Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հակառուսական Տրամադրութիւնները Չեն Բխիր Հայաստանի Իրական Շահերէն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

June 15, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ որոշ ուժեր ու գործիչներ Հայաստանի մէջ հակառուսական եւ նոյնիսկ բացայայտ ռուսատեաց դիրքերէ կը խօսին:

«Կը հասկնանք, որ կայ կարծիքներու բազմազանութիւն, սակայն փորձ կը կատարուի ամէն ինչի մէջ մեղադրել Ռուսիան` այն երկիրը, որ եղած է եւ այս դժուար ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին կողքին: Ես կ՛ուզեմ ուշադրութիւն հրաւիրել բանի մը վրայ` անկախ հռետորաբանութենէն` նպատակը մէկ է` ճեղք ստեղծել եւ հարուած հասցնել ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ասիկա է հիմնական խնդիրը: Վստահ չեմ, որ նման դիրքորոշումը կը բխի Հայաստանի իրական շահերէն», նշած է դեսպանը:

Ռուս դիւանագէտին կարծիքով` նման տրամադրութիւնները կը ծառայեն ոչ թէ հայկական, այլ` օտարերկրեայ շահերուն:

«Մենք գիտենք, որ հիմա բարդ կացութիւն է: Միջազգային ասպարէզին մէջ չափազանց բարձր է առճակատման մակարդակը: Լարուածութիւն կը յառաջանայ յետխորհրդային տարածքի տարբեր հատուածներուն մէջ: Եւ փորձեր կը կատարուին ատիկա օգտագործելու որոշ կողմնակի շահեր իրականացնելու համար, ներառեալ` աշխարհաքաղաքական: Մենք այս ամէնը կը տեսնենք, կը հասկնանք», ըսած է Ռուսիոյ դեսպանը:

Քոփիրքին միեւնոյն ժամանակ համոզում յայտնած է, որ նման փորձերը չեն կրնար անդառնալի վնաս հասցնել երկկողմանի յարաբերութիւններուն:

«Մեր ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան աւանդութիւններն ու հիմքերը քանդելը դիւրին չէ», շեշտած է ան:

Դեսպանը աւելցուցած է, որ իրենք միշտ պատրաստ են Ռուսիոյ մասին գնահատականներ լսելու, ներառեալ քննադատական:

 

Նախորդը

Պաքուի Դատարանը Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեանը Դատապարտեց 20 Տարուան Բանտարկութեան

Յաջորդը

Կարէն Կարապետեան Կը Սատարէ Ռոպերթ Քոչարեանին. «Պահը Օրհասական Է, Մարտահրաւէրները` Վտանգաւոր»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.