Իտալական Լացիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացած Սիմոնէ Ինցակի նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի մարզիչ, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
45 տարեկան իտալացի մասնագէտը Իտալիոյ նորընծայ ախոյեանին հետ ստորագրեց երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Ինցակի, որ Լացիօ Ռոմայի մարզիչի պաշտօնը կը վարէ 2016-էն ի վեր, նախորդ շաբաթավերջին ներկայացուց իր հրաժարականը:
Նշենք, որ ան պիտի փոխարինէ Անթոնիօ Քոնթէն, որ իր կազմին հետ հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան` անոր ապահովելով ախոյեանութեան տիտղոսը` 11 տարուան սպասումէ մը ետք: