Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Դաշինքը Բազմամարդ Հաւաքներ Կ՛ունենայ Արտաշատ, Մասիս, Աւշար, Արարատ Եւ Վեդի Շրջաններուն Մէջ

Յունիս 16, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 15 յունիս 2021-ին, Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական հանրահաւաքը: Մինչ այս` դաշինքը եղած է Մասիս, Աւշար, Արարատ եւ Վեդի համայնքներուն մէջ:

Մասիսի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, թէ` «ակնյայտ է, որ այս ընտրութիւններուն հիմնական պայքարը տեղի կ՛ունենայ «Հայաստան» դաշինքի եւ իշխող քաղաքական ուժին միջեւ», աւելցնելով, որ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար զգացական բաժինը պէտք է մէկ կողմ դնել եւ փորձել հասկնալ իրավիճակը:

«Ինչո՞վ կը յատկանշուի ներկայ իշխանութիւնը. բացարձակ դատարկութիւն արհեստավարժութեան տեսանկիւնէն, կազմակերպչական ընդունակութիւններէ եւ բարոյական տեսանկիւնէ:  Այս մարդիկը կը խոստանային խաղաղութիւն, բայց բերին պատերազմ, ունեցանք տարածքային կորուստներ, զոհեր: Սիրոյ եւ համերաշխութեան մասին խօսող մարդը հիմա կը շրջի մուրճը ձեռքը:

«Հայաստան» դաշինքը հանդէս կու գայ հաւասարակշռուած դիրքերէ եւ չ՛ըսեր, որ կու գայ մուրճով գլուխ ջարդելու: Մենք ունինք փորձառութիւն, ունինք գիտելիքներ, ունինք կենսագրութիւն եւ կու գանք երկիրը շէնացնելու», աւելցուց Քոչարեան:

Նոյնպէս Մասիսի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Մենք կ՛աշխատինք ո՛չ զայրանալ, ո՛չ ալ զարմանալ վարչապետի աթոռը  զբաղեցնողի գործողութիւններուն վրայ, որովհետեւ գիտենք, թէ որո՛ւն հետ գործ ունինք»:

Իշխան Սաղաթէլեան աւելցուց. «Մենք անընդհատ կ՛ամչնանք եւ կ՛ափսոսանք, որ Նարեկացի, Նժդեհ ու Դրօ, Վարդան Դուշման ու Թաթուլ ծնած ազգը, ժողովուրդը կը ղեկավարէ ծաղրածու, խեղկատակ մը, որ երկիրը հասցուցած է անդունդի եզրին ու կը շարունակէ քաջ Նազարի բախտով արշաւը մեր գիւղերուն մէջ: Կը շարունակէ սպառնալ համայնքներու եւ հիմնարկներու ղեկավարներուն, Հայաստանի արժանապատիւ ու գիտակից քաղաքացիներուն վրայ», նշեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Դատապարտեցին Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Նախագահներուն Շուշի Այցելութիւնը

Յաջորդը

Ալիեւ Եւ Էրտողան Ստորագրած Են Կարսի Համաձայնագիրին Վրայ Հիմնուած Եւ Զանգեզուրի Միջանցքին Վերաբերեալ Յստակ Կէտեր Բովանդակող Շուշիի Հռչակագիրը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)

Դեկտեմբեր 12, 2025
Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ`  «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ,  Հնարաւորութիւններ» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

Դեկտեմբեր 12, 2025
«Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները»  Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

«Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Հատորի Շնորհահանդէս

Դեկտեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?