Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիճակ

Յուլիս 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Այսօր մտածեցի` ո՞ր բառը ճշգրտօրէն կրնայ նկարագրել մեր երկրի եւ ազգի ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեբանական վիճակը: Կասկած չկար. «վիճակ» գոյականն է ան: Այս եզրակացութեան հասայ, երբ հայաստանեան թերթերէ չորս-հինգ խորագիր կարդացի. «Սահմանում կրկին լարուած վիճակ է», «Դիահերձարաններում խայտառակ վիճակ է», «Հակասանիտարական վիճակ կոյուղու պատճառով», «Շուկայում բարձիթողի վիճակ է», «Անհանգիստ ենք, սպասողական վիճակ է. Խոզնաւար համայնք»: Դուք, յարգելի՛ ընթերցող, արդէն հասկցաք վիճակը: Բայց արդեօ՞ք «վիճակ» բառը միշտ դժուար ու վատ վիճակներու մէջ գտնուեցաւ: Արդեօ՞ք ան երբեք չյայտնուեցաւ դրական ու բարենպաստ վիճակներու մէջ: Հասկնալու համար կ՛առաջարկեմ իջնել մեր լեզուի խորութիւնները, շատ չէ, ընդամէնը 800 բառ, ու ծանօթանալ «վիճակ» բառի իրական պատմութեան:

Հինգերորդ դարէն աւանդուած է «վիճակ» բառը: Կը կարծուի, որ ան ունի պահլաւերէն ծագում, բունը` vaičak: Ոսկեդարուն, մեր գրաւոր լեզուի արշալոյսին ան երանելի վիճակի մէջ էր: Սուրբ գիրքի թարգմանիչները, ինչպէս նաեւ Ագաթանգեղոսը եւ այլ մատենագիրներ զայն գործածեցին իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ` անոր տալով ներկայանալի վիճակ մը: Այդ շրջանին ժողովրդավարութիւն կը վայելէին «վիճակ»-ով շինուած տասի չափ բառեր. վիճակակից, վիճակատուութիւն, բոլորավիճակ, մեծավիճակ եւ այլն:

Վերոյիշեալ բառերու մէջ իւրաքանչիւր «վիճակ» ունի իր իմաստը, ինչպէս` բախտ, ճակատագիր, գուշակութիւն, վիճակահանութեան միջոցով կատարուող գուշակութիւն, Աստուծոյ կարգաւորութիւն, ժառանգութեան բաժին, հողաբաժին, կալուած, անդաստան, եպիսկոպոսական թեմ, թեմի բնակչութիւնը, ժողովուրդը: Բառի իմաստը իմ ամենաընդարձակ վիճակին հասաւ, երբ ան նշանակեց` գաւառ, բնակավայր: Աշուղ Ջիւանին ալ մեզմէ դար մը առաջ երգ մը յօրինեց ու նկարագրեց Հայաստանի վիճակը. «Հազար ափսո՜ս, մարդուց թափուր են հիմա քաջ, բազմամարդ վիճակներդ, հայրենիք»: Իսկ Արեւմտեան Փոքր Ասիոյ երբեմնի հայաշատ Նիկոմիդիա գաւառին ծանօթանալու համար ձեզի կը յանձնարարեմ կարդալ հետեւեալ աշխատասիրութիւնը` «Առաջին տեղեկագրութիւն վիճակին Նիկոմիդիոյ», Կ. Պոլիս, 1871:

Յարգելի՛ ընթերցող, եթէ դուք Հայաստանի կամ հայկական կեանքի ներքին վիճակներուն ծանօթանալու փափաք ունիք, կամ պարզապէս որոշած էք վիճակահանութեամբ ամուսնանալ կամ արագօրէն հարստանալ, մեր Ազգային գրադարանի մասնագէտները ձեզի պիտի թելադրէին կարդալ հետեւեալ հնատիպ գիրքերը. «Ազգիս վիճակին վրայ ընդհանուր տեսութիւն մը», «Պատմութիւն Հայաստան աշխարհին եւ տեսութիւն հին Հայաստանի եւ նրա այժմեան վիճակին վրայ», «Տեղեկագիր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան այժմեան վիճակին վրայ», «Խաւեար խանի պորսային վիճակը եւ հոն շատ ստակ շահելու դիւրին կերպը», «Վիճակահանութեամբ ամուսնութիւն եւ հարստութիւն մը», «Նոր վիճակահան եւ երազահան` ըստ բնութեան»:

Բառերը, մի՛ զարմանաք, երբեմն կը մարդանան: 7-րդ դարուն այդ երեւոյթը պատահեցաւ «վիճակ»-ին, երբ մեր հայրապետները հնարեցին «վիճակաւոր» բառը, որ կը նշանակէ «կղերական»: Դարերը անցան եւ բառս ստացաւ այլ իմաստներ. կեանքի պայմաններ, կեանք, ապրուստ, հոգեկան ինքնազգացում, տրամադրութիւն, հոգեվիճակ, քաղաքացիական կամ հասարակական դրութիւն, ինչպէս նշուած է հետեւեալ նախադասութեան մէջ. «Ան կը պատրաստուէր վերջ տալու իր ամուրիութեան վիճակին»: «Վիճակ» բառը բնական գիտութիւններու ալ ձեռնարկեց: Ամէն աշակերտ նախակրթարանի տարիներուն սորված պիտի ըլլայ, որ նիւթի մասնիկներու փոխազդեցութեան եւ շարժման տեսակը, բնոյթը կ՛արտայայտենք «վիճակ» բառով, ինչպէս` ջուրը կ՛ունենայ «հեղուկ վիճակ»: Դուք, կասկած չունիմ, պատանեկութեան տարիներուն հմտացած էիք գիտութեան մէջ, հետեւաբար տարեվերջին արժանացաք գերազանց նիշերով փայլող վիճակացոյցի մը:

Ոսկեդարէն մինչեւ մեր օրերը, «վիճակ» բառին առհասարակ վիճակուեցաւ (մեր պատմութեան էջերն են վկայ) բացասական ածականներ: Անոնցմէ մէկ-երկու հատը կարելի չէ հայկական մամուլի մէջ գրաւոր ձեւով յիշել, սակայն կան ուրիշներ, որոնք թոյլատրելի են: Ահա այն ածականները, որոնք յաճախ ընկերակցեցան «վիճակ» գոյականին. անմխիթար, ողբալի, վատ, փնթի, ծանր, ահաւոր, ճգնաժամային, պայթունավտանգ, անկառավարելի, հրատապ, վտանգաւոր, փակուղային, լարուած, խայտառակ… Փողոցի վրայ կամ շուկայի մէջ տեսնելով բարեկամի շփոթ, անժպիտ դէմքը, յաճախ հարցուցինք. «Բարեկա՛մ, այս ի՞նչ վիճակ»: Դիմացինը աջ ու ձախ շարժելով իր գլուխը` պատասխանեց` «Վիճակս վիճակ չէ»: Ահա` մեր երկրի եւ ազգի քաղաքական, տնտեսական եւ հոգեբանական վիճակներու համառօտ պատկերը, ուրուագծուած` օտարամուտ երկվանկի մը կողմէ:

«Վիճակ» բառը գրական ասպարէզի մէջ ալ երեւեցաւ: Արդէն յիշած էի Աստուածաշունչը (ուր 60 անգամ գործածուած է ան), եւ` հայ հնագոյն մատենագիրները: Իսկ 11-րդ դարուն մէկ այլ հոգեւորական, բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացին «վիճակ» բառով շինեց ընտիր արտայայտութիւններ, ինչպէս` «Անճար վիճակ», «Վայելչական վիճակ», «Յաղթող վիճակ»:

Նարեկացիէն ետք «վիճակ» բառին քնարական գրականութեան մէջ անգամ մը եւս հանդիպելու համար պէտք էր սպասել մինչեւ 19-րդ դար:

1892 թուականին Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»-ի շնորհիւ «վիճակ» բառը բարձրացաւ բեմ: Համբարձում էր, հանդերը նախշուն գորգերով էին զարդարուած, ու աղջիկները սար էին ելած. «Փունջ-փունջ աղջիկներ սարերը ելան, վիճակ հանելու, աշխուժ երգերով»:

Վահան Տէրեանն էր իր վիճակը երգող յաջորդ քնարերգակը. «Էլ չեմ տրտնջում վիճակիս ունայն», «Մաքուր է իմ հոգին ու հիմա օրհնում եմ վիճակս երկրային», «Սի՛րտ անամոք իմ, սիրտ իմ նժդեհ, ընդունի՛ր խոնարհ վիճակդ վեհ»: Բանաստեղծը նաեւ խոստովանեցաւ, թէ ի՛նքն էր իր թախծոտ, տրտում վիճակներու պատասխանատուն` «Դու ինքդ ես ընտրել վիճակդ, դո՛ւ»:

Իսկ Աշուղ Ջիւանիի համար երգ էր ան: «Հայրենիք» երգին մէջ, ինչպէս յիշեցի քիչ առաջ, ողբաց ամայացած դրախտ հայրենիքի համար. «Հազար ափսոս, մարդուց թափուր են հիմա քաջ բազմամարդ վիճակներդ, հայրենիք»: Երբ անել վիճակի մէջ մատնուեցաւ աշուղը, ինքզինք համեմատեց դեղձանիկի հետ. «Բանտի չոր քարերը եղան ինձ կողինք, քեզ վիճակուեց վանդակ, սիրուն դեղձանիկ»: Ապա զգաց, որ իր վիճակը պիտի չունենայ բարելաւում. «Ջիւան, թէ չփոխուի այս ժամանակը, շատ կը դառնանայ իմ բախտիս վիճակը»:

Բայց դուն, յարգելի՛ ընթերցող, եղի՛ր լաւատես: Մինչեւ նոր հանդիպում քու վիճակներդ ըլլան բարենպաստ, բարելաւուած եւ գերազանց:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 29 Յուլիս 2021)

Յաջորդը

Ազգային Որակի Պահպանումը Սփիւռքի Առջեւ Ծառացող Նոր Մարտահրաւէրն Է

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?