«Չեմփիընզ Լիկ»-ի բաժակակիր Չելսի երկարաձգեց իր գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխելի գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց լոնտոնեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Գերմանացի մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2024-ի ամառ: Նախկին պայմանագրութեան ժամկէտը կ՛աւարտէր 2022-ի ամրան:
Նշենք, որ Թուխել այս տարուան յունուարին գլխաւորած էր Չելսին` փոխարինելով Ֆրանք Լամփարը:
Անոր հետ Չելսի իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիր: Առաջինը` 2011-2012 տարեշրջանին: