Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եղիա Տեմիրճիպաշեան` Հեղինակ Հրապարակագրական, Լեզուագիտական Եւ Այլ Բազմատեսակ Նիւթերու

Օգոստոս 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ իր ուրոյն, արժէքաւոր տեղը ունեցող, բայց հոգեւոր ցնցումներու ենթակայ մարդու դժբախտութեամբ տառապած եւ այդ տառապանքով ալ իր կեանքին վերջ տուած մտաւորականն է Եղիա Տեմիրճիպաշեան: Շատ ընդարձակ պատմութիւն եւ գրականութիւն կայ Եղիա Տեմիրճիպաշեանի կեանքին մասին:

Եղիա Տեմիրճիպաշեան ծնած է 8 մայիս 1851-ին, Պէշիկթաշ: Ուսումը առած է Պոլսոյ Շահնազարեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ յաճախած է նաեւ Մարսէյի առեւտրական դպրոցը եւ Պոլիս վերադարձէն տարիներ ետք ուսուցչութիւն ըրած է Բերայի վարժարաններէն ներս: Հեղինակն է իմաստասիրական, գրադատական, հրապարակագրական, լեզուագիտական, բանաստեղծական, դաստիարակչական եւ այլ բազմատեսակ նիւթերու: Այդ նիւթերը ան ստորագրած է զանազան գրչանուններով` Գրասէր Ատոմ, Մելանիա, Նուրանիա, Մոնազն, Հուր Հայրեան, Ճգնաւոր, Շարժենց, Դիւանի, Երեւանի, Ճին Յակոբ եւ այլն:

Հազիւ 23 տարեկան` առաջին ինքնասպանութիւնը փորձած է 1874-ին, սիրային յուսախաբութենէ մը ետք, Գատըգիւղի մօտ Պրունիի ժայռի գագաթէն ծով նետուելով: Անցորդները փրկած են զինք: Ինքնասպանութեան երկրորդ փորձ մը ըրած է 19 տարիներ ետք, 1 յունիս 1893-ին, միեւնոյն ժայռի գագաթէն, այս անգամ ալ ազատած է զինք հայ մակոյկավար մը:

Հալածախտէ բռնուած, անցաւոր կեանքի ունայնութեան համոզումով եւ վաղահաս մահուան նախազգացումով տարուած` յոռետես մարդու մը կեանքը ապրեցաւ ան տարիներով: Եղաւ հետեւորդ մը պուտտայական վարդապետութեան եւ փարեցաւ երկրային կեանքը իր կապանքներէն ազատող եւ փրկարար անէութեան գիրկը փոխադրող Նիրվանային: Այս հոգեվիճակը աւելի եւս ծանրացաւ 1890-ին, մօրը մահէն ետք, զոր կը սիրէր պաշտելու աստիճան, ականջներուն մէջ միշտ լսելով մօրը խօսքերը.

– Տղա՛ս, գրող եղար, անօթի պիտի մեռնիս…

Եւ աւելցնելով.

– Մա՛յրս է, մա՛յրս, որ կ՛անիծէ զիս…

Իր այդ ծանրացած վիճակին մէջ է, որ 1891-ի Զատկուան առաւօտուն Եղիան կը տեսնուի Գատըգիւղի եկեղեցւոյ դրան առջեւ, մուրացկաններու բազմութեան մը մէջ նստած, գլխուն առանց ծոպի, ճմռթկած եւ դէպի ետեւ նետուած ֆէս մը, կռնակին պարզ շապիկ մը, առանց օձիքի եւ փողկապի, կուրծքը լայն բացած, վրան հին վերարկու մը եւ մաշած տաբատ մը, ոտքին պատռտած կօշիկներ, իսկ ձեռքը` թիթեղէ կափարիչ մը, որուն վրայ հինգ դրամնոց մը, ու այսպէս, աչքերը արցունքներու մէջ, դրամ կը մուրայ ան եկեղեցի մտնող ելլողներէն: Թաղին աղաները, դպրոցին տնօրէնը եւ իր բազմաթիւ ծանօթները կ՛ապշին կը մնան եւ կ՛աղաչեն, կը պաղատին, որ հեռանայ հոնկէ, մինչ ինք անխօս եւ արտասուալի աչքերով թիթեղէ կափարիչը կ՛երկնցնէ անոնց եւ կը մուրայ. ի վերջոյ կը յաջողին համոզել զինք եւ փակ կառքի մը մէջ նստեցնելով` կը տանին տուն:

Եւ, ո՜վ զարմանք, մինչ թաղին մէջ բերնէ բերան կը շրջի` «Եղիան խենթացեր է, Եղիան թռցուցեր է» խօսքերը, յանկարծ կը տեսնեն, որ այդ «խենթը» կէսօրուան ժամին, մաքուր հագուած, աւանդական «ռըտենքոթ»-ը կռնակը, նորաձեւ կօշիկներով, մետաքսէ փողկապով եւ ձեռքերուն մէջ գաւազան մը խաղցնելով` կ՛երթայ մեծ աղային տունը, ուր ճաշի հրաւիրուած էր…

Բոլորը կ՛ապշին, մինչ Եղիան հանդարտօրէն կը բացատրէ իր արարքին նշանակութիւնը: Երբ օրուան առիթով հանդիսաւոր արարողութիւններ կը կատարուէին տօնելու համար Քրիստոսի յարութիւնը, խեղճերն ու թշուառները դուրսն էին, իսկ արտաքնապէս շողշողուն տեսքով մեծատուներ իրենք զիրենք կը ցուցադրէին, Ե. Տեմիրճիպաշեան ուզած է խառնուիլ այդ խեղճերու ու թշուառներու բազմութեան, որպէսզի իր այդ մասնակցութեամբ ամէնուն ըմբռնել տայ քրիստոնէական ոգին, զոր չափէն աւելի անտեսուած եւ խաթարուած կը նկատէր:

Եղիա Տեմիրճիպաշեանի առողջական վիճակը օրէ օր սկսաւ առաւել եւս ծանրանալ ու հալածախտի  պատճառով սկսաւ թաղ ու բնակարան փոխել: Քանի մը թաղերու մէջ թափառելէ ետք, ուժասպառ ու անօթի, ձիւնոտ գիշեր մը կը շրջի փողոցէ փողոց ու ըստ բախտի կը զարնէ դուռ մը` սենեակ մը փնտռելու համար: Դուռը կը բացուի եւ ամուսին կորսնցուցած Էլեն Նիսըն անունով հունգարացի կին մը խղճալով կը հիւրընկալէ Եղիան:

Արդարեւ, 1895-ի այդ օրէն սկսեալ եւ մինչեւ վերջը տիկին Նիսըն պահապան հրեշտակի մը պէս կը խնամէ զայն` ականատես ըլլալով հանդերձ անոր պատահական եւ անհաւասարակշիռ «ելոյթներուն»:

Այսպէս, տագնապէ տագնապ կը քաշքշուի կեանքը Տեմիրճիպաշեանի, մինչեւ որ օր մը կը յանգի իր վախճանին, ինքնասպանութեամբ: Կիրակի իրիկուն մը, 19 յուլիս 1908-ին, Եղիան իր բարերարուհիէն նուէր ստացած բուրդէ գօտիով կը կախէ ինքզինք դրան վրայի պատուհանէն:

Նախքան իր եղերական վախճանը` ան դարձած էր արդէն կմախք մը, ուրուական մը: Կորսնցուցած էր մատները շարժելու եւ գրելու կարողութիւնը, լեզուն ալ բռնուած էր եւ սնունդ չէր կրնար առնել: Ըսելիքը կը բացատրէր ձեռքի եւ մնջկատակի շարժումներով, ցոյց կու տար գրադարանը, զոր լափած էր: Կը ձեւացնէր հեռապատկերը գերեզմանի մը, ուր պիտի մտնէր եւ ձեռքովը կը մատնանշէր երկինքը, ուր պիտի երթար հանգչելու յաւիտենապէս:

Իր ծանօթներէն Արամ Անտոնեանը, որ ուրիշներու պէս տեսած էր Եղիան մեռած վիճակով, անտիպ մնացած իր ձեռագիրներուն մէջ արձանագրած է հետեւեալ կցկտուր տողերը. «Ոչ ոք Եղիան տեսաւ կախուած վիճակի մէջ. երկար վիճաբանութիւններ` բժիշկներու միջեւ, թէ կախուա՞ծ է, խեղդուա՞ծ է: Եթէ կախուած ըլլար, ձեռքերը այդ վիճակին մէջ չէին ըլլար, պէտք էր ափերը սեղմած ըլլար: Դէմքին վրայ ոչ մէկ պրկում, խաղաղ էր իր անկողնին մէջ` առանց ցաւի, առանց յուզման եւ առանց երկիւղի շիջած մարդու մը պէս: Շատեր հարցաքննեցին տանտիրուհին, բայց ամէն կերպով տիկին Նիսըն հնազանդելու հարկին մէջ ըլլալով` ոչինչ ելաւ իրմէ: Տիկին Նիսըն կը վախնար, որ Եղիան մեռած կը նկատուէր` իր կողմէ դարմանի պակասէն եւ ան անձնասպանութեան պատմութիւնը հիւսեց, կ՛ըսէին: Առաջին եկողները տեսան Եղիան անկողինին մէջ պառկած, ես ալ դիտեցի դէմքը, մատները: Երկու ձեռք տեսած եմ գեղեցկագոյն, մէկը Եղիայինը, միւսը` Սրուանձտեանցինը: Նոյնիսկ եթէ կախելու ձեւ մը տուած էին, ատիկա եղած էր մարմնոյն պաղելէն ետքը: Այսուհանդերձ ոչ մէկ ճմլում կապոյտցած վիզին վրայ: Ուռած չէին նաեւ լեզուն կամ դէմքը»:

Եւ բժիշկները եզրակացուցած էին, որ մահը առաջ եկած է իբրեւ անմիջական հետեւանք շնչահեղձութեան, պարանով մը խեղդուելէ ետք: Իսկ ընդհանուր եզրակացութիւն եղաւ այն, որ Եղիան իր իսկ ձեռքով վերջ տուած էր իր կեանքին:

Հակառակ այս եզրակացութեան, օրուան պատրիարքը` Օրմանեան սրբազան, իբրեւ բացառութիւն, կ՛արտօնէ Եղիա Տեմիրճիպաշեանին յուղարկաւորութիւնը կատարել եկեղեցական կարգով, Բերայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ, բայց թաղումը կը կատարուի Շիշլիի գերեզմանատան անձնասպաններու բաժնին մէջ:

 

 

Նախորդը

Տէրսիմը Եւ Պատմութեան Հետ Առերեսումը

Յաջորդը

Նշմար. Թակարդէն Դուրս Գալու Առիթը…

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?