Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Նամակը` Միջազգային Կազմակերպութիւններուն

Յունիս 7, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 1 յունիս 2021-ի յղած նամակը հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն.

UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on Archives, International Federation of Library Associations and Institutions, International Council of Museums.

Խորապէս մտահոգուած ենք Արցախի տարածքին հայկական եկեղեցիներու, վանական համալիրներու, գերեզմանոցներու եւ մշակութային յուշարձաններու աւերման եւ վանտալիզմի մասին մեզի հասնող վերջին լուրերով:

Սեպտեմբեր 2020-ին պատերազմի բռնկումով եւ հայկական պատմական աւաններու եւ քաղաքներու բռնագրաւումով, այսօր ականատես կը դառնանք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջելու ծրագրուած փորձերուն: Այս վերջին իրադարձութիւնները պարզապէս նորագոյն ապացոյցներն են պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ տասնամեակներէ ի վեր ազրպէյճանական եւ թրքական իշխանութիւններու վարած մշակութային ցեղասպանութեան:

Արցախի տարածքին ազրպէյճանական իշխանութիւններու վերջին գործողութիւնները` վերականգնման ու վերանորոգութեան պատրուակով պատմութիւնը կեղծելու, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ աղուանական ներկայացնելու, եւ  այդ հողերուն վրայ  հայերու բնիկ ներկայութեան ապացոյցները ջնջելու կանխամտածեալ յստակ ջանքեր են: Պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «վերանորոգութեան աշխատանքներու» մեկնարկը` եկեղեցւոյ 19-րդ դարու կոնաձեւ գմբէթին հեռացումով: Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին, այս նոյն եկեղեցին թիրախ դարձած էր ազրպէյճանական հրթիռակոծման, եւ ներկայ «վերանորոգումը» կը միտի աղաւաղել եկեղեցւոյ մշակութային դիմագիծը, որ կը խորհրդանշէ Շուշիի հայկական ինքնութիւնը: Նոյնպէս, միջազգային լրատուամիջոցները վաւերագրած են Հատրութի շրջանին մէջ նման աւերիչ արարքներ (եկեղեցիներու եւ գերեզմանոցներու ամբողջական քանդում), այդ սրբավայրերու քարերը ճանապարհաշինութեան մէջ գործածելու համար:

Ներկայիս, Ազրպէյճան չի յարգեր միջազգային ընկերութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, իբրեւ ստորագրող կողմ` «Զինեալ բախումներու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան» եւ «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պաշտպանութեան» դաշինքներու, որոնց համաձայն անիկա պարտաւոր է պաշտպանել, պահպանել եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցել մշակութային եւ բնական ժառանգութիւնը: Ազրպէյճան նաեւ արգելակեց շրջանի մշակութային կոթողներու վիճակի գնահատման համար ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ծրագրած առաքելութեան Արցախ մուտքը: 10 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի յայտարարութենէն ետք, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման կոչ ուղղած են[1]: 2021-ի իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրեց Ազրպէյճանը տեղադրել Կրօնական ազատութիւններու խստագոյն ոտնահարման յատուկ դիտարկման ցուցակին վրայ:

Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան կ՛անտեսէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր իր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու վերոնշեալ կոչերը, եւ շարունակաբար կը խախտէ միջազգային դաշինքները, եւ նկատի ունենալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դատապարտումը` «մշակութային ժառանգութեան, ընդ որում կրօնական կառոյցներու եւ հնութիւններու անօրինական քանդումին», կոչ կ՛ուղղենք միջազգային համայնքին դատապարտելու Արցախի հայկական բնիկ մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու Ազրպէյճանի արարքները եւ ի գործ դնելու այս մշակութային ցեղասպանութիւնը կասեցնելու բոլոր ջանքերը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

———————-

[1] Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդի (ICOMOS), Արխիւներու միջազգային խորհուրդի (ICA), Գրադարաններու կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու միջազգային ֆետերասիոնի (IFLA) եւ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ICOM) միացեալ յայտարարութիւն Արցախի մասին, հրապարակուած 20 Նոյեմբեր 2020-ին: https://www.icomos.org/en/documentation-center/83592-icomos-ica-ifla-and-icom-statement-on-the-situation-of-cultural-heritage-in-the-nagorno-karabakh-region

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ հաղորդագրութիւն` հրապարակուած 21 դեկտեմբեր 2020-ին: https://en.unesco.org/news/nagorno-karabakh-reaffirming-obligation-protect-cultural-goods-unesco-proposes-sending-mission

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Հայ Զինուորն Է Այսօր Միակ Երաշխաւորը Հայրենի Պետականութեան»

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը` Երեւանի Երկու Վարչական Շրջաններու Քաղաքացիներու Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?