Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թոքիոյի 2021 Ողիմպիական Խաղերը

Յուլիս 24, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն երկու տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենան աշխարհի ամէնէն մեծ մարզանքի «տօնը»` Ողիմպիական խաղերը: Այս տարի կարգն է ամառնային Ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Թոքիոյի մէջ 23 յուլիսէն 8 օգոստոս: Այս խաղերը պիտի կատարուէին 2020-ի ամրան, սակայն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով անոնք մէկ տարիով յետաձգուեցան: Բայց «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով կազմակերպիչ յանձնախումբը որոշեց, որ խաղերը տեղի ունենան առանց հանդիսատեսներու:

Գիտէի՞ր, Թէ

– Ողիմպիական խաղերը ջնջուեցան երկու համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին` 1916, 1940 եւ 1944 թուականներուն:

 

– Այս տարի 5 նոր մարզաձեւեր մուտք կը գործեն խաղերուն մրցաշարքերուն մէջ` սըրֆը, քարաթէն, սքէյթպորտը, մագլցիլը եւ պէյզպոլ/սոֆթպոլը:

Մրցաշարքեր տեղի պիտի ունենան 46 տարբեր մարզաձեւերու մէջ:

– Սըրֆի մրցումները պիտի կատարուին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:

– Սքէյթպորտը ծնած է փողոցներէն, 1950-ական թուականներուն: Եւ ահա 70 տարիներ ետք ան կը դառնայ Ողիմպիականի մէկ մարզախաղը, սակայն այս որոշումը մեծ վէճ յառաջացուցած է սքէյթպորտի սիրահարներուն միջեւ, որոնցմէ մէկ մասը կը նախընտրէ, որ այս մարզաձեւը դուրս մնայ նման պաշտօնական շրջանակէ:

– Պէյզպոլի մրցումները առաջին անգամ Ողիմպիական խաղերուն մաս կազմեցին Պարսելոնայի մէջ` 1992-ին: Սակայն անոնք դադրեցան Պէյճինկի (Փէքին) 2008-ի խաղերէն ետք: Այս խաղը մեծ ժողովրդականութիւն ունի Ճափոնի մէջ:

– Քարաթէն այս տարի առաջին անգամ ըլլալով իր մուտքը պիտի կատարէ Ողիմպիական խաղերուն մէջ: Սակայն տակաւին յստակ չէ, եթէ այս միջազգային մրցաշարքին մէջ անոր արկածախնդրութիւնը պիտի շարունակուի ապագային:

– Լիբանանի եւ Ճափոնի միջեւ 6 ժամուան տարբերութիւն կայ: Ճափոնի մէջ մրցաշարքերուն մեծ մասը տեղի պիտի ունենայ առտուան ժամը 8:00-էն երեկոյեան ժամը 10:00-ը: Հետեւաբար, մենք Լիբանանի մէջ այդ խաղերը պիտի կարենանք դիտել առտուան ժամը 2:00-էն, մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

– Եւ վերջապէս, յաջորդ Ողիմպիական խաղերը պիտի ըլլան 27-րդ ձմեռնային խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան Պէյճինկի մէջ, Չինաստան` սկզբունքով 4 – 20 փետրուար 2022-ի միջեւ:

Թոքիօ 2020-Ի Մասքոթները

– Միրայթոա

Թոքիօ 2020 Ողիմպիական խաղերու մասքոթը էնտիկօ կապոյտ է, զոր մենք կը գտնենք Ողիմպիական խաղերու օղակներով խորհրդանիշին մէջ: Ան կը խորհրդանշէ ճափոնական մշակոյթին թէ՛ աւանդական, թէ՛ ալ արդի երեսները: Անոր կերպարը ներշնչուած է ճափոնական ասացուածքէ մը. «Սորվէ՛ անցեալէն եւ նոր գաղափարներ զարգացուր»: Ան ունի նաեւ իրեն յատուկ ուժ մը` մտքին ուժով տեղափոխուիլ: Միրայթոայի անունը եկած է ճափոնական «միրայ» բառէն, որ կը նշանակէ «ապագայ», եւ «թոա» բառէն, որ կը նշանակէ «յաւիտենականութիւն»: Այս ձեւով, Թոքիոյի 2020 Ողիմպիական խաղերը կը նախատեսեն յոյսով լեցուն ապագայ մը ստեղծել աշխարհի շուրջ` ամբողջ մարդկութեան սրտին մէջ:

– Սոմէյթի

Փարա-ողիմպիական խաղերուն մասքոթը Սոմէյթին է: Ան ունի հանդարտ բնաւորութիւն եւ ներքին գերազանց ուժ մը: Իր սուփըր-ուժերը կը ներկայացնեն փարա-ողիմպիական մարզիկներու վճռականութիւնն ու տոկունութիւնը: Սոմէյթի շատ կը սիրէ բնութիւնը եւ կրնայ հաղորդակցիլ տարբեր տարրերու հետ, ինչպէս` քարերը եւ հովը: Սոմէյթիի անունը եկած է «սոմէյոշինօ» բառէն, որ ծաղկած կեռասենիի մը տեսակ է, եւ «սօ մայթի» նախադասութենէն, որ կը նշանակէ «ինչ հզօր է»: Այս ձեւով, Սոմէյթի կը խորհրդանշէ փարա-ողիմպիական մարզիկներուն մտային եւ ֆիզիքական մեծ ուժը:

Քիչ Մը Պատմութիւն

Առաջին Ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցած են Յունաստանի մէջ, Ք.Ա.776 թուականին: Խաղերու տեւողութեան ընթացքին տարբեր քաղաք-պետութիւններ պէտք է իրենց զէնքերը մէկ կողմ դնէին, որպէսզի մարզիկները խաղաղութեամբ իրարու դէմ մրցակցէին:

 

Օլիմփիա լերան վրայ տեղի ունեցող առաջին մրցաշարքերուն մաս կը կազմէին վազքը, գօտեմարտը, կռփամարտը, փենթաթլոնը (հինգ տարբեր մարզաձեւերու  մրցաշարք) եւ կառքերու մրցումը: Մեզի ծանօթ առաջին Ողիմպիական ախոյեանն էր վազող Քորոյպոս: Սակայն, գիտէի՞ք, թէ միայն այր մարդիկ իրաւունք ունէին մասնակցելու այս խաղերուն: Ներկայ գտնուող միակ կինը քրմուհի Տէմէթէրն էր: Սակայն ասոր կողքին Հին Յունաստանի մէջ կիները ունէին իրենց յատուկ մրցաշարքերը, որոնք տեղի կ՛ունենային կանոնաւոր կերպով:

***

Մենք գիտենք, թէ Հին Ողիմպիական խաղերը կային տասներկու դարերու ընթացքին, մինչեւ Ք.Ե. 394 թուական:

19-րդ դարուն Փիեռ տը Քուպէրթէն կը հաւատայ, թէ մարզանքը կրնայ օգտակար ըլլալ մարդկութեան եւ քաջալերել պետութիւններու միջեւ խաղաղութեան գաղափարը: Այս ձեւով է, որ Արդի ողիմպիական առաջին խաղերը տեղի կ՛ունենան Աթէնքի մէջ 1896 թուականին:

***

Ինչպէս Հին Յունաստանի մէջ, Արդի ողիմպիական խաղերն ալ տեղի կ՛ունենան ամէն չորս տարին անգամ մը: 1924 թուականէն սկսեալ անոնք բաժնուեցան ամառնային եւ ձմեռնային խաղերու:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել բերդին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր խաղցողի զոյգը:
Կրնա՞ս իրարու կապել մարզանքի տարբեր առարկաները:
Նախորդը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Հատորներու Խմբագրական Կազմի Ամփոփիչ Նիստ

Յաջորդը

Ներսէսին Ընկերներուն Սրտի Խօսքերը

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?