Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 19, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Երիտասարդականի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Սիւնիք

ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներէ կազմուած պատուիրակութիւնը 10 եւ 11 մայիսին այցելեցին Սիւնիք: Այս մասին տեղեկացանք ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Դիմատետրի էջէն:

«Մենք այցելեցինք Կապան, Գորիս եւ Սիսիան, քննարկեցինք տեղւոյն երիտասարդութեան ունեցած դժուարութիւններն ու կարիքները: Արդէն վերադարձած ենք Երեւան եւ կը փորձենք այդ հարցերուն լուծումներ գտնել: Մինչ նոր հանդիպում, Սիւնիք, կը խոստանանք երկար սպասել չտալ», այսպէս նշուած է միութեան վերոնշեալ գրութեան մէջ:

Աղաւնոյի Մէջ 12 Ընտանիքներու Բնակարաններ Յանձնուեցան

 

9 մայիսին Արցախի Աղաւնոյ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ 12 բնակելի տուներու յանձնման արարողութիւն: Տուները կառուցուած էին նախքան պատերազմը:

Ըստ Աղաւնոյ համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Չաւուշեանի, բնակարաններու բաշխումը կատարուեցաւ` մնայուն կերպով հոն ապրող բնակիչներու: «Այնուհետեւ, մինչեւ 28 մայիս  ժամանակ տուած ենք, որպէսզի գիւղէն հեռացողները վերադառնան: Հակառակ պարագային, երկրորդ փուլով պիտի բաժնենք նաեւ ա՛յն տուները, որոնք բնակելի չեն: Եթէ չբնակին այստեղ, պիտի դարձնենք տունը` ապրողին, հողը` մշակողին», շեշտեց Ա. Չաւուշեան:

Ըստ գիւղապետին, այս թիւը միշտ կը փոխուի, բնակիչները կու գան եւ կ՛երթան: Ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ մշակութային ընկերակցութեան «Արցախ ֆոնտ»-ի յանձնախումբին միջոցներով աւարտած է դպրոցի մէկ մասին վերանորոգումը, իսկ այժմ կ՛ընթանան բժշկական կեդրոնի կառուցման աշխատանքները: Այնուհետեւ խաղահրապարակ պիտի կառուցուի:

Գիւղապետը նաեւ կարեւոր համարեց բնակիչներուն զբաղուածութեան հարցին լուծումը, որուն համար կ՛ակնկալէ բոլոր հայերուն աջակցութիւնը:

Քանի մը ամիս առաջ բնակիչները տարակուսանքի մէջ էին` գիւղը հայկական պիտի մնա՞յ, թէ՞ ոչ: «Հայկական մնալը կապ ունի այստեղ ապրող հայերուն հետ: Եթէ մնանք, ո՛չ մէկ ուժ կրնայ մեզ այստեղէն հանել: Մենք մեր ձեռքերը ծալած չենք նստիր. պաշտպանելու եւ պաշտպանուելու իրաւունք ունինք: Մեր տղոց արեամբ գծուած սահմանները մենք պէտք է որոշենք», յայտնեց դաշնակցական գիւղապետը:

9 մայիսին` եռատօնին, տեղի ունեցած տուներու բաշխման արարողութիւնն ալ իր խորհուրդը ունի, ըսաւ Անդրանիկ Չաւուշեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ` «Մեզի համար «Հարսանիք լեռներում»-ը դարձեալ պիտի գայ: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք: Մենք պիտի մնանք այս հողին վրայ եւ պիտի նշենք այդ օրը: Անշուշտ ոչինչ առաջուան պէս է, վիրաւոր ենք, բայց վստահաբար պիտի նշենք յաղթանակներու օրը: Հայը իրաւունք չունի գաղթական վիճակի մէջ ապրելու»:

 Հրատարակուած Է «Յակոբ Կարապենցի Ստեղծագործութիւնը» Գիրքը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսած է 20-րդ դարու երկրորդ կէսին սփիւռքահայ մեծատաղանդ գրող Յակոբ Կարապենցի գրական ժառանգութեան գրական-գիտական վերլուծութիւնը ներկայացնող «Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործութիւնը» գիրքը:

Գիրքին հեղինակը արցախցի երիտասարդ գրականագէտ, Ստեփանակերտի «Գրիգոր Նարեկացի» համալսարանի դասախօս Նանար Սիմոնեանն է:

Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Նանար Սիմոնեանը նշած է, որ Յակոբ Կարապենց կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է արտերկրի մէջ մայրենի լեզուի եւ հայապահպանութեան ծիրին մէջ:

«Կարապենց քիչ ուսումնասիրուած հեղինակ է: Նպատակայարմար գտայ, որ անդրադառնամ ու ներկայացնեմ անոր ամբողջական ստեղծագործութիւններուն եւ հերոսներուն տիպաբանական քննակարգը: Գիրքը օգտակար պիտի դառնայ գրական, գիտական, ակադեմական շրջանակներուն, բանասիրութեամբ զբաղող ուսանողութեան, ինչպէս նաեւ` հայ ժամանակակից գրականութեամբ հետաքրքրուողներուն», հաղորդած է Ն. Սիմոնեան: Ան աւելցուցած է, որ Կարապենցի արձակը որքան ազգային, նոյնքան ալ համամարդկային է:

Յայտնենք, որ «Յակոբ Կարապենցի  ստեղծագործութիւնը» գիրքը լոյս տեսած է 250 տպաքանակով, իսկ շնորհահանդէսը նախատեսուած է Երեւանի` Կարապենցին նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին:

Յուշապաստառ Աշան Գիւղի Մէջ` Ի Յիշատակ 44-Օրեայ Պատերազմի Զոհերուն

Մայիս 8-ին, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարտունի շրջանի Աշան գիւղի մէջ տեղադրուեցաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած աշանցիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշապաստառ:

Նշենք, որ յիշատակի հանդիսութեան ներկայ էին` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, կուսակցականներ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, նահատակներու հարազատները եւ գիւղացիներ:

Յիշատակի հանդիսութիւնը սկսաւ Աշանի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի եւ Աշանի Անիթա Յովսէփեանի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտներուն միացեալ գեղարուեստական ներկայացումով, իսկ աւարտին խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Դ. Իշխանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ աստուածաշնչեան, մարգարէական «Յոյսը չ՛ամչցներ» արտայայտութիւնը մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ հիմնական ուղի: «Շուշիի ազատագրման օրը անգամ մը եւս պէտք է ըսենք, որ յոյսը չ՛ամչցներ մեզի», շեշտեց ան: Իշխանեան ըսաւ նաեւ, որ բոլորը իրենք զիրենք պարտաւորուած պէտք է զգան եւ այդ պարտաւորութիւնը պէտք է գործնականի վերածեն` այս նահատակ տղաներուն գործը շարունակելով:

Աւարտին ներկաները այցելեցին Աշան գիւղի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեցին:

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ահազանգած Է Ազրպէյճանի Կողմէ Հայկական Գերեզմաններու Ոչնչացումին Մասին

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ահազանգած է, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ վանտալիզմի իր քաղաքականութիւնը` բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ոչնչացնելով հայկական գերեզմանները եւ գերեզմանաքարերը` զանոնք օգտագործելով իբրեւ շինանիւթ ճամբաներու կառուցման:

Ըստ անոր, հայկական գերեզմաններու ոչնչացումը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին, անոր ստեղծած արժէքներուն եւ յիշողութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան եւ հասարակութեան համատարած ատելութիւնը եւ անարգանքը:

«Անոնց այս գործելաոճը մեզի համար նորութիւն չէ, մենք բազմիցս ականատես եղած ենք Ազրպէյճանի վայրագութիւններուն` ուղղուած Արցախի տարածքին հայ ժողովուրդի կեանքին, սեփականութեան, պատմական արժէքներուն եւ յիշողութեան դէմ: Ազրպէյճանի յանցագործ վարքագծին նպատակը յստակ է` ոչնչացնել բռնագրաւուած տարածքներուն վրայ հայութեան բազմադարեան գոյութեան մասին վկայող որեւէ հետք եւ ապացոյց»: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանեան:

Ընդգծելով, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներով կը ճշդուի, թէ հակամարտող կողմերը պէտք է յարգանք ցուցաբերեն իրենց վերահսկողութեան տակ յայտնուած գերեզմաններուն նկատմամբ, պէտք է տարբերակիչ նշաններով առանձնացնեն գերեզմանավայրերը եւ ապահովեն անոնց պահպանումը. Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիտել տուած է, որ հայկական գերեզմանները պղծելով եւ ոչնչացնելով` Ազրպէյճան կոպտօրէն կը խախտէ ո՛չ միայն մարդկային իրաւունքի եզրերը, այլ նաեւ` անձի արժանապատուութեան, անձնական եւ ընտանեկան կեանքը յարգելու իրաւունքը:

«Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած եւ իրականացուող յանցագործութիւնները պէտք չէ անպատիժ մնան, եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ գիտակցի այս մասին», եզրափակած է Ստեփանեան:

Կայացաւ «Գիտական Արցախ» Պարբերականին 2021 Թուականի Առաջին Թիւին Քննարկումը Եւ Կայքին Շնորհահանդէսը

Վերջերս Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կայացաւ «Գիտական Արցախ» պարբերականին 2021 թուականին առաջին (8-րդ) թիւին քննարկումը, ինչպէս նաեւ` կայքին շնորհահանդէսը: Հանդիպման ներկայ էին` պարբերականի խմբագրական խորհուրդի անդամներ, յօդուածագիրներ, գործընկերներ եւ լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ:

Հանդիպման սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Արցախի երիտասարդ գիտնականներու եւ մասնագէտներու միաւորման» հիմնադիր նախագահ, «Գիտական Արցախ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Աւետիք Յարութիւնեանը: Ան նախ հակիրճ տեղեկատուութիւն ներկայացուց հանդէսին ստեղծման պատմութեան եւ անցած ուղիին մասին, ապա ներկայացուց խմբագրական խորհուրդի անդամները, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի մէկ տասնեակ երկիրները, խմբագիրը նաեւ շեշտեց յատկապէս կոյր գրախօսութեան կարեւորութիւնը: Աւետիք Յարութիւնեանը իր խօսքին մէջ ուրախութեամբ նշեց նաեւ, որ յօդուածագիրներու աշխարհագրութիւնը տարուէ  տարի կ՛ընդլայնի: «Գիտական Արցախ» պարբերականին մէջ յօդուածներ կը տպեն գիտնականներ եւ հետազօտողներ, ինչպէս Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններէն, այնպէս ալ արտասահմանեան` մօտաւորապէս 15 երկիրներէ:

Նշենք, որ «Գիտական Արցախ» պարբերականին 2021 թուականի 1-ին (8-րդ) համարին մէջ տեղ գտած է 30 հեղինակի 23 յօդուած: Հեղինակներէն 2-ը գիտութիւններու դոկտորներ են, 11-ը` գիտութիւններու թեկնածու, 8-ը` ասպիրանտ ու հայցորդ, իսկ 9-ը` մասնագէտ, իսկ հեղինակներէն մէկը` Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն:

Այնուհետեւ կայացաւ «Գիտական Արցախ» պարբերականի կայքին շնորհահանդէսը: Գլխաւոր խմբագիրը ներկայացուց կայքը` www.scientificartsakh.com, ուր ներկայացուած են բոլոր համարները, խմբագրական խորհուրդը, յօդուածներուն ձեւաւորման պահանջները, գրախօսման կարգը եւ այլն:

Ապա խօսք արտասանեց «Գիտական Արցախ» պարբերականի խմբագրական խորհուրդի անդամ, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ակադեմիկոս, հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանը, որ մասնաւորապէս նշեց, թէ կը փափաքի հանդէսին մէջ աւելի շեշտուած կերպով արտացոլայ Արցախի պետական եւ մասնաւոր համալսարաններու գիտական աշխատողներուն գործունէութեան արդիւնքը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած քննարկումը, որուն ծիրին մէջ հնչեցին շնորհակալական խօսքեր, դրական կարծիքներ, յօդուածագիրները կարելիութիւն ունեցան հարցեր ուղղելու հանդէսին խմբագրական խորհուրդի անդամներուն, եղան նաեւ առաջարկներ` պարբերականի յաջորդ համարներուն մասին:

Գիրքեր Եւ Մարզական Իրեր` Շարք Մը Դպրոցներոււ

Մայիս 8-ին, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, գիրքերով համալրուեցան Մարտունի շրջանի Աշան եւ Բերդաշէն գիւղերու դպրոցներու գրադարանները:

Բերդաշէնի տնօրէն Արտակ Զարգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան եւ Համազգային հայ կրթական միութեան դպրոցը իրենց ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահելու համար: Ան շեշտեց նոյնանման նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ այսպիսի այցելութիւններ կ՛ոգեւորեն բնակիչները, յատկապէս` սահմանամերձ շրջաններու պարագային:

Արտակ Զարգարեան նշեց, որ պատերազմէն ետք աշակերտները սկսան աւելի շատ օգտուիլ գրադարանէն եւ յատկապէս շատ կարդալ ա՛յն գիրքերը, որոնք Մոնթէ Մելքոնեանի մասին են:

Տեղեկացնենք, որ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Մարտունի շրջանի Բերդաշէն, Աշան եւ Հացի գիւղերու դպրոցներուն մարզասրահներուն նուիրուեցան նաեւ մարզական իրեր:

Իրանի Կարմիր Մահիկը Կ՛օժանդակէ Արցախի Հակամարտութեան Սրացման Պատճառով Տեղահանուածներուն

Մայիս 12-ին Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակ այցելեց Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան փոխդեսպան Ալի Մոհամատ Մոթաղին, զոր ընդունեց Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Աննա Եղիազարեանը: Այս մասին տեղեկացուցին Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան մամուլի ծառայութենէն:

Հաղորդենք, որ Իրանի Կարմիր մահիկը մարդասիրական օգնութիւն տրամադրեց Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան` արցախեան հակամարտութեան սրացման պատճառով տեղահանուած անձերու աջակցելու նպատակով: Օգնութիւնը ներառեց 1600 ծածկոց, խոհանոցային պարագաներու 400 հաւաքածոյ եւ մօտաւորապէս 15 հազար միաւոր բժշկական պարագայ, որոնք փոխանցուեցան Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոնին:

Անդրադառնալով անցեալ տարուան ծանր պայմաններու մէջ երկու երկիրներուն համագործակցութեան շարունակութեան` փոխդեսպանը յոյս յայտնեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Կարմիր մահիկի եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան միջեւ բարեկամական համագործակցութիւնը աւելի պիտի ընդլայնի:

Հաղորդենք, որ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան առաքելութիւնն է` նուազեցնել բնակչութեան խոցելիութիւնը մարդասիրութեան ուժի զօրաշարժով, նախապատրաստուիլ դիմակայելու այն իրավիճակները, որոնք կրնան բնակչութեան խոցելիութեան պատճառ դառնալ, ցուցաբերել անհրաժեշտ օգնութիւն` սատարելով ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ գտնուող մարդոց:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փանահ Ալի Խանի Յաղթական Կռիւները

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Արժանթինահայ Նշանաւոր Երգահան Ու Խմբավար Ժան Ալմուխեանը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?