Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ փորթուգալեան Պենֆիքա ֆութպոլի ակումբին նախագահ` Լուիս Ֆելիփէ Վիէյրա ձերբակալուեցաւ երկրին ոստիկանութեան կողմէ:
Ան ամբաստանուեցաւ խարդախութեան, դրամներու լուացման եւ տուրքերէն խուսափելու յանցանքներով, նշեց փորթուգալեան մարզական մամուլը:
Կատարուած հետաքննութիւններէն ի յայտ եկած է, որ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր ան այս ուղիին մէջ էր եւ անօրէնութիւններ կատարած է:
Կասկածներ կան նաեւ, որ ան ապօրինի կերպով Պենֆիքայի բաժնետոմսերէն 25 տոկոսը օտար անձերու ծախած է: