Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքաշինական Վերականգնումի Նախագիծին Գծով. Հետազօտական-Նախապատրաստական Հանդիպումներ` Ֆրանսայի, ՄԱԿ-ի Եւ Տեղական Պատկան Ներկայացուցիչներու Հետ

July 31, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքաշինական վերականգնումի նախագիծի իրագործման քայլերու ծիրին մէջ քաղաքապետութեան նախաձեռնած խոստմնալից քայլերը կը շարունակուին: Առ այդ, յաջորդաբար 8 եւ 9 յուլիս 2021-ին կայացան նախապատրաստական հանդիպումներ:

Առաջինը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 8 յուլիսին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ, ներկայութեամբ Ֆրանսայի հարաւային նահանգի տեղական վարչական խորհուրդի ներկայացուցիչ Էմիլիօ Փերեզի (Emilio Perez ), Միջերկրականեան շրջաններու եւ  քաղաքներու գործակալութեան պատուիրակութեան (AVITEM) անդամներ` Մարի Պատուել, Պրունօ Մարօ, Ամին պըն Իսա եւ Նաթաշա Ռասի, ինչպէս նաեւ` ֆրանսական դեսպանատան, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Ֆրանսական բարգաւաճման գործակալութեան, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (UNDP), ՄԱԿ-Ի Մարդկային պաշարներու` Հապիթաթի (UN Habitat), Լիբանանեան համալսարանի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի, Լիբանանեան քաղաքապետութեանց արհեստագիտական գրասենեակի, Մեթնի քաղաքապետութեանց ներկայացուցիչներուն եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն ու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի վերականգնումի ու բարգաւաճման նպատակով տարուող տեղական թէ արտաքին նախաձեռնութիւններուն ու ցարդ կատարուած իրագործումներուն: Պօղոսեան հակիրճ տողերու մէջ նշեց վերջերս Լիբանանը եւ յատկապէս Պուրճ Համուտը թիրախաւորած դէպքերն ու անոնց յառաջացուցած մարտահրաւէրները, ինչպէս` հոկտեմբեր 2019-էն ծայր առած ժողովրդային պոռթկումի ցոյցերը, անոնց զուգահեռ ճամբաներու փակումը, Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումը, ապա` «Քորոնա» համավարակի աղէտը: Քաղաքապետը սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Պուրճ Համուտի եւ անոր բնակչութեան ներկայի ոչ նախանձելի վիճակն ու անոնց` գոյատեւման ու վերակառուցման տարրական կարիքները: Ան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մեկենասութեամբ թէ այլազան մարզերու մէջ ներդրումով  Պուրճ Համուտի վերականգնումին նպաստած միջազգային մարմիններուն:

Այս առթիւ խօսք առաւ նաեւ Էմիլիօ Փերեզ, որ լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի կարեւորութիւնն ու այս երկրին պատմական կապերը հարաւային Ֆրանսայի միջեւ: Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը Լիբանանի եւ այս պարագային` Պուրճ Համուտի օժանդակութեան ու վերազարթման զօրակցութեան ճիգերուն: Էմիլիօ Փերեզ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրագործած նախաձեռնութիւնները շրջանի ճգնաժամային հրատապ կարիքներու լուծման եւ ընդհանուր բարեկեցութեան ամրագրման համար: Փերեզ մաղթեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ երկարաշունչ ու երկարատեւ գործակցութեան ամրապնդումը:

Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 յուլիսին, Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքին մէջ` մասնակցութեամբ վերոնշեալ ներկայացուցիչներուն: Այս առթիւ ներկայացուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքաշինական վերականգնումի նախագիծի նախապատրաստութեան համար Լիբանանեան համալսարանի թէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութիւններն ու այս մասին անոնց վերահսկիչ դասախօսներու ցուցմունքները: Նաեւ ներկայացուեցան ՄԱԿ-ի առնչակից բաժանմունքներուն կողմէ պատրաստուած նմանօրինակ ուսումնասիրութիւններ` աւելի ուշ բոլոր ուսումնասիրութիւնները համախմբելու եւ համադրելու հեռանկարով: Հանդիպումը նաեւ ընդգրկեց աշխատանիստ մը` նոյն նպատակով:

Նշենք, որ ֆրանսական պատուիրակութեան անդամներն ու այլ ներկայացուցիչներ նախապէս շրջեցան Պուրճ Համուտի, յատկապէս Մարաշ փողոցին մէջ եւ մօտէն ծանօթացան ցարդ իրագործուած վերականգնումի թէ բարգաւաճման ծրագիրներուն եւ նորանոր կարիքներուն:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Ասեղնագործութիւնը` Սեդային Կեանքը

Յաջորդը

Կանխազգուշական Նոր Միջոցառումներ` Ճաշարաններուն Մէջ. 3 Մահ Եւ 923 Վարակումի Պարագայ` «Քորոնա»-Ին Պատճառով

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.