Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Տը Պէօրի ներկայացուցած հրաժարականէն ետք, երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը անոր իբրեւ յաջորդ շատ հաւանաբար նշանակէ Լուիս Վան Կաալը:
Նշենք, որ մայիս 2016-ին անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտէն հեռանալէն ետք Վան Կաալ որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօնը չէր ստանձնած:
Ան Նետերլանտներու ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը նախապէս վարած է 2000-2001 եւ 2012-2014 ժամանակամիջոցին:
69 տարեկան մասնագէտը 2019-ին յայտարարած էր, որ վերջ կը դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին: