Ճոքովիչ Ապահովեց
Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքին, «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 3 յունիսին, աղջկանց միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող աւստրալիացի Էշլի Պարթի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մրցումը չկրցաւ շարունակել լեհ Մակտա Լիննեթի դէմ:
Առաջին սեթին 25 տարեկան Պարթի, որ պարտուեցաւ 6-1 արդիւնքով, երկրորդին հրաժարեցաւ իր մրցումը շարունակել, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Նշենք, որ Պարթի 2019-ին տիրացած էր այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցաշարքին, թիւ մէկ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ուրուկուէյցի Փապլօ Քուեւասի դէմ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 34,3 միլիոն եւրօ: