Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գիտէի՞ր, որ աշխարհի բնակչութիւնը չորս անգամ բազմացած է անցեալ դարու ընթացքին:
Ըստ պատմաբաններուն, աշխարհի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 1,8 միլիառ էր մէկ դար առաջ: 2023 թուականին անիկա պիտի հասնի 8 միլիառի, իսկ 2050-ին` 10 միլիառի:
Բազմաթիւ երեւոյթներ նպաստած են բնակչութեան այս արագ աճին: Առաջին հերթին կը գտնուին բժշկութեան մարզին մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնները: Ասոր կողքին, մարդիկ անդրադարձած են առողջապահութեան, ինչպէս նաեւ` աւելի լաւ սննդականոնի մը կարեւորութեան:
Քիչ Մը Պատմութիւն
Այն Թագաւորը, Որ Բաժնեց
Ամբողջ Իր Ոսկին
Քանքու Մոսսա մանսան թագաւորներու թագաւորն էր Մալիի կայսրութեան, 14-րդ դարուն: Անոր ոսկիի հարստութիւնը անհաշիւ էր: Այդ ոսկիները կու գային Մալիի եւ Արեւմտեան Ափրիկէի անոր գրաւած տարածքներու ոսկիի հանքերէն:
***
1324 թուականին, Մոսսա, որ հաւատացեալ մահմետական մըն էր, կ՛ուղղուի դէպի Մեքքա սուրբ քաղաքը` ուխտագնացութիւն մը կատարելու համար: Ճամբուն վրայ ան ոսկի կը բաժնէ իրեն հանդիպած բոլոր մարդոց եւ շինել կու տայ բազմաթիւ նոր մզկիթներ:
***
Սակայն, յանկարծ, մարդիկ ունեցան մեծ քանակով ոսկի, որուն պատճառով ոսկիէ դրամները կորսնցուցին իրենց արժէքը: Վաճառականները սկսան իրենց ապրանքները միշտ աւելի սուղ ծախել. ասիկա յառաջացուց մեծ տագնապ մը, որ այժմ մենք կը կոչենք «հայփըրինֆլէյշըն»:
Մարդիկ այլեւս բան մը չէին կրնար գնել, չէին կրնար իրենց պարտքերը վճարել, որովհետեւ ո՛չ մէկը կ՛ուզէր աւելորդ ոսկեայ դրամ:
***
Մալի վերադարձին Մոսսա հետը բերաւ իր ոսկիին մեծ մասը: Եւ տասնամեակներ ետք տագնապը վերջապէս լուծուեցաւ:
Երկինքի Մէջի Պալատը
… որ չկրցաւ փրկել սրիլանքացի թագաւորը:
Քասսափա Ա. Սրի Լանքայի թագաւոր դարձաւ 477 թուականին, իր հայրը սպաննելէ ետք: Վախնալով օրինաւոր ժառանգաւորին, իր եղբօր` Մոկալլանայի հակադարձութենէն, ան շինել տուաւ պալատ մը` իր գտած ամէնէն ապահով վայրին մէջ:
***
Ան իր պալատը անուանեց Սիկիրիյա, «Առիւծին ժայռը»: Պալատը կը գտնուէր 200 մեթր բարձրութեամբ ժայռի մը վրայ: Այդ ժայռը այնքան ցից էր, որ անկարելի էր մագլցիլ, եւ հոն հասնելու համար պէտք էր բարձրանալ 1200 աստիճաններ:
Վերջին աստիճանին առջեւը, պատին մուտքին` ժայռին մէջ փորագրուած էր ահաւոր առիւծի մը գլուխը: Առիւծը շատ կարեւոր խորհրդանիշ մըն է պուտտայական կրօնին մէջ, որ այդ շրջանի կրօնն էր:
Ժայռը շրջապատուած էր խիտ անտառով մը, իսկ գագաթէն կարելի էր ամբողջ շրջապատը` 360 աստիճան տեսնել հեռուն, հսկելու համար թշնամի բանակներու շարժումը:
***
18 տարուան ազատազրկումէ ետք բանակը կ՛ապստամբի Քասսափայի դէմ, եւ այս վերջինը անձնասպան կ՛ըլլայ: Մակալլանա կը դառնայ թագաւոր:
Մակալլանա կը լքէ «Երկինքին մէջի» այս բերդը, որ պուտտայական վանք մը կը դառնայ մինչեւ 14-րդ դար:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Մենք կը խմենք նոյն ջուրը, զոր կը խմէին հոյամողէսները, մամութները, առաջին մարդերը եւ Թութանխամոն փարաւոնը:
– 19-րդ դարուն Անգլիոյ մէջ ծնողները կ՛օգտագործէին իրենց զաւակներուն տարեդարձի հաւաքոյթները` անոնց լաւ վարուելակերպի օրէնքները սորվեցնելու համար:
– Ճարտարապետ մը կրցած է շինել վենետիկեան պանդոկի մը օրինակը` գործածելով թղթախաղի 218.792 քարտեր:
– Կ՛ըսուի, որ Փերուի Լիմա քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի կամուրջ մը, որուն քարերը ամրացուած են հաւկիթի ճերմկուցներով:
– 16-րդ դարու Անգլիոյ մէջ բախտաբեր կը համարուէր նոր պսակուած զոյգին վրայ կօշիկներ նետելը:
– Էյֆել աշտարակը կը վերաներկուի ամէն եօթը տարին անգամ մը:
– Տասնվեց տարեկան Լետի Ճէյն Կրէյ Անգլիոյ թագուհի եղած է ինը օրուան համար:
– Մօտաւորապէս 3000 խոզակներ կը գործածուին արտադրելու համար կէս քիլօ մետաքս:
– Ռուսիոյ Մեծն Պետրոս ցարը յատուկ տուրք մը դրած էր մօրուքաւոր անձերուն համար:
– Ծիածանը տարբեր կ՛երեւի իւրաքանչիւր անձի համար:
– Մեր ուղեղը կրնայ համակարգիչէ մը 100 անգամ աւելի տեղեկութիւններ ամբարել:
– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի կ՛ունենան ուղտերու յատուկ գեղեցկութեան մրցանքներ:
– Վերսայ պալատին մէջ Ֆրանսայի թագաւորին հետ կ՛ապրէին 22 հազար անձեր եւ 6000 ձիեր:
– Աշխարհի ամէնէն յայտնի անբնակ պալատը ունի 1.788 սենեակ:
– Միացեալ Նահանգներու Իւթա նահանգի Մոապ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի 190 միլիոն տարուան հոյամողէսի մը ոտքի հետքը:
Ժամանց


