Իտալացի Քարլօ Անչելոթթի, որ նախորդ շաբաթավերջին հեռացաւ լիվըրփուլեան Էվըրթըն ֆութպոլի խումբէն, երկրորդ անգամ ըլլալով նշանակուեցաւ Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
61 տարեկան մասնագէտը փոխարինեց ֆրանսացի Զինետին Զիտանը, որ Անչելոթիի առաջին պաշտօնավարութեան միջոցին եղած էր իտալացիին օգնականը:
Անչելոթթի, որ Ռէալ Մատրիտը գլխաւորեց 2013-2015 ժամանակամիջոցին, անոր հետ տիրացաւ չորս տիտղոսի:
Նշենք, որ Անչելոթթիի պայմանագրութիւնը Ռէալ Մատրիտի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2024:
Ան տարեկան պիտի ստանայ շուրջ 6 միլիոն եւրօ: