Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մինչեւ Կարգավիճակի Լուծում

July 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի հրաւէրով օտարերկրեայ դեսպաններուն եւ դիւանագէտներուն  Ազրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած  Շուշի այցելութիւնը դատապարտելը բաւարար չէ ու պէտք չէ ըլլայ հայկական դիւանագիտութեան եւ Հայ դատի գրասենեակներուն համար:

Կրկնելու կարիք չենք տեսներ, թէ Ազրպէյճան ինչպիսի՛ ոճիրներով խախտած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի սկզբունքները, տակաւին պատերազմի օրերուն բռնի տեղահանութեան ենթարկած է Շուշիի բնակչութիւնը եւ աղաւաղած ու քանդած` բռնագրաւեալ շրջաններու հայկական մշակութային կոթողները:

Այս բոլոր հիմնաւորումները կարելի է մշտապէս յղել բոլոր այն դիւանագիտական կողմերուն, որոնք ընդունեցին Ազրպէյճանի հրաւէրը եւ ձեւով մը մեղսակից դարձան Ազրպէյճանի բռնարարքներուն: Անոնք փաստօրէն վաւերականութիւն հաղորդեցին այդ բռնարարքներուն այն ժամանակաշրջանին, երբ տակաւին Արցախի, ներառեալ Շուշիի, Հատրութի եւ այլ շրջաններու կարգավիճակը չէ ճշդուած, եւ տագնապը չէ հանգուցալուծուած, այլ պարզապէս զինադադարի համաձայնագիր մը ստորագրուած է:

Այս բոլորը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին դերակատարութեան կարեւորութիւնը անընդհատ նման դիւանագիտական կողմերու ուշադրութեան յանձնելը գէթ ժամանակի ընթացքին կրնայ զիրենք մղել, որ վերապահ մօտեցում ունենան` ըմբռնելով մէկտեղ, որ տարբեր երկիրներ կը փորձեն իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ վերահսկողութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ եւ իրենց տնտեսական շահերը երաշխաւորուած տեսնել` անկախ անկէ, թէ հակամարտող ո՛ր կողմին ի նպաստ կը թեքի իրենց շահերուն նժարը:

Արցախի անկախութեան տարիներուն մենք ականատեսը կ՛ըլլայինք Արցախ այցելող օտարերկրացիներուն` Ազրպէյճանի կողմէ սեւ ցանկերու մէջ ներառուելուն, շրջանի ապահովական վիճակի անընդմէջ լարուած պահուելուն, որպէսզի ազատագրուած տարածքները զբօսաշրջութեան զարգացման կարելիութիւն չունենան, եւ օտարերկրացիներ վերապահ ըլլան իւրաքանչիւր այցելութեան պարագային:

Այսօր հայկական կողմը ամէն ջանք կրնայ թափել գէթ Ազրպէյճանի հետ շահեր ունեցող երկիրներուն վերապահ մօտեցումը ապահովելու, յատկապէս` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու հրաւէրի մերժումին ուղերձը պարզելով բոլորին:

Անհրաժեշտ է մղել օտար երկիրները աստիճանաբար հետեւելու ԵԱՀԿ Մինսքի օրինակին, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հողերու բռնագրաւումը միջազգային ընտանիքի լուռ հաւանութեան չարժանանայ, եւ լուսարձակի տակ մնան ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահող երկիրներու դերակատարութիւնն ու Արցախի կարգավիճակի լուծման հիմքերը:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վիրաւոր Ենք, Բայց Չյանձնուեցանք

Յաջորդը

Սերոմներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.