Լոնտոնեան Չելսիի սեփականատէր, ռուս միլիառատէր Ռոման Ապրամովիչ, իր կազմին միացնելու համար նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտը, անոր ակումբին` Պորուսիա Տորթմունտին առաջարկեց 175 միլիոն եւրօ:
Սակայն միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ գերմանական ակումբը մերժեց Ապրամովիչի առաջարկը:
Եթէ պատահի, որ 20 տարեկան Հաալանտի Չելսի փոխանցումը իրականանայ, ան պիտի դառնայ ֆութպոլի պատմութեան մէջ երկրորդ ամէնէն սուղ ֆութպոլիստը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ փոխան 222 միլիոն եւրոյի Պարսելոնայէն տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի, Հաալանտի փոխանցման արժէքը կը գնահատուի` 110 միլիոն եւրոյով:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը գերմանական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: