Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Ասեղնագործութիւնը` Սեդային Կեանքը

July 31, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՆԻ ՇԱՀԻՆԵԱՆ-ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Քսանհինգ տարիներ առաջ ծանօթացայ իւրայատուկ, գիտակից, զուսպ, տաղանդաւոր, արժանիքներով լի, վայելուչ, հայկական կեանքին, մանաւանդ ԼՕԽ-ի նուիրուած Սեդա Մեսրոպեանին:

Սեդա Գաբրիէլեան ծնած էր 1941-ին, Լիբանան, Զոքաք Պլաթ: Հպարտ եւ ուրախ էր, հայկական գաղութի մտաւորական ամէնէն հարուստ ժամանակաշրջանին Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մօտ ապրած ըլլալուն: Յաճախած էր Սուրբ Նշան դպրոց եւ մաս կազմած եկեղեցւոյ երգչախումբին:

50-ական թուականներուն, հայկական կեանքի բեղուն շրջանին, Սեդան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աղջկանց ներկայացուցչական խումբին` միասնաբար արձանագրելով փայլուն յաղթանակներ եւ կատարելով ճամբորդութիւններ:

1960-ին պսակուած է Բիւզանդ Մեսրոպեանին հետ եւ ունեցած երկու զաւակ` Թորոս եւ Թամար:

Շուտով Սեդան մխրճուած է ԼՕԽ-ի կեանքին մէջ եւ անդամակցած «Նայիրի» մասնաճիւղին, ուր քանի մը շրջան մաս կազմած է վարչութեան: Ապա երկու շրջան դարձած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ:

ԼՕԽ-ի մէջ տարբեր պատասխանատուութիւններ ստանձնած է եւ մաս կազմած շատ մը յանձնախումբերու, ինչպէս` հաշուեքննիչ, ձեռարուեստ եւ այլն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, իր հայեցի պարտականութիւնը կատարելով, ներկայ գտնուած է «Աղբալեան» ակումբ եւ մաս կազմած մատակարարման աշխատանքին:

Սիրած, մօտէն ճանչցած եւ մաս կազմած է հայկական առաքելական եկեղեցւոյ: Ան երկար տարիներ եղած է Անթիլիասի մայրավանքին Տիկնանց միութեան անդամ:

Սեդային միութենական կեանքը եւ նուիրումը երբեք արգելք չեն եղած իր տիպար հայ կին, մայր եւ մեծ մայր (նանի) ըլլալուն: Հայկական առաքելական դաստիարակութիւն տուած է զաւակներուն եւ որքան հպարտ էր իր թոռնուհիին Ճեմարան աւարտելուն: Եղած էր տան դերձակուհի, Մարաշի, Այնթապի ճաշերու մասնագէտ, կանաչ աչքերուն նման, ձեռքն ալ դալար էր, «ձեռքէն ամէն ինչ գեղեցիկ եւ համեղ էր»` կ՛ըսէի:

Կեսրոջս երրորդ «զաւակը» հայկական ասեղնագործութիւնն էր: Երբ ան խօսէր, բացատրէր Ուրֆայի, Սվազի, Մարաշի, Վանի, Քիլիսի եւ այլ հայկական շրջաններու գործերուն մասին, այնքան խանդավառութիւն կը փոխանցէր եւ աչքերը կը փայլէին այնքան, որ չէիր կրնար չսիրել այդ արժէքաւոր գործերը. իր եւ մեր տունը լեցուցած էր իր ձեռքի եւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի վաճառատան գործերով:

Հայկական ձեռարուեստի յանձնախումբի հիմնադիրներէն էր, եւ աշխատանոցը վերածած իր երկրորդ տան: Կ՛աշխատէր, կը սորվեցնէր, կը ցուցադրէր, կ՛արժեւորէր, հոգի կու տար հայկական ձեռագործներուն:

Որքան վազվզեց, հաւաքեց, աշխատեցաւ եւ ուրախ էր, երբ 1999-ին ԼՕԽ-ի հովանաւորութեամբ եւ իր ու ընկերուհիին խմբագրութեամբ լոյս տեսաւ «Հայկական ասեղնագործութիւն» թանկարժէք գիրքը:

Նոյեմբեր ամսուան աւանդական դարձած ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի տարեկան ցուցահանդէսները իր կեանքի ամէնէն ուրախալի օրերն էին: Օրերով կը բացակայէր մեր կեանքէն, որպէսզի յանձնախումբին պատրաստած ձեռագործները եւ նորութիւնները ըստ արժանւոյն ներկայացուէին հայ եւ օտար հանրութեան:

Սիրելի՛ անուշ, լուռ, համեստ, արժէքաւոր կեսուրս` Սեդա, տարի մը անցած է ֆիզիքապէս քու բացակայութեանդ, սակայն դուն կը շարունակես եւ պիտի շարունակես մնալ սիրելիներուդ ամէնօրեայ կեանքին մէջ: Քու փոխանցած արժանիքներդ թանկագին են…

Աստուած լոյսերու մէջ պահէ քու համեստ հոգիդ…

 

Նախորդը

Համօ Սահեան Ա. – Ազնուական Գիւղացին

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքաշինական Վերականգնումի Նախագիծին Գծով. Հետազօտական-Նախապատրաստական Հանդիպումներ` Ֆրանսայի, ՄԱԿ-ի Եւ Տեղական Պատկան Ներկայացուցիչներու Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.