Հնդկաստանը գոհ է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած յառաջընթացին համար: Այս մասին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքարը:
«Գոհ ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրուած յառաջընթացէն: Յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը պայմաններ պիտի ստեղծէ երկարաժամկէտ խաղաղութեան համար», ըսած է Ճայշանքար:


