Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց սպանացի 29 տարեկան միջնապահ Լուքաս Վասքեսի հետ:
Անոր նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024:
Ըստ սպանական մամուլին, Վասքես համաձայն գտնուած է աշխատավարձի 10 տոկոս կրճատման:
Նախկին պայմանագիրով ան տարեկան կը ստանար 3,5 միլիոն եւրօ: