Իտալական մարզական մամուլը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին անդրադարձաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի ամէնէն տարիքոտ համակիրին` Ֆրանչեսքոյին:
101 տարեկան Ֆրանչեսքօ կը նկատուի ամէնէն տարիքոտ բախտաւոր համակիրը` նկատի ունենալով, որ ան տեսած է Իտալիոյ տիրացած բոլոր տիտղոսները:
Իտալիա 1934-ին, 1938-ին, 1982-ին եւ 2006-ին հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան, իսկ 1968-ին եւ 2021-ին` Եւրոպայի ախոյեան: