Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Վիրաւոր Ենք, Բայց Չյանձնուեցանք

July 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Այո՛, մասամբ յաջողեցան մեզ խաբել, ընդունի՛նք: Պատմական Արցախը յանձնել, մեր մատղաշ տղաքը ճակատ ղրկել, որպէսզի ի զուր զոհուին, նաեւ ամբողջ հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը ոտնակոխել թուրք-ազերիին առջեւ, եւ յետոյ ձեւացնել, թէ ամէն ինչ վերադարձած է «նորմալ», ինչպէս իրենք պիտի ըսէին աղաւաղուած լեզուով:

Երբեք չեմ ուզեր բարդ քաղաքական «խելացի» մեկնաբանութիւններու մէջ մտնել, թէ ասիկա «սորոսական ծրագիրն» է, կամ ալ «լաւրովեան» Կովկասի մեծ ծրագիրը. շօշափելի եւ դառն իրականութիւնը այն է, թէ ո՛չ միայն հողային շատ մեծ տարածքներ կորսնցուցինք, այլ նաեւ ամբողջ հայրենիքը մօտալուտ եւ վերահաս գոյութենական վտանգի տակ է, եւ աւելի տխուրը այն է, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը կարծէ թէ ամէն ինչ «նորմալ» է:

Անզգա՛յ ժողովուրդ, արդեօք ե՞րբ պիտի արթննաս քու խոր թմբիրէդ, ե՞րբ պիտի տեսնես, թէ հազարամեայ հայրենիքը, որ միայն քեզի չի պատկանիր, եւ երաշխիքն է մեր ազգին գոյատեւման, արդէն իսկ կորսուելու վրայ է:

Երասխ, Գեղարքունիք, Գեղամայ սար, Սիւնիք Տաւուշ… Տակաւին շարքը երկար է սահմանային այն շրջաններուն, որոնք վտանգուած են եւ որոնց ուղղութեամբ թշնամիին կողմէ անընդհատ ներթափանցումներու փորձեր կը կատարուին:

Ներկայ իրավիճակին մէջ որեւէ երեւոյթ չի կրնար զաւակ կորսնցուցած մօր մը, պապենական տունը կորսնցուցած գիւղացիի մը կամ հայրենասէր անձի մը արցունքները չորցնել: Քանի մը յայտարարութիւններ ամերիկացի կամ այլ օտար երկրորդ կամ երրորդ մակարդակի պաշտօնեաներէ մեզ պիտի չմոռցնեն ներկայիս գոյութիւն ունեցող ահռելի եւ աղէտալի իրականութիւնը:

Կը վրդովիմ, երբ առցանց հարթակներու վրայ կը տեսնեմ անիմաստ, անտեղի, անհեթեթ ժպիտներ զուարճանքի պահերու` Երեւանի այս կամ այն սրճարանին, ճաշարանին կամ գիշերային ակումբին մէջ: Ամօ՛թ: Այս՞ է պատկերացումը, երազներու մարմնացումը անկախ, հզօր եւ արդար հայրենիքի:

Մարդկային իրաւանց հանրածանօթ եւ հռչակաւոր գործիչ Մարթին Լութըր Քինկ կ՛ըսէ, թէ «մեծագոյն ողբերգութիւնը ճնշումը չէ անգութ եւ դաժան անձերու կողմէ, այլ լռութիւնն է լաւ մարդոց կողմէ»:

Պիտի ուզեմ գրութիւնս աւարտել մէջբերելով սկովտիացի հռչակաւոր նաւաստիի մը` Սենթ Էնտրիւ Պարթոնի հետեւեալ խօսքը. «Վիրաւոր եմ, բայց ոչ մեռած, պիտի հանգչիմ, որովհետեւ արիւնս կը հոսի, բայց յետոյ դարձեալ պիտի կանգնիմ կռիւը շարունակելու»: Այս խօսքերը կ՛արտացոլեն իւրաքանչիւր ընտիր հայրենասէր անհատի հոգեվիճակը: Այո՛, վիրաւոր ենք, բայց չյանձնուեցանք:

Պայքարը կը շարունակուի, եւ ասոր վկան է աշխարհը:

Պայքա՛ր պայքա՛ր եւ անվերջ պայքա՛ր, մինչեւ վերջին յաղթանակ:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մինչեւ Կարգավիճակի Լուծում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.