Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրովի Այցելութիւններէն Մինչեւ Սիւնիքի Մարզ

Մայիս 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հարաւային Կովկասի ռազմաքաղաքական կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման նախապայմանները ներկայացուց` յայտարարելով, որ հաշուի պէտք է առնուին շրջանին բոլոր երկիրներուն, այս պարագային` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ շահերը, հարաւկովկասեան հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան ուղիներու վերաբացման հոլովոյթին մէջ:

«Լաւրովի ապարդիւն այցելութիւնը` Ազրպէյճան»

Լաւրով Երեւանէն անցաւ Պաքու, ուր բացայայտեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերաբացման շուրջ կայ միայն ընդհանուր մօտեցում եւ ոչ` համախոհութիւն, նշելով, որ այդ ընդհանուր մօտեցումներուն շուրջ կարելի է համաձայնութեան մը հասնիլ: Ան նաեւ յստակօրէն ըսաւ, որ համաձայնութեան մը հասնելու համար կը սպասեն հայկական կողմին պատասխանին: Լաւրով նաեւ հրաժարեցաւ տեղեկութիւններ տալէ, թէ փոխադրութեան ի՛նչ ուղիներու մասին է խօսքը, երբ Ազրպէյճանի նախագահը անդադար կը խօսի «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի մը մասին:

Լաւրով կատարեց նաեւ այլ կարեւոր նշում մը, երբ յայտարարեց, որ եթէ տակաւին չկայ համաձայնութիւն` ուղիներու վերաբացման շուրջ, ապա շատ դժուար է խօսիլ ժամկէտներու մասին: «Այս հարցը պէտք է կարգաւորել` հաշուի առնելով բոլոր կողմերուն շահերը, ինչպէս շրջանի պետութիւններէն` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի շահերը», յայտարարեց ան:

Լաւրովի Պաքու այցելութեան օրը Ալիեւ հարցազրոյցի մը մէջ դարձեալ նշած էր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի իրականանայ, եւ արդէն իսկ պիտի սկսին երկաթուղիի կառուցման աշխատանքները: Ալիեւ նաեւ շեշտած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը վերջնականապէս կարգաւորուած է: «Նման միաւոր, ինչպիսին է Լեռնային Ղարաբաղ, այսօր Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն չունի: Ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը միայն յայտարարութին չէր, այլ` Հայաստանի անձնատուութեան որոշումը», ընդգծած էր ան:

Իր կարգին, Լաւրովի հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Ազրպէյճան վերականգնեց իր հողային ամբողջականութիւնը եւ իր պետական սահմաններուն աւելի քան 398 քիլոմեթրը: «Պաքու նաեւ պատրաստ է վերահաստատելու Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերին, ապա Լաւրով ո՛չ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին, ո՛չ ալ Պայրամովի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ Մինսքի խումբին հովանիին ներքեւ Արցախի տագնապին վերջնական կարգաւորման մասին, այլ ակնարկութիւն կատարեց պատերազմական հայ գերիներու խնդրին` նշելով, որ այս հարցը լուծում մը պէտք է գտնէ: Այս կէտին շուրջ յստակօրէն երեւան եկաւ նաեւ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ որոշ տարակարծութեան մը գոյութիւնը, երբ Լաւրով պատերազմական գերիներ կոչեց ձերբակալեալներ, իսկ Պայրամով շեշտեց, որ Ազրպէյճանի մէջ լաւ պայմաններու մէջ արգելափակուած հայերը պատերազմական գերիներ չեն, այլ` յանցագործներ, որոնք պիտի դատուին:

Լաւրովի Պաքու այցելութեան ընթացքին կատարուած բանակցութիւններէն ետք յայտարարուած կեցուածքները եւ տեսակէտները ցոյց կու տան, որ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը չյաջողեցաւ Պաքուի մէջ համաձայնութեան եզրեր գտնել Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու վերաբացման հարցին շուրջ:

«Ռուսիոյ շահերը` ՀԱՊԿ եւ ԵՏՄ»

Ռուսիա ներկայիս մեծ աշխատանքի լծուած է, որպէսզի նախկին խորհրդային պետութիւնները առաւել համարկէ յետխորհրդային կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպիսիք են Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը:

Ազրպէյճան երկու կազմակերպութիւններուն ալ չէ անդամակցած, եւ ռուսերուն համար անոնցմէ Ազրպէյճանի հեռու մնալը բնաւ ձեռնտու չէ, յատկապէս` հարաւկովկասեան ռազմաքաղաքական եւ առեւտրատնտեսական իրավիճակներուն ամբողջական վերահսկողութեան տեսակէտէն: Իսկ թէ՛ ՀԱՊԿ-ի եւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան Ազրպէյճանի մասնակցութեան որոշման կայացումը կը կարօտի երկու կազմակերպութիւններուն բոլոր անդամ պետութիւններուն հաւանութեան եւ բոլորին միջեւ համախոհութեան: Այս իմաստով ալ էական է Հայաստանի վեթոյին չէզոքացումը, որ, ըստ ռուսերուն, կարելի պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստան- Ազրպէյճան թշնամանքը նուազի եւ յարաբերութիւնները որոշ բարելաւում արձանագրեն: Իսկ Մոսկուա համոզուած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան ուղիներու վերաբացումը Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու սերտացման ենթահող կրնայ ստեղծել:

«Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի նկատմամբ` ազրպէյճանական ախորժակներ»

Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքիի մարզերուն նկատմամբ ազրպէյճանական ախորժակները մնայուն վտանգ են: Անոնք մասամբ իրականութիւն դարձան, երբ Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի տարածքէն ազրպէյճանական ուժեր անցան Հայաստանի պետական սահմանը եւ երեք քիլոմեթր խորանալով` հասան մինչեւ Վերիշէն գիւղը: Խնդիրը այն է,որ եթէ GPS համակարգով Սեւ լիճին երեսուն առ հարիւրը Ազրպէյճանի եւ եօթանասուն առ հարիւրն ալ Հայաստանի կը պատկանի, ապա ազրպէյճանական ուժերը չորեքշաբթի, մայիս 12-ին անցան նոյնիսկ Սեւ լիճը` մեծ թիւով ուժ փոխադրելով: Ազրպէյճանական պատճառաբանութիւնը միշտ նոյնն է: Սահմանագծման եւ սահմաններու ճշդման աշխատանքներ, որոնք պէտք է կատարուին, որպէսզի այն կէտերը, ուր յստակ չէ, թէ սահմանը ուր է, պարզուի:

Ազրպէյճանցիք նման ոտնձգութիւն կատարեցին նաեւ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիսի շրջանին մէջ, ուր, ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, ազրպէյճանական ուժեր իրենց դիրքերը առաջ բերելով` շուրջ երեք քիլոմեթր թափանցած են պետական սահմանէն ներս` մինչեւ Վերին Շորժա գիւղ, ուր գիւղացիներուն արօտավայրերը եւ խոտածածկ դաշտերը կը գտնուին: Վերին Շորժա ամբողջութեամբ հայկական տարածք է:

Հայկական տարածքներ կուլ տալու ազրպէյճանական այս ախորժակները ցոյց կու տան Պաքուի իշխանութիւններուն մտադրութիւնը: Կացութենէն առաւելագոյն օգուտներ քաղել եւ սահմանագծման աշխատանքներու ետին թաքնուելով` քիչ-քիչ յառաջանալ եւ հաստատուիլ հայկական հողերու վրայ: Նման վտանգի դիմաց Երեւանի իշխանութիւնները գործի լծեցին արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանը, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անոր ներկայացուց արձանագրուած միջադէպին մանրամասնութիւնները: Լաւրով միայն մէկ օր առաջ Պաքուի մէջ ապարդիւն բանակցութիւններ ունեցած էր Ալիեւի եւ Պայրամովի հետ: Ազրպէյճանական այս ոտնձգութիւնները, ըստ երեւոյթին, պատգամ մըն են նաեւ Ռուսիոյ:

 

Նախորդը

Ո՞ւր Է Սահմանագիծը

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Կողմերուն Հետ Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?