Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Թուրքէն Ու Ազերիէն Սորվելիք Չունինք…

Յուլիս 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 26 յուլիսին, հաղորդեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ հարցազրոյց մը: (Ամբողջութիւնը կարելի է դիտել հետեւեալ կապով. https://youtu.be/lkp8SPP2GWE):

Ուշագրաւ զրոյց մըն էր, որուն մէկ քանի կէտը կ՛ուզենք լուսարձակի տակ բերել, այն առումով, որ ան հարցերուն ունի շատ աւելի իրապաշտ,  հայկական շահերու իրազեկի եւ թուրքեւազերիական խեղումները բացայայտելու տրամադիրի մօտեցում, ի հակադրութիւն` Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք հազիւ թէ սկսած են տարօրինակ հանդուրժողականութենէ մը դուրս գալ եւ քննադատական արտայայտութիւններ ունենալ Ազրպէյճանի հասցէին, անոր աղաղակող թշնամանքը որակելով «խաղաղութիւնը խափանելու, համաձայնութենէն ետ կանգնելու փորձ»: (Մէկը հարց պէտք է տայ, թէ Ազրպէյճան ե՞րբ էր, որ «կառուցողական» էր…):

Վեր առնենք հետեւեալները.

Ա.- Բաբայեան բուռն կերպով հակազդեց ազերիական այն ոտնձգութիւններուն, որոնք ի գործ կը դրուին Դադիվանքի ամբողջական իւրացման եւ դիմափոխութեան նպատակով: Ան շեշտեց, որ ազերիները ճիգ կ՛ընեն իբրեւ աղուանական կամ ուտիական ներկայացնել այս (նաեւ այլ) պատմական կոթողներ, խեղաթիւրել պատմութիւն եւ մշակոյթ: Այս փորձերուն մէջ ան տեսաւ նաեւ ռուս խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը նսեմացնելու եւ արժեզրկելու ճիգ (…): Շա՛տ բարի:

Բ.- Անընդունելի նկատեց Ալիեւի այն հաւաստիքները, թէ Արցախի հարցը լուծուած է, Հայաստանի հարաւային գօտին` Սիւնիքը «արեւմտեան Զանգեզուր է» եւ «պատկանած է Ազրպէյճանին», ուրեմն, անոր վրայ աչք ունենալը բնական է: Ան առանց բառերը ծամծմելու հաստատեց, որ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը ստեն, կը խեղաթիւրեն, կը քանդեն ու կը դիմափոխեն հայկական շրջաններ: Միւս կողմէ` անընդունելի նկատեց նաեւ Հայաստանի մէջ փչող հակառուսական հովերը, աւելցուց մօտաւորապէս հետեւեալը. ուրիշները մեղադրելէ առաջ, նախ պէտք է մենք մեզի հետ քննարկման նստինք մեր դրական եւ թերի քայլերուն շուրջ, նաեւ տեսնել, որ Ալիեւ կը փորձէ սեպ խրել Հայաստանի եւ դաշնակից Ռուսիոյ միջեւ (Բաբայեանի խօսքերը ըստ ամենայնի ռուսասիրութիւն չէին բուրեր):

Գ.- Վերի նշումները կատարելու պահուն, յանկարծ «սպրդեցաւ» տարօրինակ մտածում մը: Ելլելով այն տուեալէն, որ «Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կայացած երկիրներ են»` համոզում յայտնեց, որ «պէտք է սորվինք անոնցմէ»: Ըսել ուզածը այն էր, կը կարծենք, որ անոնք «վարպետօրէն» կը խաղան իրականութիւններու հետ, զանոնք կը թեքեն իրենց շահերուն համաձայն, իրենց յարմար դատած ձեւով, իսկ հայկական կողմը ձեւով մը տկար կ՛իյնայ հակազդելու գործընթացին մէջ:

Որքան ալ որ փորձենք տրամաբանութիւն մը փնտռել-գտնել «թուրքէն ու ազերիէն պէտք է սորվինք» մտածումին մէջ, պարզ պատասխանը անվիճելի է. հայը սորվելիք չունի թուրքէն ու ազերիէն, որովհետեւ, նոյնինքն Բաբայեանի հաստատումով` անոնք խեղաթիւրող են, բիրտ ու այլ անբարոյութիւններով հարուստ: Խորքին մէջ, եթէ սորվելիք բան ունինք` այդ ալ մեր սեփական փորձառութենէն է, հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալի պատմութենէն, երբ ՍԵՓԱԿԱՆ բազուկով եւ ըստ բաւականին բիւրեղացած ազգայնականութեամբ յաղթանակներ կերտեցինք անհաւասար ճակատումներու մէջ, մինչեւ որ հասաւ… պարտուողականութեան քարոզչութիւնը (պէտք չունինք մանրամասնելու):

Այո՛, թշնամիէն սորվելիք չունինք, ինչպէս որ յայտարարած ենք եւ կը շարունակենք հաւատալ, որ անոնց տալիք հող չունինք, իսկ առնելիք` շա՜տ:

Դ.- Բաբայեան արդարօրէն ցասում արտայայտեց, որ «փոքրացած Արցախի» բնակչութեան (եւ այլ իրողութեանց) մասին Ալիեւի խեղաթիւրեալ հրապարակումները կը նպատակադրեն ո՛չ միայն ծածկել իրականութիւնները, այլ նաեւ ԱՐԺԵԶՐԿԵԼ ՄԵՐ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐՆ ու անոր արդիւնքները: Ըստ իրեն, Ալիեւ կը փորձէ մեզ ու աշխարհը համոզել, որ հայերը լաւագոյն պարագային 25 հազար շունչ բնակիչ կրնան ունենալ Արցախի մէկ փոքր պատառիկին վրայ, որպէսզի ըսէ, որ «ահա այս էր ձեր ազատագրական պայքարը, ասկէ աւելին չէք արժեր, կարող չէք աւելին ունենալու»: Շա՛տ ճիշդ նկատողութիւն: Սակայն այս թէ նախընթաց հակադարձութեանց մէջ, ցանկալի պիտի ըլլար լսել Արցախի դիւանագիտութեան պետէն, որ Արցախն ու Հայաստանը ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ՀԱՄԱԿԵՐՊԻԼ «Արցախէն մնացած պատառիկ»-ով գոհանալու գաղափարին, երբ խաղաղարար միջնորդ ԲՈԼՈՐ կողմերը կը ժխտեն Ալիեւի այն հաւաստիքը, թէ «Արցախի հարցը լուծուած է». գոնէ մենք կը հասկնանք ու պէտք է դաւանինք, թէ հայկական Արցախի ամբողջ տարածքը` իր պատմական սահմաններով, չի կրնար պատկանիլ Ազրպէյճանին, թոյլ պիտի չտանք, որ այդ պատրանքը իրականանայ: (Ամէնէն բարեմիտ ունկնդրութեամբ անգամ, նման յանձնառութիւն եւ կամք չտեսանք զրոյցի պահուն: Իսկ արդէն ծանօթ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար, Շուշին դժբախտ է ու տժգոյն, սահմանագծումի ծրագիրները եւ միջնորդութիւնները կը դիտուին այն տրամաբանութեամբ, որ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ը… սնանկ հռետորութիւն էր):

***

Թուրքէն ու ազերիէն օրինակ չառնելու տրամաբանութենէն աւելի` կենսական է, որ Արցախի պետական պատասխանատուներն ու ամբողջ ժողովուրդը` տուն, ստացուածք եւ հայրենի հող կորսնցուցած արցախցին իր քաղաքական կամքին մէջ աննահանջ պահէ Արցախի, ամբողջական Արցախի տիրութեան կամքը, կորսուածը վերադարձնելու վճռակամութիւնը, որքան ալ որ յետպատերազմեան պայմանները առայժմ կը թուին աննպաստ: Այս կամքին կողքին, նո՛յնքան անհրաժեշտ են այս ուղղութեամբ աշխատանքները, ԳՈՐԾ-ը (պէ՞տք է գոհունակ զգալ, որ Արցախի մէջ կան դիւանագիտութեան եւ պաշտպանութեան գլուխներ, մինչդեռ Հայաստանի արտաքին եւ պաշտպանութեան բանալի նախարարութիւնները կը մնան անգլուխ, ձգուած` մուրճ ճօճողին կամքին ու տրամաբանութեան…):

… 1988-ին, երբ ծայր առաւ Արցախեան շարժումը, արցախցիք օր մը կատարեցին պատմական հաստատում մը. «Եթէ Հայաստանը իրեն պիտի չմիացմէ Արցախը, Արցախը Հայաստանը պիտի միացնէ իրեն»: Սա ո՛չ միայն կը վերաբերի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽ-ին, այլ ունի անժամանցելի իմաստ մը, գաղափար մը. այսինքն` անգամ մը եւս յիշեցնել Հայաստանի ժողովուրդին, զայն «վարակել» այն մտածումով, որ Հայաստանն ու ամբողջական Արցախը միութիւն մըն են, մէկզմէկու համար նոյնքան կենսական կարեւորութեամբ: Այս կէտն ալ անուղղակիօրէն ցոլաց Բաբայեանի մէկ այլ արտայայտութեան մէջ, երբ պնդեց, որ թուրքին ու ազերիին հետ սահմաններ բանալն ու առեւտուրով բարօրութիւն երազելը անկարելի բաներ են, նման բան պիտի չըլլայ, թշնամին երբեք թոյլ պիտի չտայ մեր այսպիսի բաղձանքներուն իրականացումը:

26 յուլիս 2021

 

Նախորդը

Սերոմներ

Յաջորդը

Հայաշէն. Հսկում-Հոգեհանգիստ` Լիզպոնի Գործողութեան Նահատակներուն Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?