Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հայրապետական Այցելութիւնը Սիւնիք

Յունիս 4, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 3 յունիսին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, հոգեւորականներու պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, հայրապետական այցելութիւն տուաւ Սիւնիքի մարզ, ուրկէ պիտի մեկնի Արցախ:

Աւանդական աղուհացի արարողութենէն ետք, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը տուաւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւաքուած ժողովուրդին: Ապա ան մեկնեցաւ Գորիսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Գորիսի բնակիչներուն եւ զինուորներուն կողմէ, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի եւ Արցախի անսասանութեան, Սիւնեաց աշխարհի եւ անոր ժողովուրդի անվտանգ, խաղաղ ու բարօր կեանքին համար:

Արարողութեան աւարտին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր պատգամը յղեց ներկայ ժողովուրդին` դիտել տալով, որ այցելութեան նպատակն է մօտէն ծանօթանալ սիւնեցիներու մտահոգութիւններուն եւ խնդիրներուն:

«Տարածքային կորուստներու պատճառով նաեւ Սիւնեաց աշխարհի բնակավայրեր սահմանամերձ դարձան Ազրպէյճանի հետ` անկէ բխող խիստ մտահոգիչ հետեւանքներով: Ազրպէյճանը սանձարձակ ոտնձգութիւններ կը կատարէ նաեւ Հայաստանի սահմաններուն նկատմամբ, մասնաւորապէս Սիւնիքի, Գեղարքունիքի գիւղական որոշ համայնքներու տարածքներուն հանդէպ: Սիրելինե՛ր, խռովքի մէջ է բոլորիս հոգին, խռովքի մէջ է համայն հայութիւնը: Սիւնեաց աշխարհի մեր զաւակներուն ստեղծագործ ու խաղաղ կեանքի բնականոն ընթացքը  խաթարուած է, աւելին` ապահովութեան ու անվտանգութեան լրջագոյն խնդիր յառաջացած է: Սակայն մենք գիտենք, որ ձեր ոգին անկոտրում է, ձեր հարազատ հողին կապուածութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգանուիրումը ամուր են ձեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Այս փորձութիւնը եւս, քաջարի սիւնեցիներ, ազգովի պիտի յաղթահարենք: Հաստատուն մնանք հաւատքի մէջ, անկոտրում` նեղութիւններու ու դժուարութիւններու առջեւ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ հայոց եկեղեցին եւ եկեղեցականները իրենց աղօթքով ու ծառայութեամբ սիւնեցիներուն կողքին են:

Արարողութենէն ետք հայրապետական պատուիրակութիւնը` համայնքապետներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Գորիսի զինուորական պանթէոն, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան անմար կրակի եւ յիշատակի խաչքարին առջեւ, ապա արցախեան երկրորդ պատերազմին զոհուած քաջորդիներու շիրիմներուն առջեւ, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, հոգեւորականներու դասը աղօթեց անոնց հոգիներու հանգստութեան համար:

Նոյն օրը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատուիրակութեամբ այցելեց Շուռնուխի սահմանամերձ համայնք, ուր ժողովուրդին փոխանցեց իր հայրական սէրն ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութիւնը: Ան բնակիչներուն հետ զրուցեց տիրող անհանգստութիւններուն եւ առկայ խնդիրներուն, կեանքի բնականոն ընթացքի խաթարման եւ վտանգներուն մասին` հաստատելով, որ եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բարձրաձայնելու սահմանամերձ համայնքներուն մէջ բնակող մեր ժողովուրդին խնդիրները եւ հետամուտ ըլլալու իրաւունքներու պաշտպանութեան. ապա յորդորեց նախնեաց օրինակով ամուր եւ աննահանջ մնալ իրենց հաւատքին եւ յոյսին մէջ` կառչած հայրենի հողին, իրենց օճախներուն:

Երեկոյեան Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ Սիւնեաց թեմի հոգեւոր դասին հետ. քննարկուեցան յետպատերազմեան շրջանին առկայ դժուար իրավիճակը, եկեղեցւոյ կողմէ ձեռնարկուող քայլերը, իրականացուող ընկերային, հոգեխնամ ծրագիրները: Ան թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն ուշադրութիւնը մասնաւորապէս հրաւիրեց զոհուածներուն, անհետ կորսուածներուն եւ գերութեան մէջ գտնուողներու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն եւ անոնց հոգեւոր խնամքին վրայ:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նաեւ Արցախ պիտի այցելէ:

 

 

Նախորդը

ՀԱՊԿ. «Այս Տարի Հայաստանի Մէջ Յատուկ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարուին»

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեան. «Մաքրոնը Համաձայն Չէ Եռակողմանի Յայտարարութեան Բոլոր Կէտերուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?