Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Որակի Պահպանումը Սփիւռքի Առջեւ Ծառացող Նոր Մարտահրաւէրն Է

Յուլիս 30, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Մարդու մը իրաւ մեծութիւնը չի չափուիր իր ունեցած այն պահերով, երբ ան հանգիստ է, այլ երբ ան կը գտնուի վէճերու եւ մարտահրաւէրներու պահու մէջ»:

ՄԱՐԹԵՆ ԼՈՒԹԵՐ ՔԻՆԿ

Մարտահրաւէր բառը չեմ գործածեր նորոյթի հետեւելու կամ ուշագրաւ ըլլալու համար:

Հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կազմող սփիւռքը հետզհետէ նուազ կը տագնապի իր ազգային որակի պահպանումով, ինչ որ մաշումի եւ վերջնական անհետացման պիտի առաջնորդէ: Տոկացողներու եւ դիմադրողներու փոքրամասնութեան ներկայութիւնը պէտք չէ վարագուրէ իրականութիւնները:

Մարտահրաւէրը պէտք չէ ըմբռնել` միայն տոկացող եւ դիմադրող փոքրամասնութիւնը նկատի ունենալով, այլ նաեւ` սփիւռքի մեծամասնութիւնը, որուն ապահայացումը պէտք է դիտել որպէս համազգային աղէտ: Եթէ կարենայինք իսկական վիճակագրութիւններ կազմել, իրատես կ’ըլլայինք: Թերեւս այստեղէն ալ պէտք է սկսիլ:

Սփիւռքի որակի պահպանումը, առանց հայկական հարցի քաղաքական լուծման, միայն ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, քանի որ ան իր միջավայրի մշակոյթի եւ բարքերու ճնշման ենթակայ է, անհաւասար պայքարի մէջ է: Փաստ է, որ սփիւռքի մեծամասնութիւնը արագ կը պատշաճի, կը մերուի, կը լուծուի: Երբ ազգային-քաղաքական հեռանկար չըլլայ, ան ներգրաւուած չ՛ըլլար իր ժողովուրդի քաղաքական պայքարին մէջ:

Շրջապատը պիտի չորդեգրէ սփիւռքահայու ազգային որակները եւ բարքերը, արագ կամ դանդաղ ընթացքով ինք պիտի պատշաճի, այդ ըլլայ արագ թէ դանդաղ: Նոյնիսկ եթէ Հայաստանի պետութիւնը, յաղթահարելէ ետք իր դժուարութիւնները, լայն միջոցներ յատկացնէ սփիւռքի ազգային որակի պահպանման, որոնք, ինչպէս եղած է մինչեւ հիմա, առաւելապէս սահմանափակուած են այցելութիւններով, երգչախումբերով, թատերախումբերով եւ զբօսաշրջութեամբ, արդիւնքը մասնակի եւ ժամանակաւոր պիտի ըլլայ, եթէ սփիւռք-կացութիւնը չյանգի իրաւունքի, ինքնութեան եւ արմատներու վերականգնումի քաղաքական լուծման:

Միացեալ Նահանգներ ճանչցան Հայոց  ցեղասպանութիւնը: Արդ, սփիւռքը (խօսքս մասնակի խմբաւորումներու մասին չէ) քաղաքական-դիւանագիտական նոր իրադրութեան մէջ հանդէս պիտի գա՞յ որպէս պահանջատէր` հաւաքական կամքով, ինչպէ՞ս պիտի հասնի այդ հաւաքական կամքի ձեւաւորման եւ պիտի խօսի ԲՈԼՈՐին անունով: Այս ՄԷԿ կամքը կարեւոր է համախմբման համար, ոչ միայն անոնցմով, որոնք պատնէշի վրայ են (բազմապատկուած պատնէշներու վրայ), այլ` անոնց համար նաեւ, որոնք տկարացած են, նահանջած են, դարձած են կամ կը դառնան սոսկ ծագումով հայեր:

Անցեալի իմաստազուրկ դարձած կոտորակումներով չենք կրնար դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները, պահանջները ներկայացնել տարբերութիւններով, այլ` բիւրեղացնել նպատակը եւ մէկտեղել (պիտի կարենա՞նք, պիտի ուզե՞նք) կարելիութիւնները, դառնալ նկատառելի ուժ, որուն անունով պիտի խօսի անսակարկ վստահութիւն վայելող առաջնորդը կամ առաջնորդող մարմինը:

Առանց դաշնակիցներ եւ աջակիցներ ունենալու` հայոց իրաւունքի վերականգնումը կարելի չէ իրականացնել: Դաշնակիցներ ունենալու համար պէտք ըլլալ վստահելի եւ իմաստուն, ունենալ ուժ: Երբ հաւանական դաշնակիցին հետ խօսողները բազմաթիւ ըլլան, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց որակը, անոնք լուրջ չեն համարուիր, քանի որ անպայման կը դրսեւորուին հակասութիւններ:

Սփիւռքը պէտք է լուծէ իսկական հաւաքական կամք ներկայացնող առաջնորդութեան հարցը:

Ներսփիւռքեան բաժանումները, նոյնիսկ երբ երեւութապէս պառակտումներ եւ անցեալի պայքարները չկան, նման առաջնորդութիւն ստեղծելու գծով լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր ո՛չ մեր ժողովուրդին, ո՛չ ալ մեր հաւանական խօսակիցներուն: Կան ժառանգուած եւ կարծրացած ըմբռնումներու տարբերութիւններ, կան նորերու փառասիրութիւնները, գրքունակ բանգիտութիւնները: Հաւաքական կամք արտայայտող առաջնորդութիւն յառաջացնելու ձեւերը եւ կառոյցները չկան, չունինք: Մեր պատմութիւնը եւ կեանքի ընթացքը այնպէս եղած են, որ բազմաթիւ եղած են եւ բազմաթիւ են ճիշդին ու ճշմարտութեան լուսապսակը ինքնաշնորհածները, անոնք ըլլան անհատներ, յաճախ` ընտանիքներ (ժառանգական իրաւունքով), խմբակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Սփիւռքի պայմաններուն մէջ հայկական համրանքը միշտ չնչին է` ընդհանուրին բաղդատած: Յարգելի ուժ ըլլալու, դաշնակից ունենալու, բանակցող կողմ ըլլալու համար Առաջնորդը, կամ Առաջնորդութիւնը պէտք է կռթնի ընդհանուր եւ միացեալ համրանքին վրայ, սփիւռքի միլիոններուն վրայ: Այն ատեն յաւակնութիւն կ’ունենանք նկատի առնուելու, լսուելու, աջակից ունենալու: Կ’ունենանք կշիռ ունեցող ներկայացուցչութիւն: Սփիւռքը նման ներկայացուցչութիւն չունի:

Մի՞թէ հայկական ախտ է բազմապատկուող ներկայացուցչութիւններ ունենալ, Հայաստան եւ սփիւռք: Հարիւրաւոր տասը հոգինոց խմբակցութիւններ, տասնեակներով հարիւր հոգինոց խմբակցութիւններ եւ աւելի բազմաթիւ անդամներ ունեցողները գլխաւորելու նոյնատեսակ յաւակնութիւններ ունին` տարբեր բաներ ըսելով: Ինչպէ՞ս համադրել ընդհանուր նպատակին բաղդատած` գոյութեան իրաւունք չունեցող հակամարտութիւնները, ինչպէ՞ս յաղթահարել սովորական դարձած կարծրացումները, որոնք պէտք է յաղթահարուին եւ ձուլուին իրաւունքի վերականգնումի պայքարի յաջողութեան համար:

Չի բաւեր խօսիլ առաջնորդութեան մասին: Ան պէտք ունի զինք պահող եւ իրեն նեցուկ կանգնող գիտակից հաւաքականութեան, որ տարտղնուած է, զոր պէտք է միացնել միասնական նպատակին շուրջ, դարձնել յանձնառու, որ պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ կ’ուզէ, ինչո՛ւ կ’ուզէ, ո՛ւր հասնելու համար եւ ինչպէ՛ս: Միացնելով բազմամարդը եւ փոքրաթիւը` Լոս Անճելըսի եւ Ալասքայի, Աթէնքի եւ Կրէտէի, Շանկհայի եւ Սիտնիի հայերը:

Սփիւռքահայ միլիոնները միգամած են: Անկեղծութեամբ պէտք է ընդունինք, որ յանձնառուները չնչին տոկոսն են սփիւռքի միլիոններուն: Նկատառելի ուժ դառնալու համար յանձնառուներու եւ մասնակիցներու խարիսխը պէտք է աճեցնել: Այս ներազգային կազմակերպական կարեւոր խնդիր է, զոր պէտք է իրականացնել` չբաւարարուելով ինքնագոհ բջիջներով:

Հեռանկարային կազմակերպութեան համար անհրաժեշտ են նախատեսութիւններ եւ ծրագրում: Այս ընելու պէտք է գիտնալ, թէ ո՛ւր են այդ միլիոնները, եւ ինչպէ՞ս հետաքրքրուիլ անոնցմով, ինչպէ՞ս զանոնք տեղեակ պահել, ինչ որ կը պահանջէ նիւթական եւ մարդկային ներդրում, սիրողականը չի բաւեր, պէտք է ունենալ մասնագիտական մօտեցում եւ կազմակերպութիւն:

Յանձնառուները, տոկացողները եւ տեւողները եթէ չերթան դէպի բոլոր անոնք, որոնք լուսանցքային դարձած են, բացակայ են հաւաքական կեանքէն, մասնակից չեն համայնքներու եւ ընդհանուր առմամբ ազգային կեանքին, անոնք ինքնաբերաբար, հրաշքով պիտի չգան մասնակցութեան:

Հիմնական, հիմնաւոր, այսինքն ծրագրուած եւ մասնագիտական աշխատանք պէտք է, զոր պէտք չէ շփոթել շաբաթավերջի ժողովներու եւ հանդէսներու կրկնուող էսթեպլիշմընթային ինքնահիացման կարգախօսերուն հետ:

Եզրակացութիւն. պէտք է սկսիլ աշխատանքը իրաւասու գիտական կառոյցներով, որոնք կը գործեն լիաժամ, ոչ յօժարակամ աշխատաւորներով, արդիւնքներու մասին տեղեակ պահելով վերեւ յիշուած ԲՈԼՈՐը, որ անհրաժեշտ է վերականգնումի, յաջողութեան եւ գիտակիցներու զանգուածային զօրաշարժին համար:

Պարզ է. թաղայինէ եւ համայնքայինէ վեր, պէտք է հասնիլ իրաւ համասփիւռքեան եւ համահայկական մակարդակ: Ոչ ոք մեզ հոն պիտի հասցնէ: Միակ երկընտրանքն է. հոն հասնի՞լ, թէ՞ չհասնիլ: Մեր պարտութիւններու պատասխանատուութիւնները մեզմէ դուրս փնտռելու ճապկումներէ առաջ` զանոնք փնտռե՛նք մեր մէջ:

Կազմակերպութիւն եւ քաղաքական դատի հետապնդում` մասնագիտական գործեր են եւ կ’ենթադրեն հետեւողականութիւն:

Վիլլէր-սիւր-մէր

Նախորդը

Վիճակ

Յաջորդը

Մասունք Հաւատոյ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?