Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սադրիչ Յարձակումներ, Անըմբռնելի Լռութիւն

August 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անհասկնալի եւ անըմբռնելի կացութեան մէջ ենք ի Հայաստան: Հազիւ մէկ շաբթուան ժամանակամիջոցին Ազրպէյճանի բանակը գրեթէ ամէնօրեայ հետեւողականութեամբ եւ օր աւուր սաստկացումով կը կրկնէ սահմանամերձ շրջաններու վրայ յարձակումները: Ասոր դիմաց, եւ մինչ  հայրենի բանակը կը փորձէ ամէն գնով դիմադրել ու կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը` Սոթքի, Վերին Շորժայի թէ Երասխի մէջ, քաղաքական բեմահարթակին վրայ ազդեցիկ… լռութիւն մը կը պահէ Երեւանը:

Մութ եւ պղտոր հաշիւներու դիմաց լռութի՞ւն, թէ՞ լրում: Յամենայն դէպս` անըմբռնելի եւ անարդարանալի:

Հասկցող-տեսնողին համար յստակ է, իսկ դանդաղամիտին համար ալ հաւանաբար շուտով կը  յստականայ, թէ ի՛նչ կացութիւն կրնայ ստեղծուիլ, եւ թէ` Պաքու ինչո՞ւ կը շարունակէ իր սադրիչ յարձակումները` չյարգելով եւ օր ցերեկով ոտնակոխ ընելով  արդէն ի նպաստ իրեն ստորագրուած 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրը:

Իր արձանագրած յաղթանակով եւ նուէր ստացած հողերով հարբած է Ալիեւը եւ ամէն գնով կ՛ուզէ շարունակել  «Խլէ՛ եւ շահէ՛» քաղաքականութիւնը: Անոր անմիջական թիրախը Սիւնիքն է` ի խնդիր «Զանգեզուրի միջանցք»-ի իրականացման, որ ունի մեծ նշանակութիւն եւ գործնապէս պիտի ըլլայ Թուրքիոյ դարաւոր ծրագիրին իրականացման առաջին քայլը: Այսինքն բացուած պիտի ըլլայ Եւրոպայէն Կեդրոնական Ասիա եւ անկէ անդին տարածուող համաթուրանական ուղին, որուն ստեղծելիք ահաւոր հետեւանքներուն յայտնապէս ոչ մէկ մեծ պետութիւն կը գիտակցի, կ՛ահազանգէ կամ պարզապէս կը նկատէ, կամ ալ փոքրաթիւ ազդեցիկ մարդիկ իրենք զիրենք սահմանափակած են անկէ բխելիք նիւթական շահերու ոլորտին մէջ:

Կայ աւելին. կովկասեան բարձրաւանդակին եւ անոր անմիջական շրջագիծին մէջ միջազգային այլ մրցակցութիւններ եւ զարգացումներ  ստեղծուած են կամ` վերանորոգուած, որոնք կը համընկնին Պաքուի (եւ բնականաբար Թուրքիոյ, որուն հլու կամակատարն է Ազրպէյճան) գործելաձեւին եւ ապագայի երազներուն: Միացեալ Նահանգներ գրեթէ քաշուած են Աֆղանիստանէն, ուր թալեպանները կը փութան ընդարձակելու իրենց հակակշիռին ենթակայ հողատարածքները: Նմանօրինակ այլ դժնդակ կացութիւն մը պիտի ստեղծուի Իրաքի մէջ, երբ հոն կայք հաստատած ամերիկեան ուժերը յառաջիկայ ամիսներուն ենթարկուին Սպիտակ տան հրահանգին եւ հեռանան այդ շրջանէն ալ:

Հայաստանի մօտէն-հեռուէն առնչուող այս ընդարձակ գօտիին մէջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակը դիւրացուցած է Պաքուի եւ Անգարայի երազներուն իրականացումը: Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի պարտուած (յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն ալ յաղթականօրէն… պարտուած) իշխանութիւնը լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուի եւ` յաւելեալ ճնշումի տակ:  Յստակ է, որ գրասեղանի դարակներուն մէջ կան այլ փաստաթուղթեր, որոնց ժամանակը հնչած է` վաւերացնելու եւ վերջնականապէս ստորագրելու, աւելի՛ եւս շեշտելով եւ խորացնելով ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Ակնթարթ մը քննելով 9 նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրին կէտերը (չմտնենք այն պատրանական բառախաղին մէջ, որ անիկա համաձայնութիւն չէ, այլ պարզ յայտարարութիւն մը), քիչ թէ շատ իմաստութիւն ունեցողը պիտի տեսնէ եւ եզրակացնէ, որ շատ մը բաներ կը մնան թուղթի վրայ, երբեք ալ պիտի չիրականացուին, իսկ ցարդ եւ ընդմիշտ շահողը պիտի ըլլայ Ազրպէյճանը (չենք անտեսեր, որ անոր միակ բարիքը եղաւ ռազմական գործողութեանց դադրեցումը, սակայն` ի՜նչ գնով): Իսկ հաստատուած զինադադարը եւ անոր հետեւած վիճակը յար եւ նման է արցախեան վերջին պատերազմը կանխած փուլերու վիճակին, այն տարբերութեամբ, որ հիմա փոխուած են վայրերը, բախումներն ու սակարկութիւնները ընտրած են ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ տարածքները: Այլ խօսքով, «Արցախը տանք` հանգիստ ապրինք» ցնորամտութիւնը հիմա ուղտը բերած եւ նստեցուցած է Հայաստանի հողին:

Լուսանցքային է նաեւ Մոսկուայի կեցուածքը, որուն խաղաղարար ուժերը միայն ու միայն ընդհարումներէն ետք կը միջամտեն եւ անդորրութիւն կը հաստատեն: Անոնք կը պահպանեն իրենց առաքելութեան նեղ հասկացողութիւնը` խաղաղութիւն հաստատել բռնկումի պարագային: Ցարդ չենք լսած, որ Հայաստան եւ Ռուսիա` ռազմավարական դաշնակիցներ, խօսած են անոնց զսպիչ առաքելութիւն տալու մասին:

Սովորութիւն կամ կրկնութիւն դարձած է Քրեմլինի արտաքին գործոց նախարարութեան միօրինակ յայտարարութիւնը, թէ  մտահոգութեամբ  կը հետեւի սահմանի առանձին հատուածներուն վրայ սրման կամ լարուածութեան դրսեւորումներուն եւ արձանագրուած միջադէպերուն: Այս յանկերգին արձագանգները կը լսուին նաեւ Փարիզէն, Ուաշինկթընէն եւ այլ ոստաններէ:

Մէկ բան յստակ է. իր ծրագիրի ցանկալի արդիւնքը ապահովելու համար առայժմ  յաղթական Ալիեւը սահմանային լարուածութիւն կը հրահրէ, մինչդեռ պարտուած Փաշինեան, նորանոր հողատարածքներ զիջելով,  կը շարունակէ իր  «ջայլամի քաղաքականութիւնը»` իր գոյութեան միակ նպատակը (Raison d’Սtre) սեպելով ձեռքին պահել Հայաստանի (ու Արցախի) ղեկը, որքան ալ որ աղէտալի ըլլան իր անկարողութեան եւ տհասութեան հետեւանքները (նշելու համար նուազագոյնը):

Այս վիճակին մէջ քանի մը օրէն Ազգային ժողով մտնող ընդդիմադիր ճակատը «անկարելի առաքելութիւն» (Mission Impossible)  մը պիտի դիմագրաւէ անկասկած, սակայն վհատութիւն եւ ձեռնածալութիւն պիտի չճանչնայ:

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Թակարդէն Դուրս Գալու Առիթը…

Յաջորդը

«Լալան Ու Արան» Խաղերու Շարքին Նորութիւնը` «Թիւերու Աշխարհ»

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.