Երէկ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը:
Ա. հանգրուանի մրցումները կը սկսին 21 օգոստոսին:
Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլան պիտի մրցի Ճենովայի դէմ, մինչ չորրորդ հանդիսացած Եուվենթուսի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ուտինեզէ: