Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Արժանթինահայ Նշանաւոր Երգահան Ու Խմբավար Ժան Ալմուխեանը

Մայիս 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մահացաւ արժանթինահայ յայտնի երգահան եւ  խմբավար Ժան Ալմուխեանը:

Ծնած է 1932-ին, Յունաստան, 1947-ին ընտանիքով հաստատուած է Արժանթին: Ուսած է Արժանթինի ականաւոր վարպետներուն մօտ:

1957-ին խումբ մը արուեստասէր ընկերներու հետ հիմնած է «Հայ երաժշտութեան բարեկամներ» ընկերակցութիւնը եւ անոր «Արաքս» երգչախումբը, որուն հիմնադիրն ու գեղարուեստական խմբավարը եղած է տասնամեակներ շարունակ: Իր բարձր նուիրումին ու երկաթեայ կարգապահութեան շնորհիւ` «Արաքս»-ը դարձած է Պուէնոս Այրեսի սիրողական լաւագոյն խումբերէն մին` աւելի քան 350 հայկական, արժանթինեան եւ այլ ժողովուրդներու խմբերգներէ բաղկացած հարուստ երգացանկով: «Արաքս»-ի ճամբով Ժան Ալմուխեանի կատարած մեծ աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղած է հայ երաժշտութիւնը իր արժանի բարձունքին վրայ պահել ու տարածել ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ նաեւ տեղացի ժողովուրդին մէջ:  Երկար տարիներ Ալմուխեանի ղեկավարած երգչախումբին ճամբով ջամբուող հայապահպանութեան շնորհիւ շատեր հայ մնացած են:

2011-ին, Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով, Սփիւռքի նախարարութիւնը Ժան Ալմուխեանը պարգեւատրած է «Կոմիտաս» շքանշանով:

2012-ին, անոր ծննդեան 80-ամեակին եւ երաժշտական գործունէութեան 55-ամեակին առիթով, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է անոր եւ ծաւալած գործունէութեան մեծարման նուիրուած երեկոյ` Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ:

Ժան Ալմուխեանի վաստակը գնահատելով` Հայաստանի օրուան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զայն պարգեւատրած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ոսկի մետալով:

18 մարտին 2014-ին, Հայաստանի անկախութեան 22-րդ ամեակին առիթով, Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնի «Սիրանոյշ» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Ժան Ալմուխեանի մեծարման երեկոն, ուր անոր յանձնուած է Հայաստանի օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը, որով Ժան Ալմուխեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» մետալով:

Ժան Ալմուխեանը հեղինակած է մեծ թիւով երաժշտական ստեղծագործութիւններ` երգչախմբային, սենեկային, սիմֆոնիք, դաշնամուրային, մեներգներ, որոնք բազմիցս կատարուած են ինչպէս Արժանթինի, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` Իտալիա, Պոլիվիա, Զուիցերիա, Ուրուկուէյ եւ այլն:

Ալմուխեանը անդամ է «Սատաիք»-ի (Արժանթինի յօրինողներու ընկերութեան):

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Տեսակետ. «Ազդակ» Առցանց Լսարան 27-րդ Հանդիպում Հայկ Օշական

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?