայնքին հետ միասնաբար կը հանդիսանայ յաւերժական բարեկամութեան կամուրջ Յունաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ: Տեղեակ էք, որ Յունաստանը կը պահէ երկարամեայ գերազանց պատմական եւ բարեկամական կապեր Հայաստանի հետ: Հայաստանի համար դժուար ժամանակներուն, Յունաստան կանգնեցաւ երկրին եւ անոր ժողովուրդին կողքին: Ես անձամբ` 16 հոկտեմբեր 2020-ին, այցելեցի Երեւան` ուղղելով զօրակցութեան ուղերձ, այն պահուն, երբ պատերազմական գործողութիւնները ծաւալած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին: նաեւ, ընդառաջելով մեր երկրին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դիմումին, արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման սպասարկութեան համադրումով, Յունաստան իրագործեց մարդասիրական երկու առաքելութիւններ (առողջապահական միջոցներ եւ սնունդ), որոնք կատարուեցան 12 դեկտեմբեր 2020-ին եւ 8 Յունուար 2021-ին` ցոյց տալով գործնական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս ծանօթ է, 1992-էն Յունաստան դիւանագիտական կապեր կը պահէ Ազրպէյճանի հետ: 2020-ի աշնան ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու տագնապէն ետք, Յունաստանի դեսպանը այլեւս վերադարձած է Պաքու, ուր իր պատասխանատուութիւններու ծիրին մէջ կապեր կը պահէ հաւատարմագրուած երկրին հետ եւ մօտէն կը հետեւի տեղական զարգացումներուն: Նաեւ, նկատի առնելով մեր երկրի Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու հանգամանքը, դեսպանութիւնը իր գործունէութիւնը կը համադրէ մեր գործընկերներուն հետ միասնաբար: Այս պատճառով ալ, յոյն դեսպանին կողմէ ազրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրին ընդունումը, նման հրաւէրներու վեց շարունակական մերժումներէն ետք, որոնք արդէն ընդունելի դարձած էին եւրոպական այլ դեսպանութիւններէ, որեւէ մէկ պարագայի կարելի չէ ընդունիլ իբրեւ հիւրընկալող երկրի տեսակէտներու որդեգրում կամ արարքներու ճանաչում, մանաւանդ` «մասնակցութիւն տօնակատարութիւններու»: Անիկա տեղի ունեցաւ համադրութեամբ անդամ-երկիրներուն` նպատակ ունենալով տեղւոյն վրայ դիտարկել եւ արձանագրել եղելութիւնները` արտաքին գործոց նախարարութեան ճշգրիտ տեղեկատուութիւն փոխանցելու համար:

Կը շարունակենք կանգնիլ ձեր կողքին, մեր միջեւ հաստատուած սերտ գործակցութեան ծիրին մէջ»:

Յարգանքով`
Ն. ՏԵՆՏԻԱՍ

Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Պատասխանէ
Յունական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Հարցումներուն

Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաոս -Փիփերիկոսի Շուշի կատարած այցելութեան վերաբերեալ` յունական խորհրդարանին մէջ կատարուած հարցումին պատասխանելով, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս գրաւոր ձեւով տուաւ բացատրութիւններ դեսպանին մասնակցութեան գծով: Նախարարին գրաւոր պատասխանը նմանօրինակ բովանդակութիւն կը կրէր ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին ուղղուած նամակին հետ:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանան Նշեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Ա. Տարելիցը. Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խորհրդաժողովը 375 Միլիոն Տոլար Ապահովեց

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեանի Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ. «Այս Իշխանութիւնն Անկարող Է Լուծել Մեր Երկրի Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները, Ուստի Այս Իշխանութեան Հետ Ապագայ Չկայ»

RelatedPosts

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը  Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի` ՀԱՊԿ- էն Դուրս Գալու Հարցը Կրնայ Քննարկուիլ 11 Նոյեմբերին» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ- ի Ընդհանուր Քարտուղարը

October 24, 2026
Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները  Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման  Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան  Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը
Հայկական

Հայաստանն Ու Միացեալ Նահանգները Քննարկած Են Նոր Հիւլէական Կայանի Կառուցման Եւ Այդ Գործընթացին Մէջ Ամերիկեան Ընկերութիւններու Հետ Համագործակցութեան Հարցերը

October 24, 2026
Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Միջեւ  Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»
Հայկական

Ճայշանքար. «Հնդկաստանը Գոհ Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ձեռք Բերուած Յառաջընթացին Համար»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.