Երէկ` հինգշաբթի, 3 յունիսին ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութսալի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը գտնուի 71-րդ դիրքին վրայ:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Սպանիա, որուն ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Պրազիլ եւ Արժանթին:
Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Ռուսիա, Փորթուգալ, Իրան, Ղազախստան, Խրուաթիա, Իտալիա եւ Փարակուէյ:
Նշենք, որ այս տարի Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի վերջին հանգրուանի մրցումներուն: