Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՞ւր Է Սահմանագիծը

May 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Այսօր աւելորդ անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ ՀՀ իշխանութեան գերագոյն դիրքը զբաղեցնող անձնաւորութիւնը եւ իր վարչախումբը վերջնականօրէն սնանկացած են թէ՛որպէս կառավարութիւն եւ թէ՛որպէս քաղաքական ուժ եւ պէտք է անյապաղ դուրս գան հայ անկախ պետականութեան քաղաքական բեմէն:

Ազրպէյճանական զինուժը այս առաւօտ, խախտելով գոյութիւն ունեցող բոլոր պայմանագրերը, 3,5 քմ խորութեամբ (Սիւնիքի մէջ) յառաջացաւ հայկական գիծերէն ներս` առանց դոյզն դիմադրութեան:

Այս փաստը, երկար եւ ապակողմնորոշիչ ելոյթներէ ետք, ի վերջոյ հաստատեց նոյնինքն պր. Փաշինեան` միաժամանակ յայտարարելով, որ իր կառավարութիւնը դիւանագիտական միջոցառումներէ զատ` որեւէ այլ քայլի դիմելու մտադրութիւն չունի:

Ակնյայտօրէն կը գտնուինք թշնամիի նոր նախաձեռնութիւններու նախօրեակին: Զարմանալ պէտք չէ: Թշնամին չէ մեզ ապակողմնորոշողը: Մեզ ապակողմնորոշողը ՀՀ իշխանութիւնը առեւանգած իշխանաւորն է: Թշնամին յստակ է իր դիտաւորութիւններուն մէջ: Ան բացէ ի բաց յայտարարած է, թէ ի՛նչ կը ծրագրէ ընել Սիւնիքի կապակցութեամբ եւ պատրաստ է դիմելու պատերազմական գործողութիւններու:

Իսկ ՀՀ իշխանութիւնը ի սկզբանէ ինքզինք հռչակած է պարտուած: Ան նոյնիսկ «արժանի» չէ պատերազմող կողմ ըլլալու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ: Ան ինքզինքին զլացած է այդ արժանիքը, քանի որ ան զուրկ է արժանապատիւ պետականութեան արժէքային համակարգէն: Ինչպիսի՜ ահաւոր զրկա՛նք, որուն նշաւակ կը դառնայ մեր ազգը: Պատերազմող կողմը կը յառաջանայ մեր հողերէն ներս` առանց դոյզն պաշտպանողականի: Ի՜նչ պատերազմ, կ’ըսէ երեւի Ալիեւ` զարմանալով իր բախտին վրայ եւ այպանելով ինքզինք աւելին չպահանջելուն համար: Ասիկա այլեւս միակողմանի անձնատւութիւն է մեր երկրի թուլամորթ իշխանութեան կողմէ: Մեր երկիրը բլուր առ բլուր կը յանձնուի` առանց փամփուշտ մը իսկ կրակելու:

Հետեւելով պր. Փաշինեանի հրահանգին` ՀՀ արտաքին գործերու նախարար պր. Այվազեան դիմած է Մոսկուայի օգնութեան… ՌԴ արտաքին գործերու նախարար պր. Լաւրովէն ակնկալելով իր,  եւ մեր, փրկութիւնը: Հարցո՛ւմ. ինչո՞ւ Մոսկուա պիտի ուզէ կասեցնել ազրպէյճանական յարձակողականը: Արդեօք Երեւանի մանր քաղաքագէտները կը կարծեն, թէ թշնամին կը գործէ պարապութեան (vacuum) մէ՞ջ: Հո՞ս հասանք: Ի վիճակի չե՞ն կռահելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ այլուր (ԱՊՀ տիեզերքէն ներս) ամէն բան համադրուած է ի սկզբանէ, նոյնիսկ եթէ իրենք ընդգրկուած չեն տարածաշրջանի խաղին մէջ:

Յամենայն դէպս ՀՀ հանրութիւնը մեծ սխալ մը կը գործէ` այս հարցերուն պատասխանը ակնկալելով պր. Փաշինեանէն, որ առհասարակ հետաքրքրուած չի թուիր ըլլալ հայ անկախ պետականութեան ազգային գերագոյն շահերով: Ան հետաքրքրուած է` իր պատանդի գոյավիճակը վերարտադրելով եւ իր յանցաւոր համակարգը մշտնջենաւորելով:

Այսօր ՀՀ ընդդիմութիւնը հաւաքաբար անյետաձգելի պարտաւորութեան տակ կը գտնուի ընտրարշաւէն շատ անդին անցնելու եւ մէկ ընդհանուր հակաճգնաժամային քաղաքականութիւն որդեգրելու:

Քաղաքականութի՛ւն, որ յստակօրէն կը բանաձեւէ ընդդիմութեան հաւաքական դիրքորոշումը ՀՀ յետպատերազմեան կենսական յանձնառութիւններուն մասին:

Քաղաքականութի՛ւն, որ յստակ խօսք կ՛ըսէ, թէ ո՛րն է իր կողմէ կանխորոշուած ՀՀ եւ ԱՀ անվտանգային սահմանագիծը, անկախ այն բանէն, թէ ի՛նչ ըսուած է նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրին եւ անոր հետեւող այլ յայտնի կամ գաղտնի համաձայնութիւններուն մէջ: Քաղաքականութի՛ւն, որ տէր կը կանգնի հայ անկախ պետականութեան դատին: Տէր կը կանգնի ՀՀ քաղաքացիի դատին: Եւ վերջապէս` քաղաքականութի՛ւն, որ յստակօրէն կը գծէ մեր ճանապարհային քարտէզը ներկայ գահավիժումը կասեցնելու:

Անկեղծ պիտի ըլլանք եւ պիտի ընդունինք, որ «Հայաստան» դաշինքի ոգեւորող յայտարարութենէն ետք հանրութիւնը դրուած է հարցականի առջեւ: Կը ձեւաւորուին նոր բեւեռներ ընտրական դաշտէն ներս, «Հայաստան» դաշինքէն անկախ, մտնելու ընտրական դաշտէն ներս: Այսպիսի կոտորակումները միայն կ՛աւելցնեն Փաշինեանի խուսանաւելու կարելիութիւնները եւ միայն կը նուազեցնեն մեր միասնական ուժը` թշնամիի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու:

ԱՆԿԱԽ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐԷ` ԿԵՆՍԱԿԱ՛Ն Է, ՈՐ ԱՄԲՈՂՋ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՈՒԽՏԱԳԻՐ ՄԸ (PACT)` ԻՆՔԶԻՆՔ ԴՆԵԼՈՎ ԱՐՏԱՔԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ, ՅՍՏԱԿՕՐԷՆ ՃՇԴԵԼՈՎ ԻՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՇՈՒՇԻԻ, ՀԱԴՐՈՒԹԻ, ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ, ՔԱՇԱԹԱՂԻ, ՍԻՒՆԻՔԻ ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԼ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ:

Պարզ խօսքով, ընդդիմութիւնը պէտք է յստակացնէ իր կարմիր գիծերը` յանուն հայ անկախ պետականութեան: Առանց նմանօրինակ յստակ յանձնառութեան` կարելի չէ ակնկալել ՀՀ քաղաքացիական հասարակութեան եւ առհասարակ մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի միասնական ներդրումը յառաջիկայ օրերու մեր ազգային պայքարին մէջ:

Այսօր մենք համոզած ենք թշնամին, որ հայկական կողմը այլեւս չի գիտեր, թէ ուրկէ՛ կ՛անցնի կամ ո՛ւր կանգ կ՛առնէ իր հայրենիքի սահմանագիծը: Շնորհի՜ւ փաշինեանական իշխանութեան` մենք այլեւս կոսնցուցած կը թուինք հաւաքական գիտակցութիւնը մեր հայրենական ժառանգութեան (patrimoine): Այսպէս է, որ մենք կորսնցուցինք մեր երկիրը` վեց հարիւր տարի շարունակ ապրելով գերութեան մէջ: Արմենական, հնչակեան եւ ի վերջոյ դաշնակցական ռահվիրաներու յեղափոխական սերունդն էր, որ համարձակօրէն ետ շրջեց պատմութեան անիւը եւ տէր կանգնեցաւ հայոց հայրենիքի շօշափելի իրականութեան: Անոնք ճշդեցին սահմանագիծը: Անոնք վերականգնեցին մեր արժանապատուութիւնը: Այս ուշ ժամուն չէ, որ մեր ժողովուրդը թոյլ պիտի տայ, որ խումբ մը պոլշեւիկեան քլոններ վերստին մատնեն մեզ պատմութեան ամօթին: Այդ բանը տեղի պիտի չունենայ: Այդ բանը Փաշինեանն ու իր հետեւորդները պիտի չտեսնեն: Իրենք յետադիմականներն են, որոնք դուրս պիտի քշուին հայ ժողովուրդի պատմութեան բեմէն: Դո՛ւրս պիտի քշուին ամէն գնով:

12 մայիս 2021

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նոր Սահմաններ Կը Հատէ

Յաջորդը

Լաւրովի Այցելութիւններէն Մինչեւ Սիւնիքի Մարզ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.