Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Թակարդէն Դուրս Գալու Առիթը…

August 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին օրերուն բազմիցս Ազրպէյճանը ամբաստանեց, եւ` հիմնաւորեալ կերպով, թէ` ան կը խափանէ 9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի եռակողմանի յայտարարութիւններուն իրականացումը: Փաստերը արձանագրելու պէտք չունինք: Խորագիրներն են` գերիները, թափանցումներ, քարոզչական եւ զինեալ բարձրաղաղակ սպառնալիքներ, կրակոցներ… Ազրպէյճանն ալ հայկական կողմը կ՛ամբաստանէ խաղաղութեան քայլերը խափանելու յանցանքով, մինչդեռ փաստ չկայ:

Հարցը, ուրեմն, վերածուած է յիշեալ (պարտեալ Հայաստանի պարտադրուած) համաձայնութիւնները գործադրելու-չգործադրելու «հանգոյց»-ին: Հայկական կողմը կը հաւաստէ ու կը պնդէ, որ ինք պատրաստ է գործադրելու այդ համաձայնութիւններուն պայմանները:

Կը ստացուի ի՞նչ. իրողապէս Ազրպէյճանը ստեղծած է (գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար) կացութիւն, որուն մէջ Հայաստան ոգի ի բռին կ՛աշխատի ի խնդիր համաձայնութեան իրականացման: Մոռցած ենք, որ այդ համաձայնութիւններուն մէջ, բացի մէկ-երկու (այլապէս անյետաձգելի, բայց` չիրականացած) կէտերէ, Հայաստանի համար նպաստաւոր բան չկայ, ընդհակառակը, անոնք մշուշապատ թակարդներ են, որպէսզի Հայաստան նոր զիջումներու երթայ, օրինակի համար` ընդունի Արցախի գործնապէս յանձնումը Ազրպէյճանին: Մինչդեռ Ազրպէյճանը ամիսներէ ի վեր իրերայաջորդ խաղաթուղթեր կը տրամադրէ Հայաստանին (պարզ պատկերով` ափսէի վրայ առիթներ կը մատուցէ), որպէսզի հնարքներ գտնէ` դուրս գալու այդ աղէտալի համաձայնութիւններուն բեռներուն տակէն, պատռելու զանոնք, իր արդար կեցուածքին եւ պահանջներուն շուրջ ալ համախոհութիւն գոյացնէ ԲՈԼՈՐ խաղաղարարներուն միջեւ: (Իսկ թէ այս իշխանութիւնը որքա՞ն կը տեսնէ սա եւ կարո՞ղ է բան մը իրականացնել` այլ հարց: Սկսելու համար, պէտք է ի վերջոյ անդրադառնալ եւ տեսնել, որ այդ համաձայնութիւններէն բարիք չի բուրեր):

… Աւելի քան 10 տարի առաջ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն ալ «բազուկը ոլորող» կար (Հիլըրի Քլինթընի խոստովանութիւնը), որպէսզի որդեգրէ փրոթոգոլներուն «ճանապարհային քարտէսը»: Այդ օրերուն ալ վնասակար փաստաթուղթերը խոր ընդվզում յառաջացուցին հայաշխարհին մէջ, ի վերջոյ տեղ չհասան հիմնականին մէջ Թուրքիոյ ընթացքին պատճառով. օրուան մեր իշխանութիւնները տեղ մը իմաստութիւնը ունեցան ըմբռնելու սխալը, դուրս եկան վնասակար ուղիէն: Պատմութեան մէջ մնաց թակարդին սեւ բիծը:

Հիմա՞…

26 յուլիս 2021

Նախորդը

Եղիա Տեմիրճիպաշեան` Հեղինակ Հրապարակագրական, Լեզուագիտական Եւ Այլ Բազմատեսակ Նիւթերու

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սադրիչ Յարձակումներ, Անըմբռնելի Լռութիւն

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.