Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Օրերու Ցնդաբանութիւնը` Երբ Օտարը Պիտի Կերակրէ Ազգային Բանակը (Լիբանանեան Բանակի Օր)

Օգոստոս 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ո՛չ, թիւրիմացութիւնը պէտք չէ կլանէ մեզ, ոչ ալ հեգնանքի միտում պէտք է տեսնել վերեւի ըսուածին մէջ, այլ գոյութիւն ունեցող դժբախտ ու դատապարտելի երեւոյթի մը դէմ յանդիման` քաղաքացիի մը բուռն ցասումն է, որ թուղթին կը յանձնուի, աւելի՛ն. արժանապատիւ հասարակութեան մը պոռթկումն է, որ լոյսին կը բերուի, պարզապէս որովհետեւ Լիբանանի առօրեային մէջ այս տեսակի պատահար մը, երբեւէ չի մարսուիր, այլ կը նկատուի ազգային ու պետական ողբերգութեան մը գագաթնակէտն ու անբարոյական վարքագծի մը ամենատխուր դրսեւորումը:

Ի դէպ, ողբերգութեան տարողութիւնն ու նողկալի վարքագիծը այդքան չ՛առնչուիր անհատի կամ պատասխանատուի, որքան ամբողջ պետական կարգ ու սարքին եւ անոր ծառայութեան կոչուած համակարգին ու պաշտօնէութեան:

Խօսքը չի վերաբերիր, անշուշտ, բանակի հրամանատարին, որ ուղղակի պատասխանատուն է եւ ամէն միջոցի կը դիմէ սնունդ ապահովելու իր բանակին, այլ բոլոր անոնց, որոնք այս կացութեան հասցուցին երկիրը, քանդեցին, կողոպտեցին ու հիմա անամօթաբար հանդիսատեսի վկայութիւն կը բաշխեն շուրջ բոլոր:

Վերջին տարիներուն (2019-2021), Լիբանանի պետական համակարգի փլուզումով` տնտեսութիւնը քայքայուեցաւ, դարամանիշի արժեզրկումով` ընկերային-հասարակական ողջ կեանքը անդունդի եզրին հասաւ, ահաւոր աղքատութեան թէ սովի սպառնալիքը սկսաւ թակել ժողովուրդին  դռները, եւ այս բոլորը` քաղաքական այրերու կամ պետական գործիչներու շիլ ու ոճրամիտ աչքերուն առջեւ:

Մէկ կողմէ, նոյն այդ քաղաքական գործիչներուն միջեւ արգահատանքը խորացաւ` պատճառ դառնալով փոխադարձ վստահութեան անկումին, միւս կողմէ` կեղեքող, վաշխառու, փտած ու կաշառակեր մարդոց ախորժակը այնքան սրեցաւ, որ ինքնին պատուհաս դարձաւ սեփական ժողովուրդի գլխին, եւ ահա, միջանկեալ այս աղէտին վրայ աւելցաւ ուրիշ մը եւս` ազգային բանակը կերակրելու անյետաձգելի պահանջը:

Այո՛, հասանք այս օրուան, դժբախտաբար, որ լիբանանեան բանակի անդամ զինուորն ու սպան պէտք ունի առօրեայ սնունդի, որպէսզի կարենան կատարել իրենց վստահուած առաքելութիւնը` հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպանութիւնը:

Այլ խօսքով` լիբանանեան բանակը անօթի է, որովհետեւ այս երկիրը գրեթէ ամբողջութեամբ աւազակութեան ենթարկուած է` նոյնինքն պետական այրերու թէ աւատապետերու ձեռամբ:

Եւ ստեղծուած այս կացութեան պատճառով` բանակի հրամանատարը պարտք կը զգայ նախաձեռնելու բազմապիսի աշխատանքներու, որպէսզի կարենայ ապահովել իր բանակին սնունդը եւ պահպանել երկրին անդորրութիւնը:

Այլ ըսած, բանակի հրամանատարը կը կատարէ ճամբորդութիւններ` այցելելով արաբ թէ եւրոպական տարբեր երկիրներ, բացատրելու կացութիւնը եւ անոնցմէ խնդրելու օժանդակութիւն:

Յաճախ լսողաց ենք բեմերէն` ազգային արժանապատուութեան մասին:

Ըստ երեւոյթին, ասիկա դարուս երկրորդ ոճիրն է (Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք), երբ, այսպէս ըսած, անկախ ու գերիշխան երկրի մը բանակը պիտի կերակրուի այլ երկիրներու կողմէ:

Երկիր մը, ուր կ՛ապրի միլիառատէր մարդոց (քաղաքական այրեր) հսկայ փաղանգ մը, որ յաջողած է ըստ «օրէնք»-ի, անսահման հարստութիւն թիզել, կեղեքել ու ժողովուրդ մը սովամահ դարձնել, ահա, ստեղծուած օրհասին մէջ, իր «լուսաշող» աչքերով կը հետեւի նոյնիսկ բանակի կործանումին:

Եւ ժողովուրդ մը, որ զոհն է դարձեր իր իսկ ստեղծած համայնքայնութիւն կոչուած կեդրոնացման ճամբարին, կը շարունակէ ապրիլ իր ողբերգը` ունկնդրելով ֆէյրուզեան յուզախառն ու մեղեդի երգերը:

Օգոստոսի 1:

Սովոր է եղած միշտ, գէթ մեզի համար, լիբանանեան բանակի տօնին առիթով արձանագրելու յաւուր պատշաճի խօսքեր եւ ի սրտէ բխած մաղթանքներ: Եւ սա, կարծես, տասնամեակներէ ի վեր մեզի ժառանգուած պարտաւորութիւն մը եղած է, տեսակ մը երախտագիտական արտայայտութիւն` հանդէպ պետական կառոյցի մը, որ Լիբանանի գոյութեան երաշխիքը հանդիսացած է երկրի անկախութենէն ի վեր:

Յայտնապէս ապագայի երաշխիք մը, հակառակ իր տժգոյն դիմագիծին ու փետրաթափ կառոյցին, որ այլապէս ալ ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին:

Նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ բանակը երկու հոսանքի (հակամարտ ուժերու) բաժնուած էր, ըստ էութեան կը պահէր ներքին լուռ միասնութիւն մը` վայելելով ժողովուրդի վստահութիւնն ու յարգանքը:

Տեղին է յիշեցնել, որ պատերազմական ամենաթէժ տարիներուն իսկ, մենք չենք լսած, որ բանակը սնունդի կարիք ունեցած ըլլայ, հակառակ այդ տարիներու պետական կեանքի գրեթէ ամլացման եւ տնտեսական վիճակի քայքայման:

Այսօր, ճիշդ է, որ Լիբանան կոչուած հողատարածքը կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութան դժուարագոյն տարիները, ինչպէս նաեւ` կռուախնձոր ու փորձադաշտ է դարձեր աշխարհաքաղաքական խօլ բախումներու, պարզապէս որովհետեւ չէ կրցած իր պետական կառոյցը ամրակայել օրէնքի ու արդարադատական համակարգի մը վրայ, ահաւասիկ, ան կ՛ապրի պետական ամօթանքի մեծագոյն ապացոյցը, երբ առանց խպնանքի կը դիմէ օտարին (մօտ թէ հեռու բարեկամ) յագեցնելու ազգային բանակին ծարաւն ու ապահովելու անոր տարրական սնունդը:

Իրօք, ազգային հաւատամքով դաստիարակուած բանակ մը, որ կրցած է տոկալ ու  դիմակայել գազանաբարոյ հաւատադրժողներն անգամ` տալով նահատակներու հսկայ փաղանգ մը, այսօր, նոյն բանակը կը գտնուի ներքին ահաւոր կացութեան մը դէմ յանդիման: Այս բոլորին պատճառը նոյնինքն պետութեան գլուխ անցած արիւնռուշտ ղեկավարներն են, որոնք չեն կշտանար մարդու օրապահիկը լափելէ, այլ անոնք կը համարձակին աղքատացած ժողովուրդի մը դիակը յօշոտել:

Զո՞վ մեղադրել` դահի՞ճը, թէ՞ դէպի կառափնատ առաջնորդողը:

Ահա թէ ինչո՛ւ չեն ամչնար այդ նոյն այրերը` մուրացկանի պատմուճանը հանդերձած, բոկոտն դիմելու օտարին, յանուն պատառ մը հացի ապահովման, այդ ալ` ազգային բանակը սնուցելու:

Եւ սպասել, որ մեծ ու փոքր երկիրներ, ժողովուրդներ ու պետութիւններ յարգեն Լիբանանի պետութիւնը, չխղճահարին եւ անգիտանան պատահածի ահաւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մտահոգութեան Մասին Յայտարարութենէ Աւելին

Յաջորդը

Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նորոգեալ Եկեղեցւոյ Օրհնութեան Կարգ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?