Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերոմներ

Յուլիս 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

«Ես իմ ասլան տղա՜ս կ՛ուզեմ», օրը քանի մը անգամ կը լսուէր Գէորգին մօր ձայնը քովի պատուհանէն: Ռիմային համար առօրեան տրտունջ չունէր: Ճիշդ է, որ դպրոցները հազիւ վերաբացուած լիբանանեան տագնապը դարձեալ դանակի պէս կտրած էր քաղաքացիներու բնականոն առօրեան, սակայն Ռիմայի տարիքը ուրի՜շ բան էր-ամէն ինչ կը թրթռար իր սրտին մէջ` երգը, գարունը, նորածիլ բոյսերը, հալող ձիւնը, իրենց փողոցին լոյսերը, որոնց տակ ինք եւ Կարոն քալած էին:

Ռիմա անշուշտ կեանքին մէջ չէր կրնար մոռնալ այն քանի մը օրերը, զորս անցուցած էին գետնայարկը, շէնքին բոլոր բնակիչները ռումբերու եւ փամփուշտներու տեղատարափին տակ դալկահար եւ տկարացած էին: Օր մըն ալ առտուան դէմ Կարոն իր համազգեստով իջած էր ներքնայարկ եւ բոլորին մէջ փնտռած էր զինք:  Ռիմա մանրամասնօրէն կը յիշէր Կարոյին տաբատին եւ ժաքեթին ծալքերը, մոյկերը, Կարոյին անձնուրաց նայուածքը, տենդը, երբ իրեն հարցուցած էր, թէ իրապէս շատ վախցա՞ծ էր գիշերը: «Ալ անկէ ետք չվախցայ,- կ՛ըսէր Ռիմա իր ընկերուհիներուն,- զէ՛նք ունի Կարոն, երբ պէտք է կու գայ մեր տունը, իսկ գիշերները ընկերներով ամբողջ թաղը կը պաշտպանեն»:

Իր երեւակայութիւնը կը յառաջանար քանի մը տարի, յետոյ ետ կը դառնար, կը վախնար Կարոյին եւ անոր ընկերներուն համար: Այդ ընկերներէն մէկ քանին արդէն յիշատակ դարձեր էին: Նահատակուեցան Լիբանանի համար, գրեր էին թերթերը, եւ աղէտին ծանրութեան չափ զուսպ քանի մը տող նուիրած. «Ես իմ ասլան տղաս կ՛ուզեմ, վա՜յ, ճիկերս կ՛ուզեմ», կը լսուէր Գէորգին մօր ձայնը:

Անկէ ետք Ռիմա սկսած էր բուրդէ գլխարկներ հիւսել ակումբի տղոց համար: Ձմեռը ցուրտ էր, քարիւղ չկար, ո՛չ ալ մազութ: Բուքը չէ, որ կ՛ոռնար, այլ` թնդանօթը: Անձրեւը չէ, որ կը հարուածէր դռներն ու պատուհանները, այլ` մտահոգութիւնը, սարսափը` իւրաքանչիւր վայրկեան պատահելիք բանի մը: Արշալոյսները մարդոց ժպիտներով կը ծաղկին, չկային ժպիտները եւ արշալոյսներ թառամեցան:  Ու գարունը եկաւ, լերկ ու լեղապատառ կնոջ պէս գալարուեցաւ մարդկային նայուածքներու առջեւ. պուտ մը ջերմութիւն հայցեց, իսկ տղաք անվախ ու դաժան դիմագիծերով անցան իրենց պատնէշներուն ետին:

Իրար դէմ սուրացող հարուածները ճեղքեցին գարնան հոսանքը եւ մարդիկ, կիներ, մինչեւ իսկ պատանիներ վայրկեանի մը մէջ քարացան, եւ արիւնը քարացաւ. ու կեանքը ռմբակոծուած ապաստանարանի մը մէջ վիրաւորի իր կսկիծը դարձեալ կապեց:  Գարունը գալարուեցաւ սեւազգեստ կիներու լռութեան մէջ:  Միայն թերթերն ու պատկերասփիւռը խօսեցան – ֆրանսացին եկաւ, ամերիկացին եկաւ` նորէն եկան, նորէն գացին. հարկաւ ամէնքը մտահոգ էին, խորապէս կը ցաւէին «լիբանանեան այս եղբայրասպան պատերազմին համար»:

Ամէն կողմ դաւ կար. ամէն քաղաքագէտի մէջ դաւաճան մը տեսնուեցաւ, բայց համաձայնութիւն մը անհրաժեշտ էր. երեսունչորրորդ զինադուլը յայտարարուեցաւ. իսկ հինգ վայրկեան ետք Ռիմա, տասնվեց տարեկան մանկամարդուհին փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Նապաայի վրայ ինկած առաջին ռումբը իր կենսախայտ մարմինը խոցեց:  Երկու օրէ ի վեր հիւանդանոց է Ռիման, ուղեղի եւ ստամոքսի երակները վնասուած են, արիւնահոսութիւնը դադար չունի:  Ակումբի տղաքն ու աղջիկները փութացած են հիւանդանոց. ժամէ ժամ արիւն կը հասցնեն:  Ոմանք կը վախնան իր անկողինին մօտենալու, որովհետեւ սուր ցաւերով կը գալարուի, կը պոռչտայ, անգիտակից բառերու մէջ կորսուած  կը մրմռայ. Բայց նրբանցքներուն մէջ կը զօրանայ այն համոզումը, թէ պիտի ապրի Ռիման, տուն պիտի վերադառնայ, փողոցին լոյսերը տեսնէ, Կարոյին ընկերներուն գլխարկներ պիտի հիւսէ, ակումբին մէջ սուրճ պիտի խմէ:

Եւ ամէնքը արիւն կու տան, հերթով, սրբազան պարտականութիւն մը կատարելու գոհունակութեամբ: Ու հիւանդանոցին ջարդուած ապակիներէն կը թափանցեն ու կը բազմանան Ռիմաները, Կարոները, Գէորգները, անոնք, որոնք իրենց արեան կանաչութիւնը տուին, անոնք իրենց երազներու մեղեդին լռեցուցին հայրենիքի պահպանման համար` ժողովուրդներու գոյակցութեան խորհուրդին մէջ թափանցելով:

Քառորդ ժամ միայն կրնայ քնանալ Ռիման. անկէ ետք մղձաւանջ է. կը պոռչտայ: Թեւերը դրած են տախտակներու ներքեւ, որ չշարժէ: Սերոմը կախուած է սնարին վրայ ու անդադար կը հոսի, կը ներարկուի իր երակներուն մէջ:  Ինք չ՛անդրադառնար, բայց բժիշկներն ու ընկերները գիտեն, որ պիտի մեռնի Ռիման: Ռիման պիտի զոհուի այն հրէշին, որ այդ ռումբը լարեց: Սերոմը կը թափանցէր, կը փոխանցէր, եւ ամէնքը իրենց խոնաւ աչքերը յառած էին այդ ներուժ ու փրկութիւն խոստացող հեղուկին:

Սիրոյ եւ գաղափարի սերոմին:

***

Պէյրութի նաւահանգիստը, քանի՛երորդ անգամ ըլլալով, բոցերու քմահաճոյքին յանձնուած էր: Մայրաքաղաքի եւ արուարձաններու բարձր յարկերէն ու տանիքներէն կարելի էր դիտել այն կարմիր մշուշը, որ ինքնամոռ սատիզմով մը կը բզկտէր արդէն նուաղկոտ երկնակամարը: Գիշեր: Բնակիչներ պատշգամներու անկիւնները թաքնուած կը դիտէին կարմրաւուն բոցերու պատճէնը: Ուրիշներ կ՛ուսումնասիրէին ու մատնացոյց կ՛ընէին ճիշդ այն կէտը ուր հրդեհը հասած կրնար ըլլալ: Առեւտրականներէն անոնք,  որոնք տակաւին այս երկրին մէջ էին, մտահոգ էին:  Կրակը ուտեստեղէններու շտեմարանին հասած է, կը կրկնէր ձայնասփիւռի խօսնակը, հրշէջներու մեքենային վրայ կրակ մի՛ բանաք: Կիպրոսէն նոր ուժ կ՛ակնկալուի զայն մարելու. նոր ուժ պիտի հասնի, կրակ մի՛ բանաք…

Տղամարդիկ բաժնուած էին տարեկից խումբերու, հեռադիտակները ձեռքէ ձեռք կը խլէին եւ անպայման Հոլիտէյ Ինը ծուխերու մէջ կը գտնէին:  Դիմացի շէնքէն կին մը ձեռքերը փորին կը հանգչեցնէր ու ներս կը վազէր: Ամէն մարդ մտահոգ էր անմիջական ապագայով: Այս կինը այս քաղաքին մէջ զաւակ պիտի ծնանէր: Ո՜վ գիտէ որքան կաթի տուփեր պայթեցան, ի՜նչ սննդանիւթեր փճացան: Կը տեսնէ՞ք վաղուան երեխաները տխեղծ, անգոսած դէմքերով, մութ փոսացած նայուածքով: Այս բոլորը, որովհետեւ… Որովհետեւ այս երկիրը փրփրած լաւայի պէս կ՛եռար-տարիներու ընթացքին  գողութիւնն ու խարդախութիւնը բարձրացուցած էր ընչաքաղցութեան լեռը – եւ ահա լաւան կը լափլիզէր երկիրը:

Կ՛եռար, որովհետեւ քաղաքագէտ մը չունեցաւ,  որ իր անձէն դուրս գար ու հակակշռէր ղեկը: Որովհետեւ քայքայման աստիճանաւորումներն ու հանգրուանները բարձրաձայն ազդարարող մը չգտնուեցաւ: Որովհետեւ միակողմանի ուժ մը առաւ իր ուսերուն ոսկեգոյն պատմուճանը եւ արհամարհանքով դիտեց այն մեծամասնութիւնը, որ ցնցոտիներու մէջ էր: Որովհետեւ խիղճը փոքրացաւ, փոքրացաւ հոգին ու մեծցաւ նիւթը. եւ նիւթը խլիրդի բջիջներու պէս ուռեցաւ բոլոր ուղղութիւններով: Դրամը ջնջեց հայրենիքի գիտակցութիւնը երկրի ղեկավարներուն մէջ. եւ ահա լաւան իր կրակէ թաթով կը խեղդէր երկիրը:

Իսկ նիւթը փքեցաւ հարիւրաւոր Ապու Ռաշիտներու կողմէ: Դուք չէ՞ք ճանչնար Ապու Ռաշիտը: Չէ՞ք ճանչնար ձեր շրջապատը: Ահա Ապու Ռաշիտը այդտեղ` նաւահանգիստին մէջ է. կը հարցնէք` ի՛նչ է ձեռքին մէջ գտնուող տարօրինակ բանը:  Վիրահատութեան մը համար հիւանդանոցին մէջ էր, երբ լուր հասաւ, թէ կը պարպուին նաւահանգիստին այն ապրանքները, որոնք չհրկիզուեցան: Ապու Ռաշիտ առանց ժամանակ վատնելու, սերոմը ձեռքին բարձր բռնած` հասաւ նաւահանգիստ:  Ոչ ոք կրնայ իր ապրանքը դուրս հանել առանց գոհացում տալու Ապու Ռաշիտին, որ փրփրած դէմքով կը պոռայ, կը սակարկէ, կը պահանջէ:  Վտանգած է իր կեանքը, բայց ձեռքերուն մէջ ամուր բռնած է ընչաքաղցութեան, չարաշահութեան սերոմը:

Կ՛ըսեն, թէ հրահանգները աւարտելէ ետք, երբ վերադարձաւ հիւանդանոց, անմիջապէս սերոմը նորոգել տուաւ, նարկիլէ մը ապսպրեց, յետոյ պահանջեց հեռախօս մը եւ թիկնապահներուն հրամայեց, որ իր դռները փակեն:

Կ՛ըսեն, թէ Ապու Ռաշիտ դեռ կը հեռաձայնէ…

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մինչեւ Կարգավիճակի Լուծում

Յաջորդը

Նշմար. Թուրքէն Ու Ազերիէն Սորվելիք Չունինք…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?