Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Աչքերը Գոցե՛նք Եւ Անցնի՛նք

Մայիս 22, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մայիս 2-ին Փորթուգալի մէջ բացումը կատարուեցաւ հետիոտններու յատուկ աշխարհի ամէնէն երկար կախուած կամուրջին: Անիկա կը գտնուի Արուքայի մէջ, երկրին հիւսիսը, ունի 516 մեթր երկարութիւն եւ կախուած է պարապութեան մէջ 175 մեթր բարձրութեան վրայ, Փայվա գետին վրայ: Անոր շինութիւնը տեւած է երկու տարի: Այս ձեւով «Արուքա 516» անունով ճանչցուած այս կամուրջը կ՛արձանագրէ նոր մրցանիշ մը` անցնելով զուիցերիական Ալպեան լեռներուն վրայ գտնուող Շարլ-Քոնէն անցքի 494 մեթրէն աւելի բարձր:

Անշուշտ նախընտրելի է պարապութեան վախէ չտառապիլ այդ կամուրջը կտրելու համար, մանաւանդ որ անոր յատակը թափանցիկ է, որպէսզի կարելի ըլլայ վարը գտնուող տեսարանները դիտել:

Սակայն աշխարհի շուրջ գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ նման անհաւատալի կամուրջներ, որոնց վրայէն անցնիլը կրնայ մեծ արկածախնդրութեան մը նմանիլ:

– Չինաստանի մէջ երկաթէ ալիքներով կամուրջը

Շանկշայի մէջ Լաքի Նոթ կամուրջը ունի 185 մեթր երկարութիւն եւ կը գտնուի Տրակըն Քինկ Հարպըր գետին վրայ, 22 մեթր բարձրութեամբ: Անոր իւրայատուկ ձեւը կը նմանի ժապաւէնի մը: Չինաստանի մէջ ան կը յիշեցնէ աւանդական հանգոյցները եւ կրակ առած վիշապի մը կոր գիծերը:

Չինական զարդարանքներու հին աւանդութիւններուն մէջ հանգոյցը կը խորհրդանշէ բախտ եւ բարգաւաճում: Հետիոտններու յատուկ այս կամուրջը երեք տարբեր ուղեգիծներ կ՛առաջարկէ պտտողներուն:

– Դանիոյ մէջ` խողովակ կամուրջը

Դանիոյ մէջ Քոկը Նոր կայարանը ունի իւրայատուկ կամուրջ մը: Ան փայտով եւ ալիւմինիոմով ծածկուած պողպատէ խողովակով մը շինուած է:

Այս կամուրջը կ՛անցնի շոգեկառքի երկաթագիծերուն եւ պողոտաներուն վրայէն: Ան հետիոտններու համար է եւ ունի 225 մեթր երկարութիւն ու 9 մեթր լայնք:

– Վիեթնամի մէջ` հսկային կամուրջը

Վիեթնամի մէջ այս կամուրջը ճանչցուած է Ոսկիէ կամուրջ անունով: Անիկա շինուած է իբրեւ զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայր, երկրին կեդրոնը գտնուող Տա Նանկ քաղաքին մէջ: Այս 150 մեթր երկարութեամբ կամուրջը հաստատուած է պեթոնէ երկու հսկայական ձեռքերու միջեւ: Անիկա կ՛անցնի անտառներուն վրայէն, 1400 մեթր բարձրութեան վրայ: Անիկա այս ձեւով կառուցուած է այցելուներուն տալու ոսկիէ թելի մը վրայէն պտտելու տպաւորութիւնը:

– Հնդկաստանի մէջ` կենդանի կամուրջը

Հնդկաստանի հիւսիս-արեւելքը կարելի է հանդիպիլ կենդանի արմատներով կազմուած կամուրջներու: Այս կամուրջները կազմուած են Ֆայքըս Էլասթիքա կոչուած ծառին ճկուն արմատները ձգելով, որ բնականօրէն ջուրին հոսանքին հետեւելով` ջուրին վրայէն բնական անցքեր հաստատեն:

Հարցարան

 Աշխարհին Շուրջ

 1) Քրիստափոր Քոլոմպոս Ամերիկան գտաւ 1492-ին: Սակայն ան ճամբայ ելած էր գտնելու համար ուղի մը դէպի ո՞ր եկիրը:
ա – Հիւսիսային Ափրիկէ, բ – Չինաստան, գ – Հնդկաստան:

2) Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գոյութիւն ունի կղզի մը, որուն անունը տրուած է զգեստի մը:
ա – Փուլլ, բ – Շորթ, գ – Պիքինի:

3) Գոյութիւն ունին բազմաթիւ երկիրներ, որոնք պարզապէս մեծ կղզիներ են: Ո՞ր երկիրը կղզի մը չէ:
ա – Իսլանտա, բ – Կրինլենտ, գ – Նորվեկիա:

4) Ծագումով ո՞ր երկրէն են վայքինկները:
ա – Նորվեկիա, բ – Շուէտ, գ – Դանիա:

5) Պրանտըպուրկի դուռը նշանաւոր ազգային կառոյց մըն է: Ի՞նչ տեսակի կառոյց մըն է ան:
ա – Կառոյց մը, որ կը նշէր Արեւելեան Պերլինի եւ Արեւմտեան Պերլինի միջեւ սահմանը, բ – Փարիզի ամէնէն կարեւոր առեւտրական պողոտաներէն մէկուն սկիզբը, գ – Նորվեկիոյ թագաւորին պալատին դուռը:

6) Հարաւային բեւեռի շրջանը:
ա – Կը պատկանի Ովկիանիոյ, բ – Նոմեն՛զ լենտ», ոչ մէկուն պատկակող բնական շրջան մըն է, գ – Կը գործածուի տարբեր պետութիւններու կողմէ, որոնք հոն ունին կարգ մը իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ` պարտաւորութիւններ:

7) Երբ հիւսիսային կիսագունդին մէջ ձմեռ է, ո՞ր եղանակին մէջ կը գտնուի Հարաւային կիսագունդը:
ա – Ամառ, բ – Ձմեռ, գ – Գարուն:

8) Քանի՞ բնակիչ կ՛ապրի Հոնկ Քոնկի մէջ:
ա – 2 միլիոն, բ – 4 միլիոն, գ – 7 միլիոն:

9) Եգիպտոսի մէջ Սուէզի ջրանցքը կապ կը հաստատէ`
ա – Ատրիական եւ Միջերկրական ծովերուն միջեւ, բ – Հնդկաց եւ Ատլանտեան ովկիանոսներուն միջեւ, գ – Միջերկրական եւ Կարմիր ծովերուն միջեւ:

10) Ո՞ր քաղաքին մաս կը կազմէ Քոփաքապանա աւազոտ ծովափը:
ա – Սալվատոր, գ – Սան Փաուլօ, գ – Ռիօ տը Ժաներօ:

11) Ինչէ՞ կազմուած է հարաւային բեւեռը, կամ Անթարքթիքը:
ա – Միայն սառոյցէ, բ – Սառոյցի խաւով ծածկուած ցամաքի եւ ջուրի տարածքներէ, գ – Ջուրէ եւ սառցալեռներէ:

12) Եթէ ուզենք աշխարհին շուրջ դառնալ քալելով` սկսելով հասարակածէն, քանի՞ քիլոմեթր պիտի կտրենք:
ա – 40 հազար քմ, բ – 4 հազար քմ, գ – 400 հազար քմ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ւր պահուած են շուրջի առարկաները:

 

Պատասխանները

1 – գ, 2 – գ, 3 – գ, 4 – ա, 5 – ա, 6 – գ, 7 – ա, 8 – գ, 9 – գ, 10 – գ, 11 – բ, 12 – ա:

Նախորդը

Հագուինք Ս. Հոգւոյն Պատմուճանը

Յաջորդը

Ողբացեալ Ցոլակ Թիւթէլեանի Անթառամ Յիշատակին

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?